Քրիստոնեաներուն երկու երրորդը հեռացած է Սուրիայէն


«Նոր Յառաջ».- Հալէպի Քաղդէացիներու եպիսկոպոսը՝ Անթուան Օտօ, Մարտ 16ին, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն երկու երրորդը հեռացած է երկրէն:

 Ըստ քաղդէացի եպիսկոպոսին, քրիստոնեաներու շուրջ 1,5 միլիոնի թիւէն հազիւ թէ 500 հազարը մնացած է Սուրիոյ մէջ: Իսկ Հալէպի մէջ, ուր անոնց ընդհանուր թիւը կը կազմէր 160.000, այսօր իջած է 40.000ի: Օտօ Եպիսկոպոսին համաձայն՝ կառավարութիւնը մնացեալ քրիստոնեաներն ալ կը փորձէ համախմբել իր վերահսկողութեան տակ գտնուող ապահով գօտիներու մէջ:

 Ան աւելցուցած է նաեւ որ Սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը զօրավիգ է նախագահ Պաշարի, «որ արժանի է յարգանքի»: Ինք համոզուած է, որ արտաքին միջամտութեամբ պարտադրուած որեւէ լուծում դատապարտուած է ձախողութեան: Ըստ իրեն, նոր ընտրութեան մը պարագային, Սուրիոյ քրիստոնեաներուն 80%ը կը կը քուէարկէ նախագահ Ասատի վերընտրութեան ի նպաստ: “Նոյնիսկ սիւննիները կը քուէարկեն իրեն ի նպաստ” նշած է ան, աւելցնելով, որ “քրիստոնեաները չեն հալածուիր”։

 Լրագրողներուն առջեւ Օտօ Եպիսկ. քննադատած է Ասատի դէմ «արեւմտեան քարոզչութիւնը», այդուհանդերձ զայն զերծ չկացուցանելով բոլոր պատասխանատւութիւններէն: “Յամենայն դէպս, զինեալ խմբաւորումները ժողովուրդին նեցուկը չեն վայելեր” աւելցուցած է ան:

 “Ասատին հետ կամ առանց անոր, Սուրիան պէտք է շարունակէ գոյատեւել” ըսած է քաղդէացի եպիսկոպոսը, աւելցնելով որ Հալէպի երեք տաճարները գրեթէ բոլորովին քանդուած են: Քաղդէական գիւղերու մէջ, հարիւրաւոր անձեր առեւանգուած բայց յետոյ ազատ արձակուած են:

 Ըստ Օտօ եպիսկոպոսին, Փետրուար 27ին հաստատուած հրադադարը որոշ խաղաղութիւն բերած է երկրին, թոյլ տուած է որ Հալէպի մէջ վերահաստատուի ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը, որոնցմէ քաղաքին բնակիչները զրկուած էին շուրջ վեց ամիսէ ի վեր:

 Հալէպի Քաղդէացիներու եպիսկոպոսը Ժընեւ գացած է Գարիթասի կողմէ նախաձեռնուած խաղաղութեան արշաւի մը համար. ինք Սուրիոյ Գարիթասի նախագահն է: Ան հանդիպում պիտի ունենար ՄԱԿ-ի Սուրիոյ գծով հետաքննութեան յանձնաժողովի նախագահ Փաօլօ-Սերճիօ Փիներոյի հետ:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.