Արեւմտահայերէնին Նուիրուած Համաժողով Օքսֆորտի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին օժանդակութեամբ «Արեւմտահայերէնը՝ 21րդ Դարուն» եռօրեայ համաժողովը կայացաւ Յունուար 21-23: Համաժողովին մասնակցեցան արեւմտահայերէնի պահպանման եւ լեզուին ապագայի խնդիրներով մտահոգ գրողներ, գրական, կրթական, հասարակական գործիչներ, նշանաւոր համալսարաններու հայագիտական ամպիոններու դասախօսներ, հրատարակիչներ եւ արեւմտահայերէն մամուլի խմբագիրներ եւ լրագրողներ:

2010ի Փետրուարին, ժամանակակից հայերէնի երկու ճիւղերէն մէկը՝ արեւմտահայերէնը, ընդ-գրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներ»ու ցանկին մէջ՝ ստանալով «հաստատապէս վտանգուած» կարգավիճակը:

Համաժողովի կազմակերպիչները, մտահոգութիւն յայտնելով այդ որոշումին առթիւ՝ քննարկեցին արեւմտահայերէնը աւելի լայն ծրագիրներով պահպանելու, ժամանակակից կապի միջոցներ օգտագործելու եւ Սփիւռքի նոր սերունդին մէջ արեւմտահայախօսութիւն տարածելու նոր հնարաւորութիւնները:

Համաժողովի համակազմակերպիչ, Օքսֆորտի համալսարանի դասախօս Հրաչ Չիլինկիրեան նշեց, որ այս առաջին անգամն է, որ Եւրոպայի նշանաւոր ու հնագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ կը կազմակերպուի արեւմտահայերէնին նուիրուած համաժողով մը, որուն բոլոր զեկոյցներն ու քննարկումները կ՛ընթանան արեւմտահայերէնով:

Ըստ կազմակերպիչներուն՝ արեւմտահայերէնի պահպանման նուիրուած համաժողովները պիտի շարունակուին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.