Հայ-թուրք խզուած յարաբերութիւններու Հետքերով. Ճասմին Իհրաճ Կը Զրուցէ Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեանի Հետ
Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրի նախաձեռնութեամբ հանդիպում զրոյց մը տեղի ունեցաւ Ճասմին Իհրաճի եւ Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեանի հետ, որուն ընթացքին խօսեցան պարարուեստի բնագաւառէն ներս իրենց փորձառութիւններուն մասին եւ զրուցեցին իրենց արուեստին եւ հայ-թուրք խզուած յարաբերութիւններուն մասին։ Ճասմին Իհրաճ կ՚աշխատի Պերլինի մէջ որպէս պարային բեմադրիչ եւ պարուհի։ Ընկերաբանութիւն ուսանելէ ետք (Diplom, Freie Universität Berlin), ան ուսանած է «Contemporary Dance, Context and Choreography» (Hochschulübergreifendes Zentrum Tanz (HZT Berlin, University of the Arts)։ 2012-2014 աշխատած է որպէս գիտաշխատող DFG-ի կողմէ հովանաւորուած «Media and Constitutive Systems: Archiving Performance-based Art» ծրագիրին համար (HMT Leipzig/HZT Berlin)։ Իր մենակատարի եւ խմբային կատարումները ցուցադրուած են Volksbühne Berlin (Trois Voies), Ballhaus Naunynstraße (Mj’a sin-Verflechtungen), Bethanien Berlin (iz-le) եւ Palais de Tokyo, Paris (On Speeches)։ Իհրաճ ներկայիս Իզապէլ Սըշատի «Collective Jumps» պարային բեմադրութեան մէջ պարուհի է, միեւնոյն ժամանակ ան նոր պարային բեմադրութեան մը վրայ կ՚աշխատի, որ 2016 թուականի աւարտին պիտի բեմադրուի Պերլինի HAU, Hebbel Theater-ին մէջ։
Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեանը Լոնտոնի մէջ ճանչցուած պարուհի, պարային բեմակատար եւ կատարողական արուեստագէտ է, որուն իւրայատուկ կատարումներն ու մեկնաբանութիւնը հայկական պարի հոգեւոր եւ հզօր ոգին կ՚արտացոլեն։ Չիլինկիրեան իր պարը կը վերածէ մարդկային հոգիի բարդ «պատմութիւններու», օրինակ՝ իր «Spirit and Passion» եւ «1001 Journeys» գործերը եւ շատ մը ուրիշ այլ համագործակցութիւններ։ Սոյն ձեռնարկին զրուցավարն էր Ատհամ Սմարթ, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, մայիս 17, 2016-ին։
2013-ին Ճասմին «iz-le» անունով մենապար մը բեմադրած է, որուն անուանումը բաղկացած է թրքերէն երկու բառերէ՝ «iz» (հետք), որ կ՚ակնարկէ բեմադրութեան պատմական բնոյթին, քանի որ ան կը ներկայացնէ Ճասմինի տուայտանքը եւ ունեցած կասկածները իր ընտանիքին մէջ ի՛ր իսկ հետքերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ «izle» (դիտել/հետեւիլ) բառէն, որ կ՚ակնարկէ հանդիսատեսին, որ վերէն կը դիտէ բեմադրութիւնը։ Այս կտորը մեծապէս ազդուած էր Ճասմինի 2011-ի ճամբորդութիւններէն դէպի Թուրքիա, եւ յատկապէս դէպի մեծ հօր գիւղը՝ Քիսքէ, որ կը գտնուի Կեսարիոյ մօտերը։ Ճասմին գիտէր որ իր մեծ հայրը հայ արմատներ ունէր, բայց որդեգրուած էր թուրք ընտանիքի մը կողմէ. ա՛յս է որ զինք մղեց աւելին գիտնալ իր մեծ հօր ապրած կեանքին մասին, եւ յատկապէս այն հարցին՝ թէ իր մեծ հայրը ինքնութեան ինչպիսի՞ խնդիրներ ունեցած է։ Ճասմին պէտք զգացած է այս ճամբորդութիւնները նաեւ նկարահանել որպէսզի փաստագրէ իր ճամբորդութեան ընթացքին ծանօթացած մարդոց կեանքը, որպէսզի փաստագրած ըլլայ իր մեծ հօր ապրած հաւանական կեանքը։
