Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին հսկում եւ ոգեկոչման արարողութիւն Լաւալի մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Քեպէգի Միացեալ մարմնին, Ուրբաթ, Ապրիլ 22-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին հսկում եւ ոգեկոչման արարողութիւն, Լաւալ քաղաքի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին մօտ:
Հսկումի արարողութեան ներկայ էին Eva Nassif (membre parlementaire, dռputռe de Vimy), Vasilios Karidogiannis (conseiller municipal, Ville de Laval), Aline Dib (conseillՌre municipale, Ville de Laval), Լաւալի Ս. Գէորգ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ քհն. Գամայեան, Ս. Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս քհն. Միրզախանեան, Մոնթրէալի Հայց. Առաք. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհն. Պոյաճեան եւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան: Ներկայ էին նաեւ հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւններուն՝ ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի կողմէ ներկայացուցիչներ եւ մօտ 300 ներկաներ, որոնք եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մեր նահատակներուն յիշատակին:
Հսկումի հանդիսավար ընկեր Յովիկ Թիւֆէնքճեան ներկաները հրաւիրեց պահ մը լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր նահատակներուն եւ վերջերս Արցախի սահմաններուն վրայ զոհուած մեր զինուորներուն, ապա բեմ հրաւիրեց օրդ. Թամար Փանոսեանը, որ կատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գանատայի օրհներգները:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին պրն. Համբիկ Ճապուրեան, որ տուտուկով երկու կտոր նուագեց, եւ պրն. Սարգիս Պարսէմեան, որ մեներգեց «Ատանայի կոտորածը» եւ «Զինուորի մօր երգը»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամաբեր, Գանատայի Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Մհեր Գարագաշեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ փանթուրքիզմի գաղափարին եւ այդ գծով շարունակուող հակահայ ծրագրին, թուրք կառավարութեան շարունակական ոչ միայն ժխտողական կեցուածքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հանդէպ, այլ նաեւ ցեղասպան Թուրքիոյ շարունակական յարձակումներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, օգտագործելով Ատրպէյճան կոչուած իր զէնքը: Ընկեր Մհեր իր խօսքը աւարտելով ըսաւ. «Մենք այլեւս ցեղասպանուող ժողովուրդ չենք, մենք նուազ եւ նուազ պիտի երգենք «Կոտորածն Անգութ»ը, աւելի պիտի երգենք «Ախպերս ու ես»ը, այն երկու եղբայրներուն երգը, որոնք դիրքի վրայ կանգնած իրենց մօրը կÿըսեն՝ «Օր մը եթէ տան կտուրին արծիւներ տեսնես՝ անոնք մեր հոգիներն են, որովհետեւ մենք կանգնած ենք… խփում ենք թուրքին…»: Այս նշանաբան պէտք է ըլլայ՝ «Խփո՛ւմ ենք թուրքին» եւ մեր պատգամը՝ ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ, ուրիշ ձեւ չկայ մեր թշնամիին հետ խօսելու, այս հրէշներուն հետ խօսելու: Սակայն մենք տակաւին ահագին ճամբայ ունինք կտրելիք, մեր վրայէն կրկին ու կրկին թօթափելու վերջին շերտերը ժանգի, որոնք կու գան դարերու մեր քաշած լուծերէն, մեր սխալները սրբագրելով, մենք մեր մէջ միաւորուելով եւ ուժը գտնելով՝ արժանի ազգը, արժանի ընտանիքը ըլլալու այն հրաշալի տղոց, որոնք այս վայրկեանիս իսկ ցուրտին կանգնած են այդ խրամատներուն մէջ, կը պաշտպանեն Արցախը, կը պաշտպանէն մե՛զ: Փա՛ռք իրենց»:
Հոգեւոր պետերուն կողմէ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն՝ փոխան հոգեհանգստեան արարողութեան: Նշենք, որ այլեւս հոգեհանգստեան արարողութիւն չի կատարուիր նահատակներու սրբադասումէն ետք:
Հսկումի աւարտին հայկական աւանդական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք ներկայ ժողովուրդը, իր կարգին, ծաղիկներ զետեղեց:
Հսկումը սփռուեցաւ ուղիղ եթերով triktrak.ca համացանցային ռատիո-կայանով:
Զաւէն Տէր Սահակեան
(Լուսանկարները Արմէն Ալեմեանի)