Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող Քնար Պոհչալեան տօնեց իր 107-ամեակը


Փետրուար 13-ին, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան դարձաւ 107 տարեկան։ Մեծ հաւանականութեամբ, ան հաւանաբար ամենէն տարեց վերապրողներէն մէկն է։

 Քնար Պոհչալեան-Եմինիճեան ծնած է 1909-ին Կեսարիոյ մէջ։ Երբ ջարդերը եւ Կեսարիոյ դէմ յարձակումը սկսան, ան իր ընտանիքին հետ քանի մը ամիս ապաստանեցան յարդանոցի մը մէջ։ Հետագային անոր ընտանիքը աքսորուեցաւ, սակայն ոչ իրենց տունէն շատ հեռու, որովհետեւ հայրը թրքական բանակին մէջ զինուոր էր։ Պոհչալեան կը յիշէ, որ մեծնալու ընթացքին իր մայրը եղբօրը գլխուն թաշկինակ կը կապէր, որպէսզի զինք աղջիկ կարծեն, որովհետեւ բոլոր այր մարդիկը կը հաւաքէին ու կը սպաննէին։ Կառավարական հրամանագրէ մը ետք եւ իրենց մեծ մօր քաջալերանքով անոնք իրենք զիրենք կը թրքացնեն, որպէսզի կենդանի մնան։ Պոհչալեան եւ իր ամբողջ ընտանիքը թրքական անուններ կը կրեն։ Զինադադարը յայտարարուելէն ետք՝ անոր ծնողը կ՚որոշէ շրջանէն փախուստ տալ։ 1928-ին, անոնք կը մեկնին Անգարա, ապա՝ Պոլիս, ուր 11 ամիս մնալէ ետք նաւով կ՚անցնին Յունաստան եւ երկու օր ետք կը հասնին Աղեքսանդրիա։ Ան օրին 19 տարեկան էր։

 Պոհչալեան կ՚ըսէ, թէ իր ընտանիքին ցեղասպանութենէն վերապրելու միակ պատճառը՝ թրքական ինքնութիւն ընդունիլն էր, այսինքն՝ իսլամանալ եւ թուրք դառնալ։ Ան երախտապարտ կը մնայ իր մեծ մօր, որ (վստահաբար դժկամութեամբ) Պոհչալեան ընտանիքը քաջալերեց թրքանալու։ Պոհչալեան ամուսնացաւ եւ 40 տարի Եգիպտոսի մէջ ապրեցաւ մինչեւ 1971, երբ իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Մոնթրէալ։ Հակառակ բոլոր դժուարութեանց ան ցեղասպանութենէն վերապրեցաւ։ Անոր հետ հանդիպում ունենալն ու ներկայութիւնն ու առատաձեռնութիւնը վայելելը հոյակապ փորձառութիւն մըն էր։ Պոհչալեան ունի երկու զաւակներ, երեք թոռներ եւ երեք ծոռներ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.