«Հորիզոն» ներկայ գտնուեցաւ Գանատական բանակի զինուորական խորհուրդի ղեկավար Ճոնաթան Վանսի ասուլիսին
1271
0
Փետրուար 4-ին, Գանատայի համայնքային Մամլոյ խորհուրդի կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ կայացաւ Գանատայի բանակի զինուորական խորհուրդի ղեկավար Զօր. Ճոնաթան Վանսի մամլոյ ասուլիսը։ «Հորիզոն»ի կողմէ սոյն ասուլիսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ժագ Վարպետեան եւ. Իշխան Ղազարեան։
Գանատայի զանազան ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող վերոնշեալ Մամլոյ խորհուրդի նախագահ Թամըս Սարաս բացումը կատարեց ասուլիսին, որմէ ետք զօրավար Ճոնաթան Վանս Միջին Արեւելքէն եւ յատկապէս Սուրիայէն Գանատա ներգաղթողներուն մասին։ Ասուլիսի աւարտին «Հորիզոն» մասնակից դարձաւ հարց-պատասխան բաժնին։
Նշենք, որ զօրավար Ճոնաթան Վանս կը համարուի Գանատայի բանակի երկրորդ ամէնէն բարձրաստիճան զինուորականը։
Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի