«Այս դատը ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ է». Դաւիթ Իշխանեանի կոչը Պաքուի բանտէն

Պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը ատրպէյճանական բանտէն դիմած է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին (ՄԻՊ)՝ կոչ ընելով զբաղիլ այնտեղ պահուող հայ գերիներու խնդիրներով։

Իշխանեան իր բանաւոր դիմումին մէջ խնդրած է, որպէսզի Հայաստանի ՄԻՊ-ը միջնորդէ եւ ատրպէյճանական համապատասխան կառոյցներէն, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ գործընկերոջ միջոցաւ, ստանայ իրենց դէմ ներկայացուած մեղադրական յօդուածներու եւ դատավճիռներու ամբողջական բնագիրները՝ հայերէն եւ ատրպէյճաներէն տարբերակներով, եւ զանոնք փոխանցէ իր ընտանիքին ու հարազատներուն։

Ան նաեւ յայտնած է, թէ նախորդ վերջերս գրութիւն մը փոխանցած է Ատրպէյճանի ՄԻՊ-ին՝ նոյն խնդրանքով։ Իշխանեանի համաձայն, վերջինս խոստացած է փոխանցել ատրպէյճաներէն տարբերակը եւ փորձել միջնորդել հարցի լուծման համար։

Անդրադառնալով իր եւ միւս հայ գերիներու դէմ տեղի ունեցած կեղծ դատավարութեան՝ Իշխանեան ընդգծած է, թէ «այս դատը բացուած չէ միայն 15 անձի դէմ, այլ՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան դէմ՝ յստակ նպատակներով եւ հեռահար ռազմավարութեամբ»։

Ատրպէյճանի մէջ ներկայիս կը պահուին 19 հայ գերիներ։ Պաքուի զինուորական դատարանը փետրուար ամսուն ցմահ կամ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտած էր 16 հայ գերիներ, որոնց շարքին՝ նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ։