Եղեռնը՝ ոճի՞ր, թէ՞… Աղէտ


Յարութիւն Քիւրքճեան

             La Malédiction de la “Catastrophe”[1]: Յուզական լիցքով հարուստ այսպիսի խորագիր, ընկերացած ակադեմական լրջութիւն թելադրող ստորագրութեան մը, ինչպիսին՝ Արմէն-Քլօտ Մութաֆեանինը,- ինքնին զարմանք ու հետաքրքրութիւն առթող երեւոյթ է: Իսկ խորագիրի բառերէն երկրորդը գրկող չակերտները կը յուշեն քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողին, որ վաստակաւոր պատմաբան մը յուզելու ատակ երեւոյթը կը պատկանի լեզուական-եզրաբանական ոլորտին:

          Գիտենք, իրականութիւնը՝ իր զանազան ոլորտներով՝ մնայուն մարտահրաւէր է զինք արտայայտելու ձգտող լեզուական գործիքին համար: Հասարակ-տեղիք՝ որ կ՛ապրինք ու կը փորձարկենք կեանքի մէջ, օրն ի բուն: Սկսած ներքին վիճակներու թէ առարկայական փաստերու վկայաբերումէն՝ միշտ առճակատուած ենթակայականութեան թակարդներուն: Ու հասնելով մինչեւ յղացքային մտածումի եւ գիտութիւններու ոլորտը, հոս եւս դիմագրաւելով խոչընդոտը նախապաշարումներու՝ անհատական թէ խմբային պայմանաւորումներու, գաղափարաբանական ծխածածկումներու…

 

*    *    *

          Մութաֆեանի արծարծած խնդիրը, Մեծ Եղեռնի՝ հայութեան դէմ ցեղասպանական ոճիրին՝ թիւրաբար «catastrophe», հայերէնով՝ «աղէտ» անուանումը,- կը պատկանի պատմա-քաղաքական ոլորտին, որ վերի մարզերէն՝ առաւել ականապատն է: Պատմական իրադարձութիւններու եւ այժմէական կենսական գրաւներու հանդիպման վայր, որ պէտք էր պարտադրէր եզրոյթներու զգօն եւ բծախնդիր ընտրութիւն: Բայց ուր նաեւ՝ միւս կողմէ՝ ողջմտութիւնն ու սահմանումներու տարրական ծանօթութիւն մը պէտք էր բաւէին խուսափելու՝ բառերու ողբալի թակարդումէն:

          Մութաֆեանի  յօդուածին հարցադրումն ու դիրքորոշումը պարզ են ու յստակ: Կարելի է միայն ձեռամբարձ երկրորդել իր հիմնական դրոյթը, որ անցեալին առիթը ունեցեր եմ ես ալ հպանցելու, բայց որ արժանի է աւելի լուրջ անդրադարձի.- Մեծ Եղեռն չի նշանակեր, երբե՛ք չէ նշանակած la Grande Catastrophe. իր միակ վաւերական թարգմանութիւնն է le Grand Crime: Կոթողական այս սխալը եբրա-քրիստոնէական մշակոյթ-գաղափարաբանութեան աւանդն է, այնքան սովորական դարձած՝ Արեւմուտքի տարածքին:

          Բայց անիկա իր քառակուսի արժէքին կը բարձրանայ մեր մէջ, երբ յետադարձ ընթացքով՝ Եղեռն-Catastrophe-ը «կը հայացնենք» կրկին՝ այս անգամ իբր… Աղէտ: Եւ ԵղեռնՈճիրը կը դառնայ համարժէք Աղէտի, այսինքն՝ հիմնական իր առումով՝ բնական չարիք, ամէն տեսակի: Զոհ՝ անհեթեթ մեղմասութեան մը[2]…:

          Ըսի արդէն, որ սայթաքումը հակա-մարդկային գլխագիր Ոճիրէն դէպի Աղէտ, դէպի Catastrophe՝ նոր չէ: Անիկա տեղի ունեցեր է ու կը շարունակէ տեղի ունենալ՝ բաւական անզգալի շարժումներով, եւ բարդ պատճառականութեամբ մը:

          – Նախ՝ եղեռն արմատը ինք կը բերէ որոշ կարողական շփոթ, բխող՝ իրեն լծակից եղեր ձեւէն, եւ անով կառուցուող եղերականէն (ու նոյնընտանիք այլ բառերէ), որ համարժէք է դժբախտի, ողբերգականի: Բայց եղեռնը ինքնին, ինչպէս իրմով կառուցուող այլ բառեր (եղեռնագործ, եղեռնադատ…), միայն ու միայն ոճիրի կը յղուին, երբե՛ք սոսկական դժբախտութեան, պատահարի կամ բնական պատուհասի… :

          – Ծագումով լծակից, բայց լրիւ այլիմաստ զոյգ արմատներու հաւանական շփոթումին՝ կու գայ բարդուիլ երկրորդ շփոթ մը, այս մէկը՝ յատուկ Աղէտին: Աղէտ յղացքը, լեզուամտածողական մերօրեայ տիրոյթին մէջ ու բոլոր լեզուներուն համար՝ կ՛առնչուի բնական, կամ մարդկային դրդումներէ, բարոյական գնահատումէ զերծանող դժբախտ պատահարներու: Բայց հոս ալ՝ կու գայ միջամտելու հեռու Միջնադարէն աւանդ հասած կրօնաշունչ նախնական մտածողութիւնը, որ մարդկութիւնը հարուածող բոլոր չարիքները երկնային պատիժ կը դաւանէր, երաշտէն ու մարախէն մինչեւ համաճարակներ: Ներառելով անշուշտ Եգիպտոսի եօթը թէ տասը պատուհասները, բարբարոսական ներխուժումները, արաբ Ոստիկանը, եւ Լենկ-Թիմուրը՝ իր գանկերու բուրգերով – բոլորը՝ համախառն ու միանուագ…:

          Երկուութիւնը, ի հարկէ ծպտեալ վիճակով, բանասիրական շպար հագած, չէր կրնար արձանագրուած չըլլալ «Նոր Հայկազեան» բառարանին մէջ եւս, որ միայն հաւատարմօրէն պիտի վերարտադրէր անցեալ մեր մատենագրութեան ողջ խառնիճաղանճը: Անոր ճամբով յաճախակի հետքեր ձգելով ե՛ւ մերօրեայ բառարաններու էջերուն…

 

          Բառարաններ եւ մատենագրութիւն՝ իրենց տեղը ունին մեր մշակոյթին մէջ, ժառանգութեան եւ աւանդներու կրող են : Բայց եթէ կը շարունակենք տէրը ըլլալ մեր լեզուին ու լեզուա-մտածողութեան՝ նաեւ իրենց ներկայ հոլովոյթին մէջ, 1915ի Մեծ Եղեռնը կամ Ցեղասպանութիւնը այսօր Աղէտ բնորոշելը, մեղմասութենէ անդին, կը կազմէ իմաստաբանական ծանրակշիռ սայթաքում: Որովհետեւ՝ մարդկային արարքը զեղչելով-վերածելով բնազանցական-աստուածաբանական յղացքի՝ զայն կը դարձնէ նաեւ երկիմաստութեան կասկածելի խաղի մը զոհը:

            Թղթածրարը ունի նաեւ այս լուրջ երեսը՝ ՈճիրԱղէտ եզրոյթներու շփոթին առթած քաղաքական շահարկումի երեսը –  շատ բնական հետեւանք՝ մեր մէջ իսկ պահպանուած-արծարծուած լեզուա-մտածողական անորոշութեան: Եւ որ անշուշտ շատ կարեւոր է՝ հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողական բանակի ջաղացքին բերած առատ իր ջուրով, ինչպէս արդարօրէն կը նշէ Մութաֆեան: Բայց կը կարծեմ՝ անհրաժեշտ իսկ չէ հոս արծարծել այս հարցը: Եղեռն = Ոճիր հաւասարեցումը, նաեւ Աղէտի՝ իբր համարժէք մերժումը, իմաստաբանական իրենց փաստարկումին մէջ՝ կարիքը չունին այդպիսի արտաքին, a posteriori օժանդակի: Թո՛ղ այսպէս նաեւ խնայուի մեզի տաղտուկը՝ հերքելու ձրի ամբաստանութիւնը «խնդիրը քաղաքականացնելու», որ պատրաստ պահած ունին մաքուր ձեռքերով «աննախապաշար» հոգիներ… : Ի դէպ. այս բառ-յղացքներու ե՛ւ իմաստաբանական, ե՛ւ քաղաքական-կիրառական ուսումնասիրութեամբ հետաքրքրուողները կրնան դիմել Վարդան Մատթէոսեանի՝ ներկայ հարցին առնչութեամբ կազմած անշրջանցելի, սպառիչ թղթածրարին[3], եթէ արդէն ծանօթ չէին անոր:

 

*    *    *

         Մտաւորական սովորամոլութեամբ եւ թիւր «պատուախնդրութեամբ»՝ Եղեռնի իբր հոմանիշ Աղէտ (եւ՝catastrophe) գործածելու յամառութեան դէմ, բոլոր այս պատճառներով,- անհրաժեշտ է՝ Մութաֆեանի հետ՝ ըսել եւ կրկնել. «Ո՛չ, եւ ո՛չ»:

