«Ձեր ԳԱՂԱՓԱՐԸ արեւէն ա՜լ աւելի մեծ է». Ճորճթաունի տղոց կտակած պատգամը
- (0)

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք 26 ապրիլին Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեանի արտասանած բանախօսութիւնը.
Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակին առթիւ, փափաքս է խօսքս կեդրոնացնել սփիւռքի, մասնաւորաբար՝ գանատահայութեան փորձառութեան վրայ, շեշտը դնելով՝ դաստիարակութիւնը որպէս գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան միջոց նիւթի վրայ:
Դպրոցի գրասենեակիս պատին կախուած է 1923 թուականին նկարահանուած խմբային պատկեր մը՝ ցեղասպանութենէն վերապրած այն 50 հայ առաջին որբերուն, որոնք Գանատայի Հայանպաստ Ընկերութեան ջանքերուն շնորհիւ, հաստատուեցան Օնթարիոյի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ, որոնց այսօր մենք բոլորս կը ճանչնանք որպէս Ճորճթաուն Պոյզ (տղաք):
Նկարը ինծի նուիրած էր Ճորճթաունի տղոցմէ մին, շատերուս ծանօթ՝ ընկեր Գուրգէն Մակարեանը: Այդ տղոցմէ միակն էր ընկեր Գուրգէնը, որուն ես անձամբ կը ճանչնայի: Բախտաւոր էի իրեն հետ մօտէն ծանօթանալու առիթը ունենալուս՝ ընտանեկան մեր հաւաքներուն եւ Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներուն ընդմէջէն: Ան, 3 տարեկանին, ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն վերապրած, 9 տարեկանին իր մօրմէն բաժնուած, արդէն կը հասնի Գանատա, 49 այլ հայ որբերու հետ, բոլորը պատկերուած այս նկարին մէջ: 1934-ին, Գարեգին Նժդեհ, Գանատայի հարաւային Օնթարիոյի Սենթ Քաթրինզ քաղաքին մէջ, երբ հիմնեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան առաջին մասնաճիւղը, ընկեր Գուրգէն եղաւ առաջին անդամներէն եւ կնքուեցաւ ցեղակրօն՝ Նժդեհի իսկ ձեռքով: Ընկեր Գուրգէն յետագային եղաւ ՀՅԴ Թորոնթոյի կոմիտէութեան հիմնադիրներէն մէկը:
Այս որբերը, թէեւ վերապրած, իրենց ճակատագիրը կրնանք համարել որպէս մահէն աւելի վատ: Անոնք ականատես եղան եւ ապրեցան անմարդկային չարչարանքներ, տեսան մահը իր ամենավայրագ կերպարով, բռնաբարութիւններ, ստրկութիւն եւ ստիպողական թրքացումի վայրագութիւնները, այս բոլորը՝ անմիջական մահէն աւելի վատ, որովհետեւ անոնց գալիք օրերուն միշտ ներկայ պիտի ըլլային այդ ահաւոր պատկերները. ահաւասիկ ճակատագիր մը՝ մահէն աւելի վատ:
Ճորճթաունի որբանոց-ագարակատունը, թէեւ հաստատուած օտարութեան մէջ, եւ Գանատա բերելու ծրագրին նպատակը զիրենք գանատական կեանքին մէջ ձուլելը ըլլալով հանդերձ, այնտեղ փրկուած որբերով կազմուեցաւ Գանատայի առաջին հայ վարժարանը՝ իրենց հոգատար, բարերար եւ առաջին հայ ուսուցիչին՝ Արիս Ալեքսանեանի շնորհիւ, որուն ուսերուն էր որբերուն առողջ եւ հայ պահելու ծանր պարտականութիւնը:
Պատկերացուցէ՛ք: 1920 թուականին Գանատական կառավարութիւնը օրէնք անցուցած էր, որ Գանատայի բնիկ բոլոր փոքրիկները, 7-15 տարեկան, պարտադրաբար պէտք էր յաճախէին Residential School-ներ, որոնց նպատակն էր բռնի եւ վայրագ կերպով ձուլել զիրենք, մինչ հայ բարերարներ եւ տղոց հոգատար ու հսկող՝ Արիս Ալեքսանեան եւ Լեւոն Պապայեան, կրցան ապահովել Ճորճթաունի որբերուն հայեցի դաստիարակութիւնը, որուն շնորհիւ տղաքը ոչ միայն սորվեցան հայերէն, այլ նաեւ անոնք 1926-1929 թուականներուն հրատարակեցին Գանատայի առաջին երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն ամսաթերթը՝ «Արարատ»-ը, որուն էջերէն մենք կը կարդանք, թէ ինչպէ՛ս տղաքը կը տօնէին ազգային եւ կրօնական տօներ, օրինակ՝ Սուրբ Վարդանանց եւ Հայաստանի անկախութիւնը, եւ կ’ոգեկոչէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Տղաքը յաճախ իրենց ծննդավայրն ալ իրենց ստորագրութեան հետ կը յիշէին յօդուածներու վերջաւորութեան՝ յիշատակութեան եւ պահանջատիրութեան որպէս միջոց:
Կ’ուզեմ մէջբերել երկու խօսք, հրատարակուած Ապրիլ 1926-ին, ճիշդ մէկ դար առաջ, առնուած «Արարատ» ամսաթերթի Հայոց Ցեղասպանութեան 11-ամեակին նուիրուած թիւէն, գրուած ցեղասպանութենէն վերապրած 13 տարեկան Ճորճթաունի որբերու կողմէ, իսկ երկրորդը՝ արտասանուած Արիս Ալեքսանեանի կողմէ ագարակատան մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման ձեռնարկին ժամանակ:
«Այսօր, Մեծ Եղեռնի տասնմէկամեայ տարեդարձին առթիւ, կու գամ խոնարհելու ձեր սուրբ յիշատակին առջեւ, ո՜վ դիւցազն նահատակներն իմ պաշտելի ցեղիս: Դուք մարտնչեցաք բռնութեան դէմ: Ձեր հանճարով եւ ձեր բազուկներով հրաւէր կարդացիք բիրտ ուժին, անտեսեցիք մահուան արհաւիրքը, պատնէշին վրայ մնացիք մինչեւ վերջ եւ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ նուիրական սեղանին առջեւ ձեր գերագոյն ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆ ըրիք, որպէսզի ձեր մահով ԳԱՂԱՓԱՐԸ յաղթանակէ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իշխէ եւ ցեղին ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ յաւերժանայ: Այսօր ձեր անթաղ ոսկորներուն վրայ, թէեւ արեւը կը ծիծաղի, լուսինը կը քրքջայ, եւ աստղերը պոռնկօրէն կը պարեն, եւ սակայն անոնք կը նսեմանան ձեր առջեւ, որովհետեւ ձեր ԳԱՂԱՓԱՐԸ արեւէն ա՜լ աւելի մեծ է, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ է, եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ է: Ան մարմին առած է այժմ Արարատի նուիրական քղանցքին վրայ, այսօր ՄԱՆՈՒԿ թէեւ, բայց վաղը ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ եւ հուժկու: Հանգիստ ձեզի, ո՜վ անձնուրաց նահատակներն իմ մարտիրոս ցեղին: Երկնային երանութեան մէջ հանգչեցէ՛ք այլեւս, որովհետեւ ես, իմ եղբայրս որբ, եւ իմ քոյրս հալածուած, Մեծ Բագինը կը շինենք, ուր Արդարութեան եւ վրէժի անմահ սեղանին առջեւ ողջակէզներ պիտի բերենք անհամար: Ու անգա՛մ մըն ալ, անգա՛մ մըն ալ, թոյլ պիտի չտանք, որ ագռաւները սաւառնին, անգղերը թեւաթափեն, եւ թշնամիները թքնեն հսկայ Մասիսի կնճռոտ ճակտին վրայ»:
Իսկ Արիս Ալեքսանեանի խօսքը.
