Արցախի Վաղուհաս գիւղը կ՚ունենայ նոր մանկապարտէզ


ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կայքէջը կը յայտնէ, որ Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղի հին դպրոցի շէնքը վերակառուցման ու վերանորոգման ընթացքի մէջ է: Հին շէնքը պիտի փոխարինուի նոր մանկապարտէզով։

2015-ին դպրոցի հին շէնքը ամբողջութեամբ քանդուած է, որմէ ետք սկսած է դպրոցի վերակառուցման աշխատանքը։

Շէնքը պիտի օժտուի ժամանակակից մանկապարտէզի բոլոր յարմարութիւններով: Կը նախատեսուի մանկապարտէզի տարածքին վրայ կառուցել բացօդեայ խաղավայր: Շինարարութիւնը կ՚իրականացուի ԼՂՀ պետական պիւտճէով։ Վաղուհասի մէջ ներկայիս մանկապարտէզի տարիքի 54 երեխայ կը բնակի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.