Վասպուրականէն Մինչեւ Սալնոյ Ձոր
Սալնոձորի Ս. Ախպերիկ եկեղեցին
Հայրենակցական միութիւններու շարքը իր աւարտին պիտի բերենք` յիշատակելով երկու անուններ եւս. Վասպուրական եւ Սալնոյ Ձոր: Մէկը` ժողովրդային լայն խաւերու համար յայտնի տեղանուն մը, միւսը` ընդհակառակն, գրեթէ անծանօթ վայր մը:
Արդարեւ, ո՞վ լսած է Սալնոյ Ձոր անունը:
Սալնոյ Ձոր կամ Սալնոձոր (մէկ բառով) իր անունը կ՛առնէ Սասունի մերձակայ Սալանայ լեռներէն: Եթէ դիմենք պատմական հին քարտէսներու, պիտի հասկնանք, որ Սալնոձորը Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգի գաւառներէն մէկն էր, որ կը տարածուէր Սասունի արեւելքը: Աւելի ուշ, օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, այս գաւառը կցուած է Պիթլիսի վիլայէթին ու այդպէս ալ մնացեր է մինչեւ վերջ:
Եթէ կարդացեր էք Ռուբէնի (Տէր Մինասեան) նշանաւոր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» բազմահատոր երկը, պիտի մտաբերէք, թէ այնտեղ բազմիցս խօսուած է ՀՅԴ Սալնոյ Ձորի Կեդրոնական կոմիտէի գործունէութեան մասին: Ու այդ գործունէութեան առանցքը Աղբիւր Սերոբն էր` Բաղէշէն մինչեւ Ախլաթ…
Հետեւաբար սխալ չէ ենթադրել, որ Սալնոձորի հայրենակցական միութիւնը իր երդիքին տակ համախմբած ըլլայ պիթլիսցիները կամ Պիթլիսի մօտակայ շրջաններու հայերը: Մեզի ծանօթ է միայն այս միութեան Մարսէյի մասնաճիւղը, որ հիմնուեր է 1928-ին ու ջանադիր եղած է հրատարակելու իր ծրագիր-կանոնագիրը (տեսնել` կցուած լուսանկարը): Քանի՞ տարի կրցեր է գոյատեւել` կ՛անգիտանանք: Թերեւս անոնք, հետագային, միացան Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան:
Իսկ Վասպուրակա՞նը…:
Օ՜, ամէն մարդ գիտէ, որ Վասպուրականը Վանի ու Վանայ լճի շրջանին տրուած անունն է, մէկը` Մեծ Հայքի կեդրոնական ու ընդարձակ նահանգներէն: Հո՛ս հիմնուած է Արծրունեաց թագաւորութիւնը, որ գոյատեւեց աւելի քան դար մը, Ժ.-ԺԱ. դարերուն: Ափսո՜ս, որ վասպուրականցիք իրենց պապենական հողերը ՁՐԻԱԲԱՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ բիւզանդացիներուն, ու հաւաքաբար գաղթեցին դէպի Սեբաստիոյ կողմերը ու հոն հաստատուեցան 1021-ին… Մեր պատմութեան ամէնէն անմարսելի ու տխուր դրուագներէն մէկն է ատիկա:
Վասպուրական ունէր նաեւ իր առանձին կաթողիկոսութիւնը, որ կը գտնուէր Աղթամարի մէջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շուքին ներքեւ: Այս կաթողիկոսութիւնը իրողապէս գոյատեւեց մինչեւ 1895, Խաչատուր Բ. Շիրոյեան կաթողիկոսին վախճանումը:
Ի հարկէ, էջե՜ր ու էջեր պէտք է լեցնենք` պարզ ուրուագիծը տալու համար Վասպուրականին: Այնքա՜ն հարուստ է անոր պատմութիւնն ու անցեալը, այնքա՜ն անհամար են անոր ստեղծած մարդկային ու աննիւթական արժէքները:
Մեծաթիւ են նաեւ գիրքերը, որոնք կը խօսին Վասպուրականի անցեալին մասին: Յիշենք գէթ աչազուրկ դաստիարակ Համբարձում Երամեանի «Յուշարձան Վան-Վասպուրականի» երկհատոր աշխատասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է Աղեքսանդրիա, 1929-ին:
Վասպուրականցիներուն մեծ մասը Եղեռնէն ետք անցաւ Արեւելահայաստան, ուրիշներ անցան Պարսկաստան, Իրաք, ոմանք ալ գացին մինչեւ Ֆրանսա, Ամերիկա եւ Արժանթին: Այս երկիրներուն մէջ հիմնուեցան Վասպուրականի հայրենակցական միութեան մասնաճիւղեր:
Գիտենք, որ առ այսօր, այս անունով հայրենակցական միութիւններ կը գործեն Երեւանի, Ամերիկայի ու Մարսէյի մէջ:
Մարսէյի վանեցիները ամէն տարի կը համախմբուին Հայ մշակոյթի տան մէջ ու կ՛ոգեկոչեն իրենց հերոսամարտը: Իսկ ամերիկաբնակ վանեցիները 1953-էն ի վեր կը շարունակեն հրատարակել «Վարագ» պաշտօնաթերթը, որ հայրենակցական բնոյթի կանգուն մնացող հազուագիւտ պարբերականներէն մին է հայ սփիւռքի տարածքին:
Ի՜նչ հրաշալի աշխարհ մը կորսնցուցեր ենք` Սալնոձորէն մինչեւ Վասպուրական…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