«Հայը չպիտի մեռնի, եւ Հայաստանը պիտի յաւերժանայ, քանի հայորդին գիտէ յարգել յիշատակը մեր սուրբ նահատակներուն, որոնք ինկան ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ճամբուն վրայ: Դուք՝ այսօրուան որբերդ, պիտի ըլլաք վաղուան ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ տէրերը, պատրաստուեցէ՛ք արժանաւոր զաւակներն ըլլալու ձեր նահատակ հայրերուն, արժանաւորապէս ձեր մայր երկիրը կառավարելու համար»:
Հետաքրքրականօրէն, այս երկու գրութիւններուն կամ խօսքերուն մէջ հետեւեալ բառերը գրուած են լռիւ գլխագիր, որպէս հրամայական՝ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Ամէն օր կը մտնեմ գրասենեակս, կը նայիմ պատէն կախուած նկարին, աչքերս կը յառին այս 50 հերոսներու 9-12 տարեկան դէմքերուն, իրենց տառապանքը, ցաւերը եւ արդարութեան ծարաւը ցոլացող աչքերուն, կը գտնեմ ընկեր Գուրգէնը եւ օրս կը սկսի՝ լսելով որբերուն անկոտրուն հաւատքով եւ մեծ յոյսերով հրամայականը:
Չկայ, սիրելի հայրենակիցներ, չկայ որեւէ ուրիշ աւելի ներշնչիչ, աւելի ոգեւորիչ, աւելի յուսադրիչ, խրախուսիչ եւ աւելի ճշմարիտ պատգամ կամ ներուժ, քան մեր նահատակ եւ վերապրող սերունդի կենցաղն ու գաղափարախօսութիւնը:
Աշխարհի սուտ եւ մահացու բոլոր պարտադրանքերը կամ քարոզները, ներառեալ մեր հայրենիքի ղեկին բազմած թշնամին, չունին ըսելիք, թէ մենք ի՛նչ յոյսերով ու բաղձանքներով եւ ի՛նչ դաստիարակութեամբ պիտի հասակ տանք մեր սերունդներուն սփիւռքեան ափերուն:
Երբ Ճորճթաունի որբերուն Գանատական կառավարութիւնը ուզեց նոր անուններ տալ եւ ձուլել, բոլոր տղաքը միաբերան, իրենց տէր եղող հայ բարերարներուն եւ դաստիարակներուն հետ միասին, մերժեցին, եւ այն օրէն Օնթարիոյի այս հեռաւոր ափին արդէն վառեցաւ հայապահպանութեան կրակը:
Ո՞վ գիտէր 1923-ին, որ 9 տարեկան ընկեր Գուրգէն Մակարեանը, զինուած հայրենաճանաչ դաստիարակութեամբ, յետագային պիտի ղեկը ստանձնէր այն կոմիտէութեան, որուն անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ 1979-ին պիտի հիմնուէր ամէնօրեայ վարժարան՝ իր իսկ հասակ առած Օնթարիո նահանգին մէջ: Վարժարան մը, որ ժառանգեց Ճորճթաունի որբերու ոգին՝ կառչելով ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ իր ժողովուրդի ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ի շահ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ եւ ծառայութիւն դաստիարակելու՝ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ եւ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ:
Ցեղասպանութեան վէրքերը տակաւին չսպիացած, վերապրող սերունդը հիմա հայրենիքէն հեռու, ապաւինելով լոկ ուրոյն ուժերու, վայրկեան մ’իսկ չխնայեց եւ ինքզինք հաւաքելով ահաւասիկ արդէն կը պատրաստուէր ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ:
Ահաւասի՛կ հայուն վերապրելու անկոտրուն կամքը, որ անմիջականօրէն կապուած է այս գաղութին, Ճորճթաունի Որբերը ունենալով որպէս օրինակ եւ միջնորդ:
Նեմեսիս գործողութեան կազմակերպողներէն Շահան Նաթալիի խօսքը՝ «Առանց հայրենիքի ազգ չի կրնար ըլլալ, եւ առանց ազգի հայրենիք չկայ», կը շեշտէ կարեւորութիւնը թէ՛ ազգին եւ թէ՛ հայրենիքին, որպէս համահաւասար մասնիկներ ժողովուրդի մը գոյատեւման: Բաւարար չէ, որ անձ մը սորվի հայերէն խօսիլ, կարդալ եւ գրել, պէտք է հայը հայրենաճանաչ եւ ապա հայրենասէր ըլլայ ամէնուրեք՝ թէ՛ հայրենիքէն ներս եւ թէ՛ դուրս:
Սփիւռքի մեր կառոյցները, որպէս անխորտակ Մասիս սար՝ եկեղեցի, դպրոց, կեդրոն, մարմնամարզական, մշակութային, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ, մեծ դերակատարութիւն ունին սորվեցնելու, գործածելու եւ ծաղկեցնելու մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը: Այս հուժկու լերան գագաթին բազմած են եւ ամենակարեւոր դերը կը կատարեն հայաշունչ բոյները՝ մեր ընտանիքները: Եթէ հայ ծնողը հայկական վարժարան չուղարկէ իր զաւակը, եթէ անոր չի խրախուսեր, որ մասնակցի մեր եկեղեցական եւ կեդրոնէն ներս կազմակերպուած եռանդուն կեանքին եւ ամենակարեւորը՝ եթէ չի քաջալերեր զանոնք, բոլոր այս կենսական աղբիւրներէն ստացածներուն տան մէջ արժէք տալով եւ ընտանեկան կեանքի հիմնական բաժինը դարձնելով, հետզհետէ կը փլուզուի մեր նախահայրերուն բարձրացուցած Մասիսանման այս լեռը, զոր մենք կը կոչենք թորոնթոհայ գաղութ:
Այսօր որբ չենք, ծնողներուն դերը կարեւոր է այլասերման դէմ պայքարելու: Սխալ է այլասերման մեղքը դնել պատանիին կամ երիտասարդին վրայ. ան կ’ընէ ինչ որ կը սորվի իր միջավայրէն, եւ ամենամեծ ազդեցութիւն ունեցողը անոնց վրայ իր իսկ ծնողն է՝ անոնց պարգեւած առիթներով, տան մէջ հաստատած առաջնահերթութիւններով, անոնց կատարած զոհողութիւններով եւ ստեղծած միջավայրով:
ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը 1979-էն ի վեր հիմնական դերակատարութիւն ունի ձեւաւորելու ամէն նոր սերունդի՝ իր ինքնութեան հանդէպ ունեցած սէրը եւ գաղափարական մօտեցումը: Վարժարանին գոյութեան առաջին 12 տարիներուն ընթացքին անկախ հայրենիք չունէինք, ունէինք Սովետական Հայաստան: Ասով հանդերձ, մենք սորվեցանք, որ քրիստոնէութիւնն է մեր հաւատքը, եռագոյնն է մեր դրօշը եւ «Մեր Հայրենիքն» է մեր օրհներգը, մերն է Միացեալ Հայաստանը, Հայաստանը մեր հայրենիքն է հակառակ անոր, թէ ո՛վ կ’իշխէ հոն, պիտի սիրենք զայն եւ պիտի ծառայենք մեր ժողովուրդին անխտիր: Մեր վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պարոն Մարգարի առաջնորդութեամբ, մեր առաջին երկու շրջանաւարտ դասարանները այցելեցին Սովետական Հայաստան՝ այն օրերուն դժուար ճամբորդութիւն, բայց հայրենաճանաչութեան ի շահ մեծ քայլ: Մեր վարժարանը իր բոլոր ջանքերով հասաւ 1988-ի երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնութեան եւ Արցախի ազատագրական պայքարի աջակցութեան: Այս սկզբունքներուն յենած՝ այսօր անշեղօրէն կը շարունակենք նոյն ճամբով:
2008-էն ի վեր, մեր վարժարանը վերսկսաւ հերթական Հայաստանի ճամբորդութիւնները. մեր 11-րդ դասարանի աշակերտներն այնտեղ են այս պահուն: 2013-էն մինչեւ 2020 այցելեցինք անկախ Արցախ: Ես անձամբ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ վկայելու մեր աշակերտներուն ապրումները հայրենիքէն ներս:
