Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա Կը Ջանան Հրահրել Լիբանանեան Ճակատը


Ֆինիըն Քանինկհամ strategic-culture.org կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Սէուտական Արաբիան եւ անոր շրջանային դաշնակիցները շարք մը միջոցառումներով ըստ երեւոյթին կը փորձեն ապակայունացնել Լիբանանը։ Զարգացումը համահունչ է այն իրողութեան, թէ ինչպէս Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան փորձած են ականահարել Սուրիոյ մէջ զինադուլը եւ հակամարտութիւնը շրջանային մակարդակի մագլցումի մղել։ Նշենք, որ անցնող օրերուն Սէուտական Արաբիան սառեցուց Լիբանանի համար նախատեսուած 4 միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը։

Յօդուածագիրը կը գրէ.

«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ այս շաբաթ լոյս տեսած տեղեկատուութիւնը բաւական միամիտ հարցական մը կը ներկայացնէր. «Դիւանագէտներ եւ վերլուծաբաններ քանի մը շաբաթներէ ի վեր կը փորձեն հասկնալ, թէ ինչու սէուտցիները հապճեպ կերպով կը պատժեն Լիբանանը, եւ հաւանաբար լիբանանցի իր սեփական դաշնակիցները… Հըզպալլայի ուժեղ ազդեցութեան համար, իրողութիւն մը որ նորութիւն մը չէ»։

Ահաւասիկ արագ պատասխան մը. Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի տապալման պատերազմը շատ ազդու կերպով ձախողութեան մատնելը։ Այդ իրողութիւնը Սէուտական Արաբիան ու Թուրքիան զայրացուցած է։

Մինչ Ուաշինկթըն եւ անոր արեւմտեան գործընկերները կը թուին համոզուած ըլլալ վարչակարգի փոփոխութիւնը այլընտրանքային քաղաքական ճանապարհով կատարելու՝ Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան կառչած կը մնան ընդհատակեայ պատերազմին։ Անոնք իրենց գրաւը դրած են այն բանին վրայ‚ որ իրենց զինած ահաբեկչական բանակները ձեւով մը կրնան փրկուիլ ռուսական օդուժի, Սուրիոյ բանակի‚ իրանեան ուժերու եւ Հըզպալլայի հարուածներէն։ Ահա թէ ինչու կ’արձանագրուի Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի կողմէ մէկ շաբաթ առաջ յայտարարուած զինադուլի խախտումները։ Թրքական բանակին կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ ռմբակոծումը ոչ միայն խախտում մըն էր‚ այլ նաեւ‚ ինչպէս Մոսկուան նշեց‚ սուրիական գերիշխանութեան ոտնահարում մը։

Սուրիական եւ թրքական ուժերու զօրակոչն ու սէուտական պատերազմական օդանաւերու Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայան տեղակայումը կարելի է նկատել զինադուլը ականահարելու փորձ մը։ Տրամաբանական եզրակացութիւնը այն է‚ որ Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան այս անպատասխանատու նախայարձակութեամբ կը հրահրեն աւելի մեծ հակամարտութիւն մը‚ որուն մէջ կրնան ներգրաւուիլ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան։

Լիբանանի նկատմամբ սէուտական ղեկավարութեամբ որդեգրուած միջոցառումներու շարքը կարելի է այս պարունակին մէջ մեկնաբանել։ Անցեալ շաբաթ‚ Սէուտական Արաբիան եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի մէջ իր սերտ դաշնակիցներ՝ սիւննի թագաւորութիւնները Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակեցին։ Միաժամանակ, Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորն ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը  Լիբանանին 4 միլիառ ամերիկեան տոլարի օժանդակութեան ջնջումը յայտարարեցին։ Այդ օժանդակութեան մեծամասնութիւնը զինուորական յատկացումներու համար էր եւ պիտի ծառայէր լիբանանեան բանակը ֆրանսական զէնքերով ու սպառազինութեամբ օժտելու։

Առանց որեւէ պատճառ ներկայացնելու՝ Ծոցի համագործակցութեան երկիրներ՝ Քուէյթը‚ Քաթարը‚ Պահրէյնը‚ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները‚ Օմանն ու Սէուտական Արաբիան իրենց քաղաքացիները զգուշացուցին Լիբանան այցելելէ։ Խորհուրդը նաեւ պնդեց‚ որ Հըզպալլան իրենց ներքին հարցերուն կը միջամտէ եւ կը փորձէ իրենց քաղաքացիները զինուորագրել Սուրիոյ մէջ կռուելու համար։ Խորհուրդը կը սպառնայ անդամ երկիրներուն մէջ աշխատող շուրջ կէս միլիոն լիբանանցիները արտաքսել։

Անցեալ նաեւ շրջանային լրատուամիջոցներ հաղորդեցին‚ որ յունական իշխանութիւնները գրաւած են նաւ մը‚ որ Թուրքիայէն զէնք կը մաքսանենգեր դէպի Լիբանան։

Նպատակը յստակ է։ Սէուտցիք եւ անոնց շրջանային դաշնակիցները շրջանային անկայունութեան մագլցումը կը նկատեն Սուրիոյ մէջ իրենց պատերազմը փրկելու լաւագոյն միջոցը։

Ուաշինկթըն‚ Լոնտոն եւ Փարիզ հաւանաբար բաւարար տեղեկութիւն ունին գիտակցելու համար‚ թէ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջոցով անուղղակի պատերազմը կարելի չէ շարունակել՝ նկատի ունենալով սուրիական պետութեան պաշտպանութեան փութացած մեծ ուժերը‚ մասնաւորաբար ռուսական օդուժը։

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի Հըզպալլան քրէական կազմակերպութիւն նկատելը յստակ է‚ թէ վրէժխնդրական արարք մըն է՝ նկատի ունենալով‚ որ Հըզպալլան մեծ ներդրում կ’ունենայ Սուրիոյ բանակին կողմէ սիւննի ծայրայեղականներու ձեռքէն տարածքներու վերատիրացման մէջ։ Իրերայաջորդ կերպով Լաթաքիոյ‚ Իտլիպի եւ Հալէպի սահմանային անցքերու փակումը ահաբեկչական խմբաւորումները զրկած է Թուրքիայէն հասնող զէնքերու մատակարարումներէն։ Մասամբ այդ պատճառով է‚ որ Էրտողանի վարչակարգը անդրսահմանային ռմբակոծում կը կատարէ։

Հըզպալլան քրէական կազմակերպութիւն նկատելու սէուտական արշաւի նպատակը նաեւ Լիբանանի մէջ յարանուանական վիհերը խորացնելու կը ծառայէ։ Հըզպալլան Ուաշինկթընի եւ կարգ մը այլ արեւմտեան պետութիւններու կողմէ «ահաբեկչական խմբաւորում» մը կը նկատուի‚ սակայն Հըզպալլան Լիբանանի մէջ սահմանադրութեամբ ճանչցուած օրինականութիւն ունեցող քաղաքական ուժ է։ Այդ մէկը շնորհիւ կուսակցութեան 2000 թուականին ապա նաեւ 2006-ին իսրայէլեան բռնագրաւումը վտարելուն համար է։ Բազմաթիւ լիբանանցիներու‚ ներառեալ քրիստոնեաներու եւ սիւննի իսլամներու համար Հըզպալլան հայրենիքի պաշտպանութեան համար պատուաւոր դիմադրութեան ուժ է։

Կուսակցութիւնը‚ որ Ռուսիոյ կողմէ ազգային օրինական դիմադրական շարժում կը նկատուի‚ կը կազմէ Լիբանանի խորհրդարանի 10 առ հարիւրը եւ կառավարութեան մէջ երկու նախարարներ ունի։

Ուստի Հըզպալլան պատժելու սէուտական առաջարկը՝ կը միտի Լիբանանի մէջ 1975-էն 1990 երկարած քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին յառաջացած վէրքերը վերաբանալ։ Օտար երկիրի մը կառավարութեան մէկ անդամ մը անակնկալ կերպով «ահաբեկչական» պիտակելը պէտք է նկատել ապակայունացնելու դիտաւորեալ միտում մը։ Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլա այս շաբաթ դատապարտեց Լիբանանի մէջ պառակտում յառաջացնելու սէուտական ձգտումը‚ եւ դժուար է այդ գնահատականին տարակարծիք ըլլալ։

Յստակ չէ‚ եթէ Լիբանան կրնայ Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ պատերազմական փոթորիկին մէջ ամուր մնայ։ Սակայն յստակ է‚ որ Թուրքիոյ‚ Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ արաբական թագաւորութիւններու դերակատարութիւնը կատարելապէս անխիղճ ու ոճրային է։ Անոնք կը թուին թէ կը պատրաստուին Լիբանանը վերստին յարանուանական արիւնահեղութեան մատնելու, իրենց ապօրինի շրջանային փառամոլութիւնները բաւարարելու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.