Տաւութօղլու. «Հայաստանին կոչ կ՛ընեմ՝ դո՛ւրս եկէք ձեզ չպատկանող հողերէն»
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Ատրպէյճան այցին ընթացքին անդրադարձած է Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Թուրքիոյ ջանքերուն եւ կոչ յղած Հայաստանին, tert.am-ի՝ փոխանցմամբ` կը յայտնէ aa.com.tr-ն:
Ան նշած է, թէ իրենք միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան «եղբայրական Ատրպէյճանի» կողքին ու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար կրկնած է իր աւանդական թեզերը` պահանջելով դուրս գալ ազատագրուած տարածքներէն:
«Հայաստանին կոչ կ՛ընեմ՝ դո՛ւրս եկէք ձեզ չպատկանող հողերէն ու խաղաղութեան գործընթացք սկսելու պարագային կը կարենաք մասնակցիլ Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած խաղաղ եւ հեռանկարային միութեան»,- ըսած է ան:
Տաւութօղլուն նաեւ յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի հողերը սուրբ են» եւ անպայման «պիտի ազատագրուին»:
Աւելին` ան յայտարարած է, թէ «մարդասէր» Թուրքիան միշտ այնտեղ է, ուր մարդկային ողբերգութիւն կայ` Հայիթիի երկրաշարժին, Ճաբոնի կամ Ֆիլիփիններու ցունամիին:
«Ուր զոհ կայ, ճնշուած կայ, Թուրքիան անպայման այնտեղ է: Մենք այս դիւանագիտութեան մարդկային դիւանագիտութիւն, խղճի դիւանագիտութիւն կը կոչենք»,- ըսած է թուրք պաշտօնեան: