Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ


Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի մէջ գործունէութեան պատմութիւնը կը սկսի այն օրէն, երբ Գանատայի՝ յատկապէս հարաւային Օնթարիոյի շրջանը, աշխատանքի ճամբով հայեր կը հաստատուին:ՀՅԴ կառոյցի Գանատայի մէջ հիմնադրութեան թուականի ճշգրիտ արձանագրութիւն չկայ, սակայն մեզի հասած արխիւներէն կարելի է եզրակացընել, թէ դաշնակցական միաւորներ Գանատայի մէջ գործած են 1902-1903 տարիներէն սկսեալ։Ամփոփ գիծերով եւ յատկանշական կէտերու մատնանշումով միայն պիտի տանք Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի շրջանի 114-ամեայ պատմութիւնը:

 ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ

մեր կազմակերպական պատմութիւնը կը բաժնենք կարեւոր երեք հանգրուաններու.
1. Ա. Շրջան (1902 – 1937‘ Գործադիր Մարմնի ստեղծում)2.

Բ. Շրջան (1937 – 1972‘ Մեկուսի Կոմիտէութեան ստեղծում)3.

Գ. Շրջան (1972 – ցարդ)

 Ա. շրջան (1902 – 1937)

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի առաջին Կոմիտէութիւնը կը կազմուի Պրանթֆըրտի մէջ 1902-1903 շրջանին. պաշտօնական հրապարակումը կը կատարուի 16 յուլիս 1904-ին, 14 ընկերներով, իբրեւ մէկ միաւորը հիւսիսային Ամերիկայի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէութեան:Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող Պրանթֆըրտի Կոմիտէի 1904-էն 1907 տետրակով պահուած արձանագրութիւնները կը սկսին էջ 63-էն եւ 24 փետրուար 1907-ին առնուած «դատական վճիռ»ով եւ ապա կայացած ընկերական ընդհանուր ժողովի արձանագրութեամբ:1907-ին Պրանթֆըրտի Կոմիտէութիւնը ունէր հինգ խումբեր, բաղկացած 81 ընկերներէ, առաւելաբար քղեցի երիտասարդներ:17 մարտ 1907-ին կայացած ժողովի արձանագրութիւններէն կը տեղեկանանք, որ գոյութիւն ունի նաեւ տիկնանց Կոմիտէ մը, որուն «արանց» Կոմիտէին ուղղուած նամակը կը կարդացուի եւ կը քննուի: Տիկնանց Կոմիտէն կը ծրագրէր Երկրի բանտարկեալներուն ի նպաստ խնճոյք մը կազմակերպել եւ արանց Կոմիտէի հաւանութիւնն ու գործակցութիւնը կը խնդրէր:Պրանթֆըրտի մերձակայ Համիլթըն քաղաքին մէջ եւս, հաւանաբար 1903-էն սկսեալ, կը գործէր նաեւ ՀՅԴ կոմիտէութիւն: Երկու Կոմիտէութիւնները մէկական պատգամաւորով կը մասնակցին 1904 դեկտեմբերին կայացած հիւսիսային Ամերիկայի 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովին:Սենթ Գաթրինզի մէջ ՀՅԴ Կոմիտէութիւն կը ստեղծուի 1906-ին, իսկ 1907-ին, Պրանթֆըրտի Կոմիտէի ջանքերով, 8 ընկերներէ բաղկացած Կոմիտէութիւն մը եւս կը ստեղծուի Կալթի մէջ: Համաձայն 1907-8 տարիներու տուեալներուն, Գանատայի փոքրաթիւ գաղութին մէջ կը գործեն ՀՅԴ չորս Կոմիտէութիւններ‘ 130 ընկերներով, որոնց 84-ը Պրանթֆըրտի մէջ: Աշխատանքի գլխաւոր մարզերը կ՚ըլլան գաղութը համախումբ պահել, դրամ հաւաքել եւ Կեդրոնական կոմիտէի ճամբով Երկրի կարիքներուն հասնիլ եւ հայրենիք վերադարձի կրակը միշտ վառ պահել:1910-ի դեկտեմբերին, կուսակցական գործիչներ Է. Ակնունի եւ Ա. Ռստիկեան կ՚այցելեն Գանատայի կազմերը: Կը հանգանակուի 780 տոլար՝ ի նպաստ կովկասահայ բանտարկեալներուն, որոնց դատավարութիւնը շուտով պիտի սկսէր Ռուսաստանի մէջ, եւ որ մեզի ծանօթ է իբրեւ «Հ.