Ըստ վերջին տուեալներուն՝ ընդդիմադիր ուժերու ընդհանուր ցուցանիշը կը գերազանցէ իշխանական ուժի քուէները

Ըստ «GALLUP» International-ի հրապարակած վերջին հարցախոյզի արդիւնքներուն, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենային յաջորդ կիրակի, հարցադրեալներուն 26,7 առ հարիւրը կը քուէարկէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 14,1 առ հարիւրը՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ին, 8,2 առ հարիւրը՝ «Հայաստան» դաշինքին, իսկ 7,9 առ հարիւրը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին։

Նոյն տուեալներով, «Միասնութեան Թեւեր»-ը կը ստանար 4,2 առ հարիւր, «Դեմոկրատիա-Օրէնք Կարգապահութիւն (ԴՕԿ)» կուսակցութիւնը՝ 3,1 առ հարիւր, «Լուսաւոր Հայաստան»-ը՝ 2,7 առ հարիւր, «Հայաստանի Շնորհապետական» կուսակցութիւնը՝ 2,3 առ հարիւր, «Նոր Ուժ» կուսակցութիւնը՝ 1,9 առ հարիւր, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 1,7 առ հարիւր։

Հարցադրեալներուն 8,3 առ հարիւրը հրաժարած է պատասխանել, 8 առ հարիւրը նշած է, թէ դժուարացած է կողմնորոշուիլ։ Միեւնոյն ժամանակ, 5,7 առ հարիւրը յայտնած է, որ ընդհանրապէս մտադիր չէ քուէարկել, իսկ 1,3 առ հարիւրը կը մտադրէ փճացնել քուէաթերթիկը։

Տուեալները կը ներկայացնեն բացառապէս «GALLUP» International-ի հարցախոյզի արդիւնքները