“Այսօր, Թուրքիոյ համար որեւէ ելք չեմ տեսներ, բացի քաղաքացիական պատերազմէ” կ՚ըսէ Կարօ Փայլան


Թուրքիոյ Խորհրդարանի հայազգի երեսփոխանին զգայացունց յայտարարութիւնները Télérama-ին

«Նոր Յառաջ» – Ֆրանսական Télérama շաբաթաթերթին տուած զգայացունց յայտարարութիւններով լի հարցազրոյցին մէջ, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի քրտամէտ HDP կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան վերոնշեալ հաստատումը կը կատարէ:

 Հայ երեսփոխանին հետ զրոյցը վարած լրագրող Օլիվիէ Փասքալ-Մուսլառ նախ կ՚ընէ այն հարցադրումը, թէ գաղթականներու տագնապին գծով Թուրքիան անշրջանցելի դարձած է Եւրոպայի համար. բայց արդեօք վերջինս լաւ կշռա՞ծ է հաւանական հետեւանքները այն «դաշինք»ին, զոր կ՚ուզէ կնքել բռնակալ, ձեռնավարող, հալածախտէ տառապող նախագահ Էրտողանի հետ: Տալու համար ենթակային՝ Էրտողանի նկարագիրը, մէկ առ մէկ կը թուէ վերջին տարիներու յատկանշական բոլոր դէպքերը, դիրքորոշումները, ռազմավարութիւնները որոնք վրդովեցին բանիմաց իւրաքանչիւր անձ, հասնելու համար թրքական իշխանութիւններու կողմէ Քիւրտերու նկատմամբ ներկայիս սանձազերծուած հալածանքին:

  Ապա, «Լարումը անդադար կը սաստկանայ Թուրքիոյ մէջ։ Ի՞նչ է անոր ծանրակշռութեան աստիճանը» առաջին հարցումին Փայլան առանց բառերը ծամծմելու կու տայ հետեւեալ ցնցիչ պատախանը.- «Հարիւր տարի առաջ լիրբ եւ պատեհապաշտ կառավարութիւն մը՝ Երիտթուրքերու կառավարութիւնը նախընտրեց ազգային փոքրամասնութեան մը վերագրել Թուրքիոյ բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ իր նուաստացումը։ Ատիկա վերջ գտաւ ցեղասպանութեամբ։ Այսօր Քիւրտերը՝ երէկուան Հայերն են։ Կը սպաննուին ընդհանուր անտարբերութեան մէջ։ Ի տարբերութիւն Հայերուն, անոնք զինուած են եւ կազմակերպուած։ Բայց Էրտողան թիրախ կ՚առնէ նաեւ խաղաղ բնակիչները, ներառեալ՝ կիները եւ երախաները։ Եւ Եւրոպան կը լռէ, սարսափած այն գաղափարէն, որ Էրտողան յանկարծ թոյլ տայ Յունաստան անցնիլ այն երեք միլիոն Սուրիացիներուն, զորս ընդունեցանք։ Այդ յանցաւոր լռութիւնը սակայն, ոչինչով պիտի պաշտպանէ Եւրոպան։ Եթէ դէպքերը գէշ ընթացք ստանան, այս անգամ ալ հարիւր հազարաւոր Քիւրտեր պիտի բախեն իր դուռը…»։

 Ապա, «Նոյն բեմագրութի՞ւնը կը կրկնուի մեր աչքին առջեւ» հարցումին, Փայլան պատասխանելով նախ խստօրէն կը դատապարտէ Թուրքիոյ սուրիական քաղաքականութիւնը, ընդգծելով որ Անգարա կ՚ուզէ հեռավար կերպով ղեկավարել այդ երկիրը, աջակցելով իսլամապաշտ խմբակցութիւններու, օրինակ՝ ալ-Նոսրային: «Բայց ատիկա ապուշ բան է։ Սուրիա կրնայ ղեկավարուիլ միայն բազմամշակութային հիմք ունեցող վարչաձեւով» կ՚ըսէ ան: Ապա կը շարունակէ. «Ուրիշ սխալ մը՝ Քրտական հարցը։ Քանի մը տարի առաջ խաղաղութեան գործընթացի մը ձեռնարկուած էր, որուն ինք՝ Էրտողան անձնապէս աջակցած էր։ Բայց այնպէս, ինչպէս՝ 1914-15ին, երկրին ղեկավարները սկսան հակամարտիլ փոքրամասնութեանց դէմ, հրապարակաւ զանոնք ամբաստանելով որպէս թուրք ազգի դաւաճաններ, ներկայիս ալ կառավարութիւնը երկրին բոլոր հարցերուն պատասխանատւութիւնը կը բարդէ Քիւրտերուն կռնակին։ Քանի որ Թուրքերը չեն յաջողիր «կարդալ» իրավիճակը, քաւութեան նոխազ մը փնտռեցին ու ներկայիս անոր վրայ է, որ կը յարձակին բրտօրէն։ Այս ամբողջը թերեւս քաղաքացիական մեծ պատերազմի մը սկիզբը կ՚ահազանգէ։ Քանի որ Հայերը հրացան չունէին եւ կազմակերպուած ալ չէին։ Քիւրտերուն պարագան ճիշդ հակառակն է»։

 «Ինչպէ՞ս դուրս ելլել այս վտանգաւոր անելէն» հարցումին Փայլան կու տայ հետեւեալ պատասխանը. «Անկէ դուրս ելլելու միակ միջոցը Քիւրտերուն հետ խաղաղութեան գործընթացն էր։ Սակայն, Էրտողան, որ պատեհապաշտ մըն է, իշխանութեան գլուխը մնալու համար ձեւ մը գտաւ, շրջեց այդ գործընթացը եւ ընտրեց պատերազմը։ Բայց ձայն մը ինծի կ՚ըսէ, թէ ան կը գտնուի իր քաղաքական ասպարէզին վերջին փուլին, -շրջանին աւարտէն առաջ իսկ»։

 Հայ երեսփոխանը պատասխանելով յաջորդ հարցումին, թէ «ինչպիսի՞ դեր կրնան խաղալ գերպետութիւնները», դարձեալ զգայացունց յայտարարութիւններ կ՚ընէ: Թէ՛ ԱՄՆ-ը, թէ՛ Ռուսաստանը եւ թէ Եւրոպա քաջ կը գիտակցին, թէ Թուրքիա կը զօրակցի ալ-Նոսրային, կը նշէ ան աւելցնելով, թէ ինք մաս կը կազմէ երկրին պիւտճէն ուսումնասիրող խորհրդարանականներու խումբին եւ որպէս այդ՝ անձամբ հաստատած է, թէ այդ պիւտճէին որոշ տողերը յստակ ոչ մէկ յատկացումի կը համապատասխանեն: «Եւ խօսքս միլիառներու մասին է» կ՚ընդգծէ ան: «Վստահ եմ, որ այդ գումարները գործածուեցան Տահէշ-ի նման խմբակցութիւններու օժանդակութեան նպատակին» կ՚աւելցնէ Փայլան: Իրենք բացատրութիւններ պահանջած են, բայց՝ ապարդիւն եղած է դիմումը: «Եւրոպա չի կրնար շարունակել օգնել կառավարութեան մը, որ նման վարք որդեգրած է» կ՚ըսէ ան: «Խօսքս Եւրոպացիներուն է. եթէ շարունակէք ձեր աջակցութիւնը բերել Էրտողանին, օր մը պիտի տեսնէք՝ միլիոնաւոր գաղթականներ պիտի վազեն դէպի ձեր սահմանները, որովհետեւ ինչ ալ ըլլայ իր հետ ձեր ստորագրելիք համաձայնութիւնը, Էրտողան չի կրնար, չ՚ուզեր իսկապէս կասեցնել Քիւրտերու եւ Սուրիացիներու միւս կողմ անցքը։ Ամէն ինչ որ կ՚ընէ, հակոտնեայ է ձեր արժէքներուն։ Եւ իր որոշումները պիտի դառնան հետզհետէ աւելի խօլ» կ՚եզրակացնէ ան:

 Ապա, պատասխանելով Քիւրտերու վերաբերող խաղաղութեան գործընթացին մասին իր կարծիքին, Փայլան յոռետեսութիւն կը յայտնէ, հաստատելով որ երկու կողմերէն ալ արմատական դիրքորոշումներու տէր տարրեր կան, որոնք ոչ մէկ հաւատք կ՚ընծայեն խաղաղութեան կարելիութեան: Կ՚ըսէ, թէ իրենք՝ որպէս HDP կուսակցութիւն, փորձած են տարհամոզել քրտական կողմի արմատականները, բացատրելով թէ հաւանական պատերազմ մը հարիւր հազարաւոր կեանքեր պիտի խլէ, բայց այդ ջանքերը ապարդիւն ելած են: Ներկայիս, երկու կողմերը, ընդհակառակն, բոլորովին բեւեռականացած վիճակ կը պարզեն: «Երբ կ՚արտասանեմ խաղաղութիւն բառը, երկու կողմերէն ալ կը հայհոյեն ինծի» կ՚ըսէ Փայլան: Ամէն ինչ սկզբնական կէտին՝ զերոյի վերադարձած է: «Չէք կրնար երեւակայել որքան դժուար գործ է ամէն ինչ զերոյէն վերսկսիլը։ Մենք չենք կրնար յաջողիլ առանց միջազգային աջակցութեան։ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ԱՄՆ, Անգլիա աչք փակեցին Հայոց ցեղասպանութեան։ Արդեօք հիմա ալ նոյնը՞ պիտի ընեն Քիւրտերու ջարդերուն նկատմամբ» հարց կու տայ ան:

 Պատասխանելով Կէզիի շարժումին ակնարկութեամբ, թուրք երիտասարդութեան՝ քաղաքականութեան մէջ ներգրաւումի մասին հարցումի մը, Փայլան կ՚ըսէ, թէ այսօր՝ այդ շարժումէն շուրջ երեք տարի ետք անկարելի է երիտասարդներու այդ զանգուածը վերադարձնել քաղաքականութեան, որովհետեւ «այդ երիտասարդներուն մեծամասնութիւնը Քիւրտերու վախ մը ունի։ Որովհետեւ ամբողջ երեք սերունդ անոնց կրկնուեցաւ, թէ Քիւրտերը Թուրքիոյ դաւաճաններ են… Ատոր մէջ է, որ կը կայանայ Էրտողանի ուժը, քանի ան իր շուրջ կը համախմբէ ոչ միայն պահպանողական կրօնամէտները, այլ նաեւ՝ ազգայնամոլները»։

 «Դեռ կարելի՞ է բանակցիլ Էրտողանի հետ» հարցումին, Փայլան կը պատասխանէ, թէ այլեւս ոչ մէկը ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անոր վրայ: Կ՚ըսէ, թէ Խորհրդարանին մէջ իր խօսակցած շուրջ 250 երեսփոխաններէն այլեւս ոչ մէկը կը յաջողի տեսակցիլ Էրտողանի հետ: «Նոյնիսկ եթէ այդ կարելիութիւնը ունենային, ամէն պարագայի ոչ մէկը կրնայ քննադատել անոր որոշումները։ Այլեւս միայն դիւանակալութիւնը, զինուորականները եւ լրահաւաք ծառայութիւնները մնացած են։ Այդ պատճառով է, որ բացի քաղաքացիական պատերազմէն՝ այլ լուծում չեմ տեսներ» կը նշէ ան:

 Աւարտին, լրագրողը կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ, լրագրողներուն դէմ ի գործ դրուող ճնշումներուն եւ հարց կու տայ Փայլանին, թէ արդեօք ինք ալ ֆիզիքապէս սպառնալիքի ենթակա՞յ է: Փայլանի պատասխանը հետեւեալն է. «Անցեալ օր, նախարար մը զիս սաստելով ըսաւ. “Այսօր դեռ հանգիստ կրնաք պտըտիլ փողոցները: Բայց վաղուընէ իսկ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ”: Իրեն պատասխանեցի, որ ինք իր հրամանին տակ հարիւրաւոր ոստիկաններ ունի, եւ կրնայ զիս սպաննել տալ։ Բայց եթէ ժողովուրդին ընտրած անձը պիտի չկարենայ ժողովրդավարութեան մասին խօսիլ եւ ա՛լ աւելի ժողովրդավարութիւն պահանջել իր երկրին մէջ, հապա ո՞վ պիտի ընէ ատիկա»։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.