«Թուրքիան Պիտի Փլուզուի», Կ’ըսէ Պատմաբան Աշոտ Մելքոնեան


Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան armtimes-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է‚ որ ռուս-թրքական վերջին լարուածութենէն պէտք չէ շատ ոգեւորուիլ‚ այլ անհրաժեշտ է զգուշաւոր ըլլալ։ Ան խիստ ուշագրաւ վերլուծումներ կատարած է։

Պարոն Մելքոնեան‚ ռուս-թրքական լարուածութեան լոյսին տակ արդէն քանի մը օրէ ի վեր‚ որոշ շրջանակներու մէջ Կարսի համաձայնագիրի մասին յիշած են եւ կը խօսին‚ թէ Ռուսիոյ նախագահ չի պատրաստուիր վերականգնել զայն։ Նախ‚ այդ համաձայնագիրը իսկապէս վերականգնման ենթակա՞յ է‚ թէ՞ ոչ եւ ընհանրապէս‚ այս լարուածութեան լոյսին տակ ատոր նշանակութիւնը ի՞նչ է։

– Փոքրիկ ճշդում մը. այնքան Կարսի համաձայնագիրի մասին չէ խօսքը, որքան Մոսկուայի համաձայնագիրի, որ կնքուած է 16 Մարտ 1921-ին Պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Քեմալական Թուրքիոյ միջեւ՝ առանց Հայաստանի մասնակցութեան՝ Հայաստանի շահերը ոտնահարելով։ Այդ համաձայնագիրի կէտերէն մէկը կը նախատեսէր Ռուսիոյ կողմէ համանման համաձայնագիր պարտադրել նաեւ Անդրկովկասեան 3 հանրապետութիւններուն‚ ինչ որ տեղի ունեցաւ արդէն Կարսի մէջ, Հոկտեմբեր 1921-ի կէսերուն։ Խօսքը Մոսկուայի համաձայնագիրի մասին է‚ որովհետեւ Ռուսիան չի կրնար չեղեալ յայտարարել Կարսի համաձայնագիրը‚ որովհետեւ ինք չէ կնքած այդ համաձայնագիրը։ Ինք կնքած է այդ համաձայնագիրի մայր տարբերակը‚ որ հետագային ծնաւ Կարսի համաձայնագիրը։ Մոսկուայի համաձայնագիրին մէջ եւ հետագային նաեւ Կարսի համաձայնագիրին մէջ զայն թարմացնելու կէտ չկայ։ Սակայն ցաւալիօրէն‚ ատկէ 90 տարի ետք՝ 16 Մարտ 2011-ին‚ երբ Էրտողան գտնուեցաւ Մոսկուա‚ Մետվետեւի հետ անոնք կարծես թէ խորհրդաւոր կերպով վերաթարմացուցին այդ համաձայնագիրը՝ իբրեւ նուէր փոխանակելով համաձայնագիրի թեքսթը եւ Կարսի համաձայնագիրէն լուսանկար‚ որ‚ ի հարկէ‚ շատ անընդունելի է։ Ցաւալիօրէն մենք այդ ժամանակ չարձագանգեցինք‚ երբ ուղղակի աղ լեցուցին մեր վէրքին վրայ. գիտենք‚ որ Մոսկուայի համաձայնագրին իբրեւ հետեւանք մենք կորսնցուցինք Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը՝ Արարատ լեռով միասին։

-Իսկ Կարսի համաձայնագիրը վերանայման ենթակայ չէ՞։

– ՀՀ-ն չէ կնքած Կարսի համաձայնագիրը։ Ատիկա կեանքի կոչած է Խորհրդային Հայաստանը‚ իսկ մենք‚ իբրեւ անկախ երրորդ հանրապետութիւն‚ ուղղակիօրէն ատոր պարտաւորութիւնը չենք վերցներ‚ եւ պատահական չէ‚ որ նաեւ պետական մակարդակով յաճախակի կը խօսուի Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի մասին։ Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն‚ այսօր գործող համաձայնագիրը‚ որ թէեւ չէ վաւերացուած‚ կը հանդիսանայ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը‚ ըստ որու‚ Տրապիզոնի‚ Էրզրումի‚ Պիթլիսի եւ Վանի նահանգներու մեծագոյն մասը կը համարուին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք։

-Որքանո՞վ հաւանական է‚ որ ատիկա իսկապէս ուժ ստանայ։

-Ատիկա կախեալ է անկէ‚ թէ ամբողջ աշխարհը որքանով պիտի հակուի Թուրքիոյ դէմ գործողութիւններ իրականացնելու։ Ես համոզուած եմ‚ որ եթէ ՏԱՀԵՇ-ը (Իսլամական Պետութիւն – ISIS) շարունակէ իր գոյութիւնը պահպանել եւս քանի մը տարի‚ ատիկա պիտի նշանակէ‚ որ խօսքը Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ին ամէն տեսակ օգնութեան մասին է։ Առանց Թուրքիոյ վերացման չի կրնար վերանալ անոր ծնունդ հանդիսացող ՏԱՀԵՇ-ը։ Եթէ աշխարհը հակեցաւ ատոր‚ ինչպէս 1916-ին անգլիացի եւ ֆրանսացի դիւանագտներ Սայքս-Փիքոյի համաձայնագրով‚ որուն միացաւ նաեւ անոնց դաշնակից Ռուսիան եւ որոշուեցաւ հիմնականին մէջ այդ 3 մեծ պետութիւններու միջեւ բաժնել Օսմանեան կայսրութիւնը‚ բայց յետոյ տեղի ունեցաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը‚ Ռուսիան դուրս եկաւ պատերազմէն եւ‚ ցաւօք‚ այդ ծրագիրը մնաց թուղթի վրայ… Բայց ես համոզուած եմ, որ անիկա որեւէ պահու կրնայ ի զօրու դառնալ, որովհետեւ նոյնիսկ ՆԱԹՕ-ի անդամ բազմաթիւ երկիրներ, անոնց նախկին բազմաթիւ ղեկավար զինուորականներ կը յայտարարեն, որ Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ ըլլալը կը վարկաբեկէ այդ ռազմական կառոյցը‚ եւ ժամանակն է Թուրքիան վտարել այդ կազմակերպութենէն։ Եթէ ատիկա տեղի ունենայ‚ պիտի ըլլայ նաեւ այն‚ ինչի մասին մենք կը խօսինք։

-Բայց կարծես թէ քիչ է հաւանականութիւնը‚ որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ։

-Չեմ կրնար ըսել. չի բացառուիր‚ հաւանականութիւնը մեծ է‚ որովհետեւ Թուրքիան կայսրութիւն է‚ իսկ կայսրութիւնները‚ իբրեւ պատմաբան կ’ըսեմ‚ դատապարտուած են փլուզման։ Թուրքիան այդ առումով բացառութիւն չի կրնար ըլլալ։ Քրտական հարցը եւ անոր հարեւան բոլոր երկիրներու հետ ունեցած թշնամական վերաբերմունքը ատոր վկայութիւնն են։ Ես համոզուած եմ։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.