Յակոբ Տէմիրճի կողոպտուելէ ետք խեղդամահ եղաւ Իսթանպուլի իր բնակարանին մէջ
Սթամպուլի հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ անյայտ անձերծ ներխուժած են տարէց հայու բնակարան եւ սպաննած զինք: Դէպքը տեղի ունեցած է Շիշլիի Հարպիյէ Ճումհուրիյէթ պողոտային վրայ:
Վկայակոչելով թրքական Haberler.com լրատուականը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, որ անձը չպարզուած 3 մարդ ներխուժած են 85-ամեայ Յակոբ Տէմիրճիի բնակարան, կապած են զինք եւ իր կինը` 79-ամեայ Սեդա Այտա Տէմիրճին, վերցուցած տան մէջ եղած թանկարժէք իրերը եւ հեռացած:
Ոստիկանութիւնն ու փրկարարները յաջողած են ժամանակին փրկել կնոջ կեանքը` տեղափոխելով զայն հիւանդանոց: Սակայն տարէց տղամարդը հնարաւոր չէ եղած փրկել։ Յակոբ Տէմիրճի խեղդամահ եղած է վզին շուրջ ամրացուած կապանքին պատճառով։
Նշուած է, որ յանցագործներու ինքնութիւնը պարզելու համար ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տարածքին տեղադրուած անվտանգութեան տեսախցիկներու ձայնագրութիւնները: