Հայոց Կաթողիկոսները 1 Միլիոն Տոլար կը Նուիրաբերեն Արցախին


Ապրիլ 14-ի երեկոյեան, աւարտելով երկօրեայ այցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

Այցի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու Պաշտպանութեան բանակին` աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախին  փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ իր թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլար գումար մը: Նոյնքան գումար Արամ Ա Կաթողիկոսը փոխանցած է նոյն նպատակին համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն կողմէ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները թեմերուն մէջ կը շարունակուին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.