Հաւատացէ՛ք, որ չկայ աւելի ներշնչիչ, հրճուելի եւ տպաւորիչ երեւոյթ: Մեր դիմաց կը տեսնենք տասնամեակէ աւելի հայեցի դաստիարակութեան արդիւնքները եւ մարդկային ամէնէն անկեղծ արտայայտութիւնները. տեսնել, թէ ի՜նչ լայն ժպիտով կը դիմաւորեն Արարատը եւ ի՜նչ զայրոյթով անոր պատած փշաթելերը, որքան հպարտ՝ ձեռքերն ամուր բռնած կը պարեն մեր ազգի պարերը, իրենց վրէժխնդրութեան խոստումները կը կատարեն Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին, որքա՜ն խոր հաւատքով կ’աղօթեն մեր վանքերէն ներս եւ արտասուքներ կը հոսին իրենց աչքերէն Եռաբլուրի մեծ մեռելներուն գիրկը նստած:
Մեր աշակերտները կը վերադառնան եւս հասկնալով, որ բարքերը պահելու համար է, որ պէտք է զոհուին, եւ որ բարքերն են, որ պէտք է վերականգնեցնեն:
Մեր շրջանաւարտներէն անոնք, որոնք բախտաւորութիւնը ունեցան տեսնելու Արցախը, ներկայ դաւաճան ղեկավարութեան ձեռքով յանձնելէն առաջ, մնացին որպէս այդ դրախտավայրի վկաները, որոնք կը շարունակեն պատմել Արցախի հրաշքներուն մասին, իրենց առած պատկերները պահած որպէս յիշատակ եւ պատմական փաստ, նման մեր նախահայրերուն, երբ կը պատմէին մեզի Արեւմտահայաստանի հրաշքներուն եւ անոր բնիկ ժողովուրդի ապրումներուն մասին:
Վերադառնամ 1934 Սենթ Գաթրինզ. Գարեգին Նժդեհ, կանգնած ընկեր Գուրգէնի եւ խումբ մը ցեղակրօնի երդում տուող երիտասարդներու դիմաց: Վստահ եմ, որ ան իր բոցավառ խօսքերով բացատրեց իրենց, թէ ինչո՛ւ ստեղծեց Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան Ցեղակրօն Ուխտը եւ ի՞նչ վտանգէ փրկելու համար մեր գալիք սերունդները:
Կը մէջբերեմ Նժդեհի խօսքը այս առնչութեամբ.
«Գիտական հոգեբանութիւնը վաղուց է ապացուցել, որ աղէտներ տեսած եւ մեծ արհաւիրքների, ցնցումների ենթարկուած ժողովուրդները, յատկապէս փոքր ժողովուրդները, սկսում են տառապել հոգեկան ետընթացով, որն արտայայտւում է պարտուողականութեան տարբեր դրսեւորումների ձեւով: Աղէտի ենթարկուածը, հոգեպէս խիստ ուժասպառուելով, ամէն ինչ կորած է համարում. լքում է իր պատմական առաքելութիւնը, կրաւորաբար եւ հնազանդօրէն համակերպւում իր վզին փաթաթուած քաղաքական ճակատագրին: Նախ եւ առաջ նրան պատում է թերարժէքութեան տանջալից զգացումը, որի պատճառով դառնում է քաղաքական յոռետես, մշակոյթի տեսակէտից՝ անստեղծագործ: Հոգեպէս նա դառնում է անիշխան, ժխտելով ամէն մի արժէք, հեղինակութիւն, իշխանութիւն, դառնում է զզուելի անձնապաշտ, փոքրոգի ու խորթ հասարակութեանը եւ սկսում հետապնդել սոսկ մէկ առօրեական նպատակ՝ իր սեփական հացն ու հանգիստը: Որպէս «ուրացող»՝ նա լքում է իր դիրքերը ողջ ճակատով: Իր գոյութեան պայքարը նա արտաքին ճակատից տեղափոխում է իր ներաշխարհը, որի հետեւանքով աւելի է «կոտրւում», ուժասպառւում: Այսպիսով նա մոռացութեան է մատնում իրեն սպառնացող արտաքին վտանգը՝ թշնամուն»:
Կարծէք թէ այսօր գրուած են այս խօսքերը, մեր ապրած ներկայ պայմաններուն մասին: Ահա թէ ինչպէ՛ս ընկեր Գուրգէնին սերունդը, մեր վերապրող հերոսները, լսելով նման խօսքեր, հեռացան պարտուողական հոգեբանութենէն եւ եսասիրութեան տանող հանգստաւէտ ճանապարհներէն եւ ի շահ մեր հաւաքական ապագային՝ ընտրեցին անձնազոհ, դժուար եւ ցեղի յաւիտենականացման փշոտ ճանապարհը:
