«Ատրպէյճանի Մէջ Կամաւորներու Հաւաքագրումը Ցուցադրական ու Ծիծաղելի ». Արծրուն Յովհաննիսեան
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան այն կարծիքը ունի, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ բանակի մէջ ծառայութեան անցնելու համար կամաւորականներու հաւաքագրումը առանձնայատուկ նշանակութիւն չունի, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:
Յովհաննիսեան կարծիք յայտնած է, որ ատիկա կը կատարուի ցուցադրականութեան ծիրէն ներս: «Ատրպէյճանը անցած օրերին յամառօրէն ինչ-որ բաներ էր ցանկանում ցոյց տալ` մէկ իրենց զինապահեստներն էին ցոյց տալիս, մէկ` զէնքերը: Չի բացառւում, որ այդ շրջանակներում է արւում այս ամէնը»,- ըսած է ան:
Արծրուն Յովհաննիսեան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այս քայլը ծիծաղելի կը համարէ այն առումով, որ անոնք նախապէս կը յայտարարէին, թէ կամաւորներ հաւաքագրելու խնդիրներ չունին: «Սա մի փոքր ծիծաղելի է այն առումով, որ եթէ զինադադար է, եթէ ի սկզբանէ ասում էին, որ որեւէ խնդիր չունեն, ապա ի՞նչ կարիք կայ կամաւորների հաւաքագրել: Մենք, օրինակ, ի սկզբանէ հէնց առաջին օրուանից հաւաքագրել ենք ու չենք թաքցրել: Նոյնիսկ ինչ-որ պահի ասել ենք, որ այլեւս չգան, որովհետեւ իսկապէս շատ էին գալիս, սակայն տուեալ դէպքում իրենց արարքն անհասկանալի է: Նախկինում ինչ խաղ էին խաղում, հիմա ինչ խաղ են խաղում, միմեանց հետ չի համընկնում»,- եզրափակած է Յովհաննիսան:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանած է երկրի զինուած ուժերուն մէջ կամաւոր ու հրատապ ծառայութեան անցնելու կարգը: Նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հաշուի առնելով զինուած ուժերու մէջ ծառայութեան անցնելու ցանկութիւն յայտնողներու մեծ թիւը, սահմանուած է ընթացակարգը: Կը նշուի, որ հրատապ ծառայութեան անցնիլ ցանկացողները կրնան դիմել այն զօրամասի հրամանատարութեան, ուր կը ցանկան ծառայել: