Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Սահմանային Պաշտպանական Դիրքեր


ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան 19 Նոյեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան պաշտպանական դիրքեր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ նախագահ Սարգսեան շրջագայած է սահմանային զօրամասերուն մէջ, այցելած պաշտպանական դիրքեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացած զինուած ուժերու մարտական պատրաստականութեան, բանակաշինութեան ընթացիկ աշխատանքներուն:

Հանրապետութեան նախագահը ներկայ գտնուած է երկրորդ բանակային զօրամիաւորման ստորաբաժանումներու ներգրաւմամբ կատարուած ցուցադրական մարզումներուն, լսած է բանակային զօրամիաւորման հրամանատարին զեկոյցը՝ ենթակայ զօրամասերուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ առկայ խնդրայարոյց հարցերուն վերաբերեալ: Զօրամասերէն մէկուն մէջ նախագահը մասնակցած է նաեւ զինուորներուն համար նոր կառուցուած ճաշարանի բացման արարողութեան։

Նոյն օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.