Խօսքիս սկիզբը, վերապրող պատանի գրողը անդրադարձաւ Սուրբ Նահատակներուն ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ՝ ըսելով. «Ձեր ԳԱՂԱՓԱՐԸ արեւէն ա՜լ աւելի մեծ է, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ է, եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ է»:
2003-ին ընկեր Գուրգէն Մակարեանը փակեց իր աչքերը յաւիտեան, բայց իր եւ իր նմաններուն կտակած ԳԱՂԱՓԱՐԸ կը շարունակէ ապրիլ մեր մէջ անփոփոխ: Ժամանակները կը փոխուին, իշխանութիւնները կու գան եւ կ’երթան, Նժդեհի մատնանշած «ուրացող»ները այլանդակ, կլիմային նման կը մնան խաբկանքի մէջ եւ փոփոխամիտ: Գաղափարը կը մնայ անխորտակ եւ սուրբ: Անոր հետեւորդները՝ փշոտ ճանապարհն ընտրելով, անկոտրուն հաւատքով կը ծառայեն, ի շահ գալիք սերունդներուն, այս կեդրոնին 211 Consumers Road-ի նոր շէնքի ձեռքբերումը վկայ, որուն առիթով թող թորոնթոհայ գաղութը ապրի նոր վերելք, թող մեր ընտանիքներուն մէջ բացուին հայապահպանման բորբոքիչ նոր կրակներ, թող մեր կազմակերպութիւնները ապրին նոր զարթօնք, եւ թող հոգեփոխէ բոլոր անոնց, որոնք սփիւռքը կը ջանան պիտակաւորել յոռետես ճակատագրով: Պէտք է պահել ԱԶԳ, որովհետեւ առանց ազգի չկայ հայրենիք:
Այս բոլորը կարելի է եւ աւելին, եթէ, լոկ եթէ, այս նկարէն ձեզի նայող հերոս վերապրող որբերուն հրամայականը լսելով՝ բոլորս կառչինք Սուրբ Նահատակներու «արեւէն ա՜լ աւելի մեծ, լուսինէն ա՜լ աւելի վսեմ, եւ աստղերէն ա՜լ աւելի հսկայ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ»:
ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
Մեր դատը արդար դատ է, մեր պահանջածները մեր եւ մեր Սուրբ Նահատակներուն իրաւունքներն են։ Լոկ 11 տարի առաջ էր, երբ ողջ հայութիւնը համախմբուած, որպէս մէկ բռունցք ամէնուրեք, իր շուրջ հաւաքած աշխարհի պետութիւնները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, կը յիշէր, կը պահանջէր եւ հզօր համարձակութեամբ տէր դարձած էր իր դատին։ Ներկայիս կատարուած դաւաճանութեան պատճառաւ, աշխարհին դիմաց ամէն օր առաւել եւս կը խայտառակուինք, եւս կը նսեմանանք, տեղի տալով մեր քաղաքական ձեռքբերումներու ետքայլին, ինչպէս Ամերիկայի նախագահ Թրամփի՝ Ցեղասպանութեան հանդէպ ունեցած ներկայ անընդունելի կեցուածքը:
Մինչ Ազերիները կը քանդեն մեր եկեղեցիները, վերջինը՝ Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Հովանու մայր տաճարը, դաւաճան Փաշինեանը Ցեղասպանութեան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ կը ջանայ համոզել հայուն, որ եթէ լքէ այն պահանջատիրութիւնը, զոր մենք դարձուցած էինք համազգային լոզունգ եւ խոստում, ան կ’ունենայ սուտ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում եւ, աւելի վարկաբեկիչ, կը վերջացնէ խօսքը ըսելով հետեւեալը. «Ժողովուրդն ու նրա ընտրած կառավարող թիմը, բաց չենք թողնի այս հնարաւորութիւնը յանուն մեր նահատակների եւ յանուն մեր սերունդների»:
