Թորոնթոյի եւ Գէմպրիճի մէջ կայացած հանդիսութեանց ընթացքին «Հորիզոն»ի աշխատակիցները գնահատագիրներու արժանանացան


Ապրիլ 8-ին, ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէի կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ հաւաքուած «Հորիզոն»ի հաւատարիմ ընթերցողներու, բարեկամներու եւ աջակիցներու մասնակցութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրման 35-ամեակը, որուն ներկայ էին նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գեղարդ վրդ. Քիւսպէքեան եւ Կոմիտաս Աւ. քհնյ. Փանոսեան։

Օրուան հանդիսավար Անդրանիկ Գունտագճեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անցնող 35 տարիներու ընթացքին, «Հորիզոն» հանդիսացած է գանատահայութեան պատմութիւնն ու առօրեան արտացոլացնող լրատուամիջոցը։ Ան նաեւ յայտնեց, թէ «Հորիզոն»ի 35-ամեակին առիթով նուիրահաւաքի նպատակն է զարգացնել «Հորիզոն»ի գիտարուեստի բնագաւառը եւ յատկապէս համացանցի իր կարողականութիւնը։ Ապա ներկայացուեցաւ «Հորիզոն»ի գործունէութեան մասին տեսանիւթ մը, որ պատրաստուած էր Սերժ Եսայեանի կողմէ եւ որուն բեմագրութիւնը ընթերցած էր Լորիկ Սապունճեան։ 

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Բոլորս գիտենք, որ անցնող օրերուն, Արցախի ու Հայաստանի համար ռազմաքաղաքական իրավիճակը վերածուեցաւ չյայտարարուած պատերազմի: Իսկ պատերազմ մը, իր խորքին մէջ կը յատկանշուի երեք հիմնական բաղադրիչներով.

Առաջին՝ Ռազմական պատերազմԵրկրորդ՝ Դիւանագիտական պատերազմեւ Երրորդ՝ Տեղեկատուական պատերազմ։ Ահա այս երրորդ բաղադրիչին մէջ է որ մենք վերջին երեք տարիներուն կը համատեղենք մեր առաքելութիւնը իբրեւ լրատուամիջոց եւ զարմանալի ու պատահական չէ, որ մեր առօրեայ թողարկումներուն ամէնօրեայ դրութեամբ ակընդէտ կը հետեւին 60 այցելուներ Անգարայէն եւ 20 ացելուներ Պաքուէն: Երեւոյթը պարզաբանելու յաւելեալ կարիք չկայ, ահաւասիկ, արդէն իսկ տեղեկատուական պատերազմի մէջ ենք եւ «Հորիզոն» գիտարուեստի իր բոլոր միջոցները ի գործ դրած է սանձազերծելու թուրք-ատրպէյճանական տեղեկատուական յերիւրանքներն ու սադրանքները»:

Բեմ հրաւիրուեցաւ Քաթիա Տէր Յովակիմեան, որ յստակ գիծերու մէջ ներկայացուց «Հորիզոն»ի Horizon Online + ծրագիրը, որուն նպատակն է ուրուագծել եւ հունաւորել «Հորիզոն»ի համացանցային յետագայ ռազմավարութիւնը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ գիտարուեստի յարափոփոխ զարգացման հետ համահունչ ընթանալու համար, այսօր այլ լրատուամիջոցներու կարգին «Հորիզոն»ն ալ շուտով պիտի կերտէ թուայնացած իր նոր համակարգը։

Սարին Փոլատեան հայրենասիրական նիւթով ասմունքի համադրումով մը հանդէս եկաւ:

Յատուկ գնահատագիրներ յանձնուեցան «Հորիզոն»ին կամաւոր իրենց ծառայութիւններով օժանդակած թերթի աշխատակիցներ Թամար Տօնապետեանի, Խաժակ Գուլաճեանի եւ Իշխան Ղազարեանի:

Գէմպրիճի մէջ

Ապրիլ 10-ին ՀՅԴ «ԱրամԴրօ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ Գէմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրման 35-ամեակի տօնակատարութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Թեմիս նախկին բարեջան առաջնորդ Խաժակ Արք. Յակոբեան: Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Կարպիս Հանէշեան: Իրենց ուղերձներով հանդէս եկան «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, «Հորիզոն»ի գրական յաւելուածի խմբագիր Վիգէն Աբրահամեան եւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից Ցոլեր Փանոսեան: Անդրանիկ Գասամանեան ներկայացուց «Հորիզոն»ի Horizon Online + համացանցային ծրագիրը:

Իրենց կամաւոր աշխատակցութեան համար գնահատագիրներ ստացան Կարպիս Հանէշեան եւ Ցոլեր Փանոսեան:

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.