Սարգիս Սաղըրեանի վկայութիւնը. Ինչպէ՞ս փրկուեցաւ Սուրիոյ Սէտնայայի վանքը Ճեմալ Փաշայի ճիրաններէն.


Սուրիոյ պատերազմը սկսաւ 2011-ին: 2013-ին Սէտնայայի վանքը յարձակման ենթարկուեցաւ եւ առեւանգուեցան 12 մայրապետներ. վանքը մասամբ աւերակ դարձաւ եւ կողոպտուեցաւ, սակայն տարի մը ետք մայրապետները ազատ արձակուեցան:

Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը ծագեցաւ 1914-ին, Լիբանանի վերջին հայ Մկառավարիչ Յովհաննէս փաշա Գույումճեան պաշտօնանկ եղաւ, եւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ընդհանուր կառավարիչ նշանակուեցաւ Ճեմալ փաշան (ահաբեկուած Թիֆլիսի մէջ Ստեփան Ծաղիկեանի եւ ընկերոջ կողմէ):

Ստորեւ կեսարացի հայուն՝ Սարգիս Սաղըրեանի պատմածը, որ հրաշքով ազատած է 1915-ի ջարդէն եւ ապաստանած՝ Դամասկոս: Սակայն Դամասկոսն ալ ապահով չըլլալով խորհուրդ տուած էին հեռանալ եւ ապաստանիլ Սէտնայայի վանքը:

 

***

 

«Դամասկոսի արաբ կաթողիկէ պատրիարքը, որ պատկառելի եկեղեցական մըն է եւ սիրուած դէմք մը՝ բոլոր համայնքներէն, անգամ մը Ծնունդին այցելած էր մեր Առաջնորդարանը իր երիտասարդ եւ հայասէր փոխանորդին հետ: Առաջնորդին հետ փոխադարձ այցելութեան գացեր էինք: Խաւաճան յանձնարարական նամակ մը առնելով պատրիարքէն, փախուստէն երկու օր ետք զիս ղրկեց Սէտնայայի վանքը, ինքն ալ երկտող մը գրեց վանքի մեծաւորուհիին:

Վանքը կը գտնուի Դամասկոսէն վեց ժամ հեռու, բարձր դիրքով , առողջարար օդով եւ հիանալի տեսարանով վայրի մը մէջ, դարերու ընթացքին շատ մը նորոգութիւններ տեսած եւ մեծ քանակով երկաթներով ամրացուած: Վանքը կը կառավարուի 40 մայրապետներով, որոնց թիւը ըստ աւանդութեան պէտք է մնայ նոյնը, մեռնողներուն տեղ նորեր առնելով: Վանքին մէջ կար որբանոց մը 35 երկսեռ փոքրիկներէ բաղկացած, որոնցմէ երկուքը հայ աղջիկներ էին՝ պատրիարքին փոխանորդին կողմէ ղրկուած: Մեծաւորուհին 75 տարեկան պատկառելի կրօնաւորուհի մըն էր, կ’իշխէր ամէնուն: Ամէն Կիրակի օր դուրսէն քահանայ մը կու գար պատարագ մատուցելու փոքրիկ եւ գեղեցիկ մատուռին մէջ: Վանքը ունի սեփական պարտէզներ եւ ընդարձակ ագարակ մը: Ինծի յատկացուած էր վերի յարկը՝ այն փառաւոր սենեակը, ուր ամէն տարի գերմանացի հիւպատոսը, (որ վարակուելով մեր տարած մանրէներէն մեռած էր…) օդափոխութեան համար կու գայ եղեր, հակառակ պատրիարքին եւ մեծաւորուհիին կամքին: Յետոյ իմացայ, որ խաւաճան յատուկ յանձնարարած էր այս սենեակը, քանզի տեղեակ էր ան, ծերունազարդ Արիստակէս վարդապետին հետ հիւպատոսին կողմէ շէնք-շնորհք վռնտուած ըլլալնէս. ըսած էր ինծի այն ժամանակ.

– Կարեւորութիւն մի՛ տաք, մենք կը ճանչնանք զինք, աշխարհը որո՞ւն մնացեր է, որ իրեն ալ մնայ…

Իրաւունք ունէր խաւաճան, աշխարհը հայատեաց հիւպատոսին ալ մնացած չէր, քանի որ՝

Ճոխ դահլիճէն զինք գերեզման տարին,

Իսկ սենեակը մնաց ժառանգ հայ օտարին…

 

******

Օր մը առաւօտուն պատշգամը նստած էի: Հեռուէն նշմարեցի հինգ ձիաւոր ժանտարմաներ, որոնք կու գային դէպի վանք. սենեակս մտայ եւ պատուհանէն հետեւեցայ իրենց քայլերուն: Երբ մօտեցան վանքին դրան, իրենց մեծաւորը վար իջաւ եւ դուռը զարկաւ: Դռնապանը բացաւ դուռը եւ ժանտարման առաջնորդեց մեծաւորուհիին սենեակը: Առանց տակաւին վերահասու ըլլալու այս անակնկալ այցելութեան նպատակին, սպասաւորներէն մէկը փութաց իմ սենեակս, որպէսզի իր նախապէս ինծի ցոյց տուած պարտէզի թաքստոցին մէջ մտնեմ՝ սենեակիս պարտէզին վրայ բացուող երկրորդ դռնէն վար իջնելով:

Այդ պահուն նշմարեց երկու ձիով վրան բաց կառք մը, կառքին մէջ վեց գործաւորներ: Եթէ, կ’ըսէի իւրովի, այս ժանտարմաները մարդ որսալու կու գային, կառքը ի՞նչ բան որսալու կու գար, որոշ կ’երեւար, թէ վանքէն բան մը գրաւելու եկած էին: Վեց գործաւորները երբ դրան առջեւ հասան, իջան կառքէն, շալկեցին երկաթէ գործիքներ եւ մտան վանք: Այլեւս կասկած չկար, որ անոնք եկած էին վանքին երկաթները քակելու համար. այդ միջոցին կառավարութիւնը շատ պէտք ունէր երկաթի: Բարձրադիր վանքը խիստ մեծ քանակութեամբ երկաթ ունէր, բոլոր սանդուխները եւ պատշգամները երկաթէ արգելարաններով ամրացուած էին. դարաւոր վանքին նորոգութեան համար շատ մը տեղեր երկաթէ հաստ եւ հսկայ ձողեր զետեղուած էին: Օր մը մեծաւորուհիին կատակով մը ըսած էի. «Երկաթավանք» պէտք է կոչել վանքը. պատասխանած էր, որ պատերազմէն առաջ ահագին ծախսեր եղած էին այս մեծ քանակութեամբ երկաթներուն զետեղման համար: Որով եթէ երկաթները հանելու համար եկած էին ժանտարմաները, վանքը պիտի դառնար կատարեալ աւերակ մը:

Տասը վայրկեան վերջ, փոխանորդուհին երկար պատշգամէն վազելով եկաւ սենեակս, չափազանց վրդոված.

– Ժանտարմաներ եկան, մէկը գրասենեակ մտաւ, մեզի ցոյց տուաւ հրամանագիր մը Դամասկոսի զինուորական իշխանութեան կողմէ, վանքին ամբողջ երկաթները պիտի քակեն եւ քաղաք տանին, գործաւորներ եկան եւ անմիջապէս գործի սկսան, փոխադրութեան համար ուրիշ կառքեր ալ պիտի գան եղեր: Շատ աղաչեցինք, օգուտ չըրաւ: Ա՜խ, ի՞նչ պիտի ընենք, մեր դարաւոր վանքը աւերակ պիտի դարձնեն, տուներնիս պիտի քանդեն. ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին մեր խեղճ որբուկները: Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ:- Խեղճ մայրապետը երկու ձեռքերը երեսին տանելով սկսաւ հեծկլտալ: Յետոյ աւելցուց,- մեծաւորուհին ղրկեց զիս, ձեզի հարցնելու համար, թէ ի՛նչ կարելի է ընել փրկելու համար մեր դարաւոր վանքը:

– Մի՛ յուսահատիք այդքան, Աստուած մեծ է, դուք հիմա անմիջապէս գացէք վար, ըսէք ժանտարմաներու պետին, թէ Փաթրիք էֆէնտին՝ վանքի ներկայացուցիչը պիտի գայ իրեն հետ տեսնուելու. ես վար իջնեմ, մէյ մը փորձեմ, կրնայ ըլլալ, որ յաջողինք քանդումը գոնէ յետաձգել տալ եւ ժամանակ շահիլ:

– Բա՜յց… դո՞ւք…

– Մի՛ վախնաք, գացէք անմիջապէս, միայն թէ երբ ես ներս մտնեմ, գրասենեակին մէջ զիս առանձին ձգեցէք ժանտարմաներու պետին հետ:

Մայրապետը եկածին պէս կրկին վազելով պատշգամէն վար իջաւ:

 

******

Տաբատիս աջ կողմի գրպանին մէջ հինգ հատ արծաթ մէճիտիէ դնելէ ետք, անցայ պատշգամէն: Վեց գործաւորներ թեւերնին սոթտած սկսած էին արդէն քանդել նախ պատշգամէն վար խոշոր սանդուխին հաստ երկաթէ շինուած արգելարանը, կոտրտելով եւ անխնայ թափելով սանդուխի աստիճանները:

Մտայ գրասենեակ, պատրիարքի մը պաշտօնական ներկայացուցիչին վայել քալուածքով եւ կեցուածքով մը… Երկու կրօնաւորուհիները անմիջապէս դուրս ելան. իսկ ժանտարմաներու պետը ելաւ ոտքի, բարեւեցի զինք գլխու պզտիկ շարժումով մը եւ.

– Կրնա՞մ տեսնել ձեզի յանձնուած հրամանագիրը: Բայց նստեցէք:

– Անշո՛ւշտ, էֆէնտի,- ըսելով ծոցէն հանած թուղթը ինծի երկարեց եւ նստաւ: Ես միշտ ոտքի վրայ եմ, հրամանագիրը աչքէ անցընելէ ետք.

– Այս հրամանագիրին մէջ չորս զանազան վայրերու անուններ նշանակուած են, միւս երեք տեղերուն երկաթները հանա՞ծ էք արդէն, թէ ոչ առաջին անգամ մեր վանքը կու գաք:

– Երկու օր առաջ, այստեղէն երեք ժամ հեռու տեղ մը գացինք եւ բոլոր երկաթները հանելով փոխադրեցինք քաղաք, իսկ այսօր հոս եկանք, չեմ գիտեր, թէ որքան ատենէն պիտի կարենանք քանդել այստեղ. ահագին գործ կայ հոս, վաղը տասը գործաւոր եւ չորս կառք եւս բերել պիտի տամ, աստեղը վերջացնելէ ետք պիտի երթանք միւս երկու տեղերն ալ քանդելու… կը տեսնէ՞ք, էֆէնտի՛, հրամանագիրը շատ որոշ է: Խեղճ Ռահպէները (կրօնաւորուհի) շատ աղաչեցին, պաղատեցան եւ լացին, բայց ես ի՞նչ կրնամ ընել, հրամանը վերէն է, վերէն:

– Ինչպէ՞ս է ձեր անունը:

– Օն պաշ Մահմուտ Զատէ Ահմէտ, էֆէնտի՛:

Ես միշտ ոտքի վրայ եմ, աջ ձեռքս տաբատիս գրպանին մէջ, մերթ ընդ մերթ կը սկսիմ ինծի օգնութեան կոչել խոշոր արծաթ մէճիտիէներու շլացուցիչ, գրաւիչ եւ խիստ հաճելի ձայները: Նախ երկու հատը կը բռնեմ եւ միւս երեքին վրայ մէյ մէկ հատ կը ձգեմ՝ շը՜խ, շը՜խ… յետոյ երեք հատը կը բռնեմ եւ միւս երկուքին վրայ մէկ մէկ կը ձգեմ՝ շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ…

– Մտի՛կ ըրէք, Ահմէտ էֆէնտի, ինչպէս որ տեսաք հոս գալու ատեն, այս մանասթըրը (վանք) շատ բարձր դիրք մը ունի, շը՜խ, շը՜խ-շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ: Բաց աստի, դուք կարելի է չէք գիտեր, որ մենք այստեղ որբանոց մը կը պահենք, երբ որ դուք երկաթէ վանդակապատերը քանդելու ըլլաք, հօրմէ, մօրմէ զուրկ զաւալլը չօճուխները (խեղճ տղաքը) մէկիկ-մէկիկ ժայռերէն վար կը գլտորին: Այնպէս չէ՞, Ահմէտ էֆէնտի, շը՜խ, շը՜խ-շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ… Անկէ զատ, այս մեծ մանասթըրը, որ երկար դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցած է եւ կառավարութիւնը մինչեւ հիմա որեւէ բան քանդած չէ իբրեւ մուգատտէս (նուիրական) սրբավայր մը, բոլորովին աւերակ կը դառնայ: Անանկ չէ՞, Ահմէտ էֆէնտի, շը՜խ, շը՜խ-շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ…

– Կը հասկնամ, էֆէնտի՛, շատ լաւ հասկցայ,- աչքերը տնկած է հաճելի ձայներ հանող գրպանիս,- ձեր ըսածները շատ ճիշդ են, ես ալ այդպէս կը խորհիմ: Բայց, խնդրեմ, դո՛ւք ըսէք, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ հրամանը չգործադրելով պատասխանատու չըլլամ ես…

– Անշուշտ, ե՛ս ալ չեմ ուզեր, որ դուք պատասխանատու ըլլաք: Սակայն նայեցէք, Ահմէ՛տ էֆէնտի, ամէն բանին ճարը կայ: Ես հիմա անմիջապէս նամակ մը կը գրեմ մեր Փաթրիք էֆէնտիին, որպէսզի անձամբ դիմում կատարէ ճեմալ փաշային, որ այս միջոցիս Դամասկոս կը գտնուի, եւ խնդրէ անկէ այս վանքը քանդումէ զերծ կացուցանել, նկատի առնելով 40 մայրապետները, 35 որբերը եւ վանքին բարձր դիրքը. ես հարիւրէ հարիւր վստահ եմ, որ վայրկեանական պէտք եղած իրատէն (հրամանը) կը շնորհուի: Կը հասկնա՞ք, Ահմէտ էֆէնտի, շը՜խ, շը՜խ-շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ… Իսկ դուք հիմա ձեր գործաւորները ժողվելով կ’երթաք ուրիշ տեղ քանդելու, հինգ օր վերջ դուք առանձին կ’այցելէք մեզ, տեսնելու համար Ճեմալ փաշային իրատէն, իսկ եթէ երբեք, Աստուած միարասցէ, չյաջողինք, այն ատեն կը քանդէք մեր վանքն ալ: Չըլլա՞ր, Ահմէտ էֆէնտի, գիտէք որ այս կարգի որեւէ ծառայութիւն կը վարձատրուի. շը՜խ, շը՜խ-շը՜խ, շը՜խ, շը՜խ…

– Հասկցայ, էֆէնտի, շատ լաւ հասկցայ, այս ըսածնիդ կ’ըլլայ, շիտակը խելքիս լաւ պառկեցաւ, փոխանակ առաջ այստեղը քանդելու, միւս երկու տեղերը կը քանդենք, ո՛վ ինչ բան կ’ըսէ, անանկ չէ՞, միեւնոյն բանն է ինծի համար: Այս ըսելով ոտքի ելաւ, աչքերը տնկած խիստ հաճելի ձայներ արտադրող գրպանիս…

Ուրախութեամբ գրպանեց հինգ չիլ չիլ մէճիտիէները եւ յարգանքով բարեւներ տալէ վերջ, գրասենեակէն դուրս ելաւ, ու պոռաց գործաւորներուն.

– Հօյլա՜, հօյլա՜, Ապու-Խալիլ, Ապու-Հասան, հո՛ս եկէք, բոլորդ հո՜ս…

Ապու-Խալիլ, Ապու-Հասան երբ որ հասան, մեր ժանտարման կարծես դեսպան մը ըլլար.

Աուա՜մ, աուա՜մ (շուտ-շուտ), գործիք-մործիք տարէք կառք, սխալեր ենք, հոս չենք եկած ճիշդ կարգին…

 

******

Պէտք եղած նամակը մեծաւորուհիին կողմէ գրուեցաւ Պատրիարքին, գրեց նաեւ անձնական նամակ մը հայասէր երիտասարդ փոխանորդին եւ անմիջապէս վանքի սպասաւորներէն մէկը ճամբայ հանեց, որ մեկնեցաւ քառասմբակ, վանքին ամէնէն կայտառ ձիովը:

Չորրորդ օրը, իրիկուան մօտ, պատշգամէն տեսայ սպասաւորին հեռուէն գալը: Իջայ վար, մեծաւորուհիին եւ փոխանորդուհիին հետ դիմաւորեցինք զինք վանքի դռնէն դուրս: Սպասաւորը մեզ տեսնելով հեռուէն մէկ ձեռքով սանձը բռնած, միւս ձեռքով ալ ճերմակ խոշոր պահարան մը, աւետիսի նշան տալով կը պոռար իր ամբողջ ձայնովը.

Խէլա՜ս, խէլա՜ս, խէլա՜ս… (փրկութիւն):

Հրամանը առնուած էր ուղղակի Ճեմալ փաշայէն. «Սէտնայայի Մանասթըրը մուաֆ (զերծ)»: Պատրիարքին փոխանորդը մեծաւորուհիին գրած իր նամակին մէջ աւելցուցած էր տող մը.

«Յայտնեցէ՛ք իմ ալ շնորհակալութիւններս մեր վանքի հիւրին»:

 

******

Շը՜խ, շը՜խը երեք բանի ծառայեց, նախ փրկեց դարաւոր վանք մը իրական քանդումէ, երկրորդ ուրախացուց ժանտարման, իսկ երրորդ զիս ալ ուրախացուց, քանզի ի նշան երախտագիտութեան իմ ըրած մէկ փոքրիկ ծառայութեանս, հինգ հայ որբեր եւս ընդունեցին վանքի որբանոցէն ներս:

Բարի մեծաւորուհին կ’ըսէր ուրախութեամբ.

– 40 որբ, 40 մայրապետ, մէյ մէկ որբ յանձնած եմ իւրաքանչիւր մայրապետի մայրական խնամքին:

Ո՜վ երանելի շը՜խ, շը՜խներ, ինչե՜ր, ինչե՜ր չենք պարտիր ձեր հմայիչ ձայնին, մանաւանդ փորձանքի պահուն.

«Երբ որ եկաւ գլխուդ փորձանք, ցոյց տուր լուման, ան կը հարթէ ամէն մի բան, սուրի նման:

Շը՜խ, շը՜խ ձայներ, խիստ ազդեցիկ, քանի ուրիշ ձայն, անոնց քովը ուրիշ մի ձայն է բաղաձայն…»:

 

Սարգիս Սաղըրեան

«Կիսադարեան յուշամատեան», էջ 133-137

 

Սարգիս Սաղըրեան

Այս գրութեան հեղինակ Սարգիս Սաղըրեանը ծնած է Կեսարիա, 1884-ին: 1895-ի ջարդերուն ծնողքին հետ մեկնած է Իզմիր, յաճախած է Մեսրոպեան վարժարանը երեք տարի եւ վերադառնալով Կեսարիա ուսումը շարունակած է ֆրանսական բարձրագոյն դպրոցին մէջ եւ աւարտած: Զբաղած է լումայափոխութեամբ: 1915-ին կը ձերբակալուի եւ կը ղրկուի Տէր Զօր, հրաշքով կը հասնի Դամասկոս, ապա կը հաստատուի Փարիզ: Կ’ունենայ ազգային գործունէութիւն, կը գրէ իր յուշերը «Կիսադարեան յուշամատեան» խորագիրը կրող հատորով մը, որմէ առնուած է սոյն գրութիւնը: Մահացած է Փարիզ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.