         Եւ շեշտել ու վերասահմանել.- Մեծ Եղեռն՝ մասնաւոր, յատուկ անունն է հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս Շօահ՝ մասնաւոր անունն է հրէական ցեղասպանութեան: Բառացի թարգմանութեան պարագային, եւ ի հեճուկս բանասիրական-մատենագրական բոլոր քաշկռտուած առարկութիւններուն, անոր իբր համարժէք պէտք է տրուի ո՛չ Catastrophe, կամ Աղէտ,- այլ միայն ու միայն «le Grand Crime», «Մեծ Ոճիրը» (ինչպէս հրէականը ի հարկին կը թարգմանուի Holocauste, «Ողջակիզում»):

          Անհրաժեշտ է մեր արտայայտութեան բոլոր մակարդակներէն արմատախիլ ընել Եղեռն = Catastrophe = Աղէտ կաղ հաւասարումը, փոխարինուած միւսով՝ Եղեռն = Ոճիր-Ցեղասպանութիւնով: Ատոր համար կը բաւէ հետեւիլ իմաստաբանական դաշտի յստակ թելադրանքին, եզրոյթներու մերօրեայ առումին, հրաժարիլ կապկելէ այս կամ այն դրացի մշակոյթի ոճն ու լեզուա-մտածողական դարձուածքը, միանգամայն դադրելով տուրք տալէ միջնադարեան խառնիճաղանճ աշխարհատեսութեան մը եւ անոր քշած-բերած իմաստային ժամանակավրէպ նշանակցումներուն[4]: Վ. Մատթէոսեանի հետ կրնայինք շեշտել.- Ընտրուած եզրոյթները «կը նշանակեն ինչ որ լեզուի տէրերը կ՛որոշեն, որ անոնք նշանակեն»[5]: Եթէ չբաւէր, ինքնին, որ տէր ըլլայինք արդէ՛ն որոշուած, ճի՛շդ իմաստներուն: Վերջապէս, յիշենք եւ չմոռնանք, որ Մեծ Եղեռնի վկայ, անոր մատենագիտութեան ռահվիրաներէն եւ եզրոյթի դարբիններէն՝ պատմաբան-լրագրող Արամ Անտոնեան, 1921ին, փաստաթուղթերու իր հատորը տիտղոսած էր «Մեծ Ոճիրը», բառացիօրէն` «Le Grand Crime», եւ ոչ՝ ինչ-որ «Catastrophe», ինչ-որ «Աղէտ»… :

 


[1]La Malédiction de la “Catastrophe”, «Նոր Յառաջ», ֆրանսերէն շաբաթաթերթ-յաւելուած, թիւ 246, յունուար 28:

[2]Թուրքիոյ տարածքին, 1895-96ի կոտորածներուն համար յատկապէս, յետագայ տարիներուն կը գործածուէին «Դէպք»,  «մեծ Դէպք» մեղմասութիւնները, քաղաքական թէ ներքին-հոգեբանական (ինքնա)գրաքննութիւններու ճնշումին տակ: Բայց հարց կը դրուի. եթէ այն ատեն բազմապիսի գրաքննութիւններ կային, հի՛մա ո՞ւր է սխալին աղբիւրը…

[3]Վարդան Մատթէոսեան, «What I Choose It to Mean : ՚Yeghern’ as the Armenian Translation of  ՚Genocide՚», «Armenian Weekly»,16 դեկտ. 2013:  Հարցը անմիջական ու այժմէական դարձնող իրադարձութիւններ՝ Մ.Ն. նախագահի կողմէ՝ «Մեծ Եղեռն» եզրոյթի գործածումը Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ, փոխան ցեղասպանութեան. եւ այդ փոխարինումին շուրջ ստեղծուած բողոքն ու բանավէճը:

[4]Մէկ վերապահում միայն կրնամ պատկերացնել, միակ մարզ մը՝ ուր կրնար արտօնելի ըլլալ շրջանցել եզրոյթներու գիտական-տրամաբանական այսպիսի անհրաժեշտութիւն մը: Եւ այդ ալ՝ գրականութեան դաշտն է, ուր կարելի է «Ոճիր»ի փոխարէն օգտագործել «Աղէտ» կամ այլ եզրոյթ մը, թէեւ առարկայականօրէն անյարիր, բայց ըստ հեղինակի ենթակայական ոլորտի թելադրանքին: Բացառութիւն մը՝ ինչպէս… քերթողական արտօնութիւնը:

[5]Մէջբերումը՝ անգլիական գրականութեան շատ ժողովրդական, միանգամայն դասական «Through the looking-glass and what Alice found there» գործէն, Lewis Carroll, 1871: Տե՛ս նաեւ «The Annotated Alice: The Definitive Edition», introduction and notes by Martin Gardner, New York: W. W. Norton, 2000, p. 213.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.