Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովը գործարկած է իր նոր կայքէջը
- (0)

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովը գործարկած է իր նոր կայքէջը՝ spyurkconference.org, որ մէկտեղուած ձեւով կը ներկայացնէ խորհրդաժողովի աշխատանքները, քննարկումները, ելոյթները, յայտարարութիւնները եւ յաջորդող նախաձեռնութիւնները։
Խորհրդաժողովը տեղի ունեցած էր Փարիզի մէջ, 11-12 Ապրիլ 2026-ին՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի 26 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 150 մտաւորականներու, քաղաքական, հանրային եւ համայնքային գործիչներու մասնակցութեամբ։ Յուլիսին նաեւ տեղի ունեցած էր առցանց ժողով՝ շարունակելու համար Սփիւռքի ապագային, կազմակերպման եւ համահայկական ներուժի օգտագործման վերաբերող քննարկումները։
Նոր կայքէջին մէջ տեղ գտած են խորհրդաժողովի օրակարգը, ելոյթները, կլոր սեղաններու քննարկումներուն համառօտագիրերը, յայտարարութիւնները, մամուլի արձագանգները եւ յաջորդող աշխատանքներուն վերաբերող նիւթեր։ Կազմակերպիչները յատուկ կարեւորութիւն կու տան կլոր սեղաններու համառօտագիրերուն, որոնք նպատակ ունին տարբեր շրջանակներու եւ մասնագէտներու տեսակէտներն ու առաջարկները համախմբելու եւ զանոնք հետագայ աշխատանքի համար համակարգուած քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւններու վերածելու։
Խորհրդաժողովի չորս կլոր սեղանները կեդրոնացած էին Սփիւռքի ռազմավարական դերին եւ քաղաքական օրակարգին, ազգային արժէքներու եւ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան՝ հայկական ինքնութեան պահպանման մէջ, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններու հիմնահարցերուն ու հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զօրաշարժին եւ վերաշխուժացման՝ համազգային նպատակներու իրագործման ուղղութեամբ։
Խորհրդաժողովի Համադրող Կազմը կը շեշտէ, որ Սփիւռքի ապագայի ձեւաւորումը կը պահանջէ կազմակերպուած երկխօսութիւն, ազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ համախոհութիւն եւ այդ համախոհութիւնը գործնական աշխատանքի վերածելու կարողութիւն։ Նոր կայքէջը կը նախատեսուի զարգացնել իբրեւ այդ ուղղութեամբ հրապարակումներու, քննարկումներու եւ համագործակցութեան հարթակ։