Աւստրալիոյ մէջ հիմնուեցաւ ՀՅԴ «Բեկոր» երիտասարդական մասնաճիւղը
929
0
17 Փետրուար 2016-ին Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի արեւմտեան շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Խանասոր» պատանեկան միութեան 21 անդամներ հիմը դրին երիտասարդական «Բեկոր» մասնաճիւղին եւ գումարեցին իրենց անդրանիկ ժողովը:
Այս ծրագիրը իրականացաւ երկար աշխատանքէ մը ետք: Սկսեալ Նոյեմբեր 2014-էն, երբ վերակենդանացաւ պատանեկան «Խանասոր» մասնաճիւղը, շրջանի կուսակցական մարմնի եւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան տքնաջան աշխատանքներոու շնորհիւ: Պատանիները հետեւեցան նաեւ եռամսեայ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրի մը։
Նկատի ունենալով որ Աւստրալիոյ մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 125-ամեակը նուիրուած էր Արցախին, երիտասարդները փափաքեցան իրենց մասնաճիւղի անունը կնքել ազատամարտիկ Բեկոր Աշոտի անունով։