Յանուն մեր Սուրբ Նահատակներո՞ւն։ Ի՞նչ իրաւունքով։ Փաշինեան, քուէներու համար, հիմա կը ջանայ խեղաթիւրել մեր Սուրբ Նահատակներու կանչը եւ շահագործել իրենց յիշատակը։
Մեր Սուրբ Նահատակներն ու վերապրողները՝ Մուսա Տաղի, Ուրֆայի եւ Վանի հերոսամարտերու հերոսներն էին, Մայիսեան ճակատամարտերու հուժկու բազուկներն ու խաւարը խոցող անկախութեան արեւն էին, Սեւրի դաշնագրի պահանջատէրերն էին եւ Նեմեսիսի արդարահատոյց ահաբեկիչները։
Այն նահատակները, յանուն որոնց Փաշինեան կը փորձէ ծախել իր դաւաճան եւ ստոր կարծիքները, մեր Սփիւռքի հիմնադիրներն էին, որոնք անապատի կրակէն բարձրացած՝ իրենց մէջ մնացած ամէն հիւլէ տուին եւ դարձան ողնասիւները մեր գաղութներուն՝ սերմանելով մեր մէջ իրենց փափաքը, որ շարունակենք յանուն արդարութեան մեր պայքարը, անողոք պահանջատիրութեամբ, իրենց անունով ճշմարիտ, փայլուն եւ պատուաբեր ապագայ հիմնելու:
Կը մերժենք մենք քաղաքական թուլամորթութիւնը, զինաթափութիւնը, անտէրութիւնը եւ արդար իրաւունքներու ուրացումը եւ ապա՝ թուրքին երազը իրականացնելու Փաշինեան կոչեցեալի դաւադրութիւնները:
Սփիւռքի պատասխանը, նամանաւանդ՝ գանատահայութեանը, պէտք է ըլլայ միաբերան, Ճորճթաունի որբերու այս պատկերի ներքոյ, ձեզի դիտող որբերու կողմէ «Արարատ» ամսաթերթին մէջ գրուած խմբագրականի խօսքերը՝
«Ես, իմ եղբայրս որբ, եւ իմ քոյրս հալածուած, Մեծ Բագինը կը շինենք, ուր Արդարութեան եւ վրէժի անմահ սեղանին առջեւ ողջակէզներ պիտի բերենք անհամար: Ու անգա՛մ մըն ալ, անգա՛մ մըն ալ, թոյլ պիտի չտանք, որ ագռաւները սաւառնին, անգղերը թեւաթափեն, եւ թշնամիները թքնեն հսկայ Մասիսի կնճռոտ ճակտին վրայ»:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, յանուն մեր իրաւունքներու, ի շահ մեր գոյատեւման, որպէսզի պատիւով եւ բարձր արժանապատուութեամբ ապրի հայը այսօր եւ վաղը, փարատեցէ՛ք դաւադիրներու սուտերը եւ մեր շրջապատի պարտադրած այլասերումները, որպէսզի արդարութիւնը գերիշխէ, թուրք թշնամին պատժուի, եւ հայ ժողովուրդը ստանայ արդար հատուցում, ու ապա հաստատենք իսկական եւ տեւական խաղաղութիւն:
Միասնաբար դաստիարակենք մեր զաւակները՝ Դպրոց, Եկեղեցի, Կեդրոն եւ Ընտանիք՝ ձեռք ձեռքի եւ միաբերան: Դաստիարակութիւն, որ պէտք է հիմնուի միայն ու միայն մեր ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն վրայ: Ընտանիքներէն ներս՝ պահանջատիրութիւն, հայախօսութիւն, հայրենասիրութիւն, կամաւորութիւն եւ հաւատք քարոզեցէ՛ք, Ճորճթաունի հերոսներուն վճռակամութեամբ:
Սփիւռքի մէջ այսպէս է, որ մէկ դարէ աւելի՝ ինքնավստահ եւ ինքնաճանաչ հասակ առաւ հայ երիտասարդը եւ արձանագրեց թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային պատուաւոր յաղթանակներ: Լոկ այսպէս է, որ նոյնը եւ աւելին պիտի կատարուի այսօր եւ վաղը մեր զաւակներուն համար՝ մեր ձեռքերով ծաղկող Սփիւռքի եւ մեր պահանջած Միացեալ Հայաստանի մէջ՝ կառչելով Ճորճթաունի հրամայականին՝
ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՄԱՆՈՒԿ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ, ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ: