Ճորճիա Նահանգի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը
643
0
ԱԹԼԱՆԹԱ.- Ճորճիայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ճորճիայի նահանգային խորհրդարանը Մարտ 3ին վաւերացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 1580 բանաձեւը։
Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորները եղած են Ճորճիայի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Փեթ Կարտնըր եւ Տեմեթրիուս Տակլըս:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանն ու Ծերակոյտի անցեալ տարի վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը:
Ցարդ Մեսեչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն եւ Լուիզիանա նահանգները եւս Արցախի անկախութեան նեցուկ կանգնելու բանաձեւեր վաւերացուցած են: