Ֆրանսայի Մէջ Ուրացումը Քրէականացնող Օրինագիծը Պատրաստ Է


 

0506Costa

Ժան Փօլ Քոսթա

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանի (ԵՄԻԱ) նախկին նախագահ Ժան Փօլ Քոսթա աւարտին հասցուցած է Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը մշակելու աշխատանքները. այս մասին կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։

«Այժմ մենք արդէն իսկ աշխատանքային ժողովներ կը գումարենք։ Երբ վերջացնենք փորձագիտական աշխատանքները, պարզ պիտի դառնայ, թէ այս օրէնքը կրնա՞նք ներկայացնել խորհրդարան, թէ ո՛չ։ Մենք վստահ պէտք է ըլլանք, թէ օրինագիծը սահմանադրական ուժ պիտի ունենայ», ըսած է Փափազեան եւ նշած, որ այս փուլը պիտի աւարտի մինչեւ Մայիսի վերջաւորութիւնը։

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ խոստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու մասին օրէնքին աջակցիլ։

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.