Ճասմին ապա այցելած է հայկական սփիւռքի տարբեր համայնքներ՝ յատկապէս Լիբանան, ուր ան ներշնչուելով որոշած է աւելի մօտէն ծանօթանալ հայկական մշակոյթին եւ սորվիլ հայկական ժողովրդական պարեր։ Այսպիսով ան ծանօթացած է Շաքէ Մէյճըր Չիլինկիրեանին եւ մասնակցած անոր հայկական ժողովրդական պարերու եռօրեայ աշխատանոցին։ Ասիկա առիթ հանդիսացաւ որ անոնք խօսին նաեւ հայկական սփիւռքի փորձառութիւններուն մասին։ Ճասմին նաեւ հետաքրքրուած էր գիտնալու թէ ինպէ՞ս սփիւռքի մէջ հայկական համայնքներու համար պարը վերապրելու միջոց եղած է, տրուած ըլլալով որ անոնք կտրուած են իրենց հողէն։ Այն ժողովրդական պարերը որոնք Ճասմին սորվեցաւ Շաքէէն իրենց տեղը գտան անոր «iz-le» գործին մէջ, որ «ժամանակակից» գործ մը կրնայ սեպուիլ։ Ան այս գործը որպէս «ծէս» կը նկարագրէ, որուն ընդմէջէն պարի շարժումներու միջոցով կ՚արտայայտէ իր ինքնութեան պայքարը։
Ճասմին ապա ներկաներուն ցոյց տուաւ իր պատրաստած 10 վայրկեան տեւողութեամբ կարճ շարժանկարը, որուն մէջ կային դէպի Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին Կեսարիոյ մէջ տեղացիներու հետ կատարած հարցազրոյցները, ուր անոնք կը պատմեն քաղաքին հայերուն եւ անոնց բռնի աքսորին մասին։ Ներկաները ապա դիտեցին «iz-le» գործէն հատուածներ։
Շաքէն ապա Ճասմինին հարցումներ ուղղեց իր «iz-le» գործին մասին. ի՞նչ կը փորձէր ան հանդիսատեսին հաղորդել եւ ի՞նչ կ՚ուզէր որ հանդիսատեսը տեսնէ։ Ճասմին պատասխանեց ըսելով որ կատարողին եւ հանդիսատեսին միջեւ եղած տարածութիւնը կարեւոր էր. հանդիսատեսը կը փորձէ Ճասմինի կատարումին ընդմէջէն անոր «հետքերը» գտնել, բայց այս ամէնը հանդիսատեսին կողմէ ենթադրութեան փորձ մըն է։ Ասոր համար շատ կարեւոր է բաւականաչափ տարածութիւն ձգել հանդիսատեսին, որպէսզի ան կարենայ կատարողին պատմութիւնը ամէնէն յստակ ձեւով տեսնել։
Շաքէ խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ թուրք ուսանողներու հայկական պար սորվեցնելու իր փորձառութեան մասին։ Յուզիչ էր տեսնել թէ ի՞նչ դիւրութեամբ այս ուսանողները կրցան հայկական պարի շարժումները իւրացնել։ Այս տեսնելով, Շաքէ յանգեցաւ այն եզրակացութեան թէ այն հողը որուն վրայ այս պարերը ստեղծուած եւ կատարուած են, շատ կարեւոր դեր կը խաղայ այդ տարածքէն եկածներուն կիսած մշակութային փորձառութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ մեծապէս կ՚ազդէ անկէ բխած աւանդութիւններուն վրայ։ Հակառակ որ Ճասմին այդ հողերուն վրայ երբեք չէ ապրած, ան այդ մշակոյթին հետ կապը զգացած է հեռուէն, եւ ա՛յս էր իր կապը հայկական պարին հետ եւ հոսկէ՛ արթնցած է իր փափաքը զայն ներգրաւելու իր « iz-le» բեմադրութեան մէջ։