Յ.Դաշնակցութեան Դատ»ը:12 մայիս 1912-ին, Սենթ Գաթրինզի Կոմիտէի առաջարկով, Համիլթընի մէջ կը գումարուի Գանատայի առաջին միջ-կոմիտէական ժողովը, մասնակցութեամբ Պրանթֆըրտի, Կալթի, Սենթ Գաթրինզի եւ Համիլթընի Կոմիտէներուն:Նոյն տարին, 27 յուլիս 1912-ին, կը գումարուի Գանատայի առաջին «Շրջանային պատգամաւորական ժողով»ը, որ կը քննէ միջ-կոմիտէական ձեռնարկներ կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ «Գանատայի Խորհուրդ» մը ստեղծելու կարելիութիւնները:1 հոկտեմբեր 1913-ին, կը կազմուի Կուէլֆի Կոմիտէութիւնը,  որու անդամներուն թիւը 1915-ին կը հաշուէր 15 ընկերներ:1915-ին, Ամերիկայի «22-րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողով»ին, Գանատայէն կը մասնակցին չորս Կոմիտէութիւններ.- Համիլթըն, Սենթ Գաթրինզ, Կալթ եւ Կուէլֆ: Նոյն տարին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին առթիւ, կը հաստատուի ամսական տուրքի ձեւ մը, իբր «Հայ ազատագրութեան տուրք»: Իսկ 23 մայիսին, տեղի կ՚ունենայ «Գանատայի Շրջանային խորհուրդի պատգամաւորական ժողով» մը:1919-ին տեղի կ՚ունենայ Գանատայի Շրջանային խորհուրդի 4-րդ պատգամաւորական ժողովը: Գործիչներու միջոցաւ թէ’ ընկերական շարքերը եւ թէ’ ժողովուրդը տեղեակ կը պահուին «Արարատեան Հանրապետութեան» նուաճումներէն: Իսկ 1919-ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր ժողովի մասին զեկոյց կը տրուի 4 մայիս 1920-ին:27 փետրուար 1921-ին, Սենթ Գաթրինզի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Գանատայի շրջանային պատգամաւորական արտակարգ ժողով» մը, որ կ՚իմանայ Հայաստանի խորհըրդայնացման մասին: Նոյն տարուան մայիսին, Կալթի մէջ կը տօնակատարուի Հայաստանի Հանրապետութեան 3-րդ տարեդարձը:1921-ին, Թորոնթոյի մէջ կը ստեղծուի 12 ընկերներէ բաղկացած Կոմիտէութիւն մը, որ, սակայն, 1930-ական թուականներուն սկիզբը կը դադրի գործելէ. 1944 յունիսին կը վերակազմուի Կոմիտէութիւնը, իսկ 1960-ական թուականներուն կը մկրտուի Սողոմոն Թէհլիրեան անունով:1923-ին, Կուէլֆի մէջ կը հիմնուի Հայ Կարմիր խաչի մասնաճիւղ մը: Նոյն տարին, Կալթի Կոմիտէն կը նախաձեռնէ Խանասորի արշաւանքի տարեդարձի տօնակատարութեան:22 մայիս 1930-ին, Կալթի շրջան կ՚այցելէ ընկեր Սիմոն Վրացեան:24 փետրուար 1934-ին, Համիլթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ միջ-կուսակցական ժողով մը, ուր կ՚որոշուի կազմել միջ-կուսակցական մարմին‘ Սենթ Գաթրինզի մէջ:1937-ին տեղի կ՚ունենայ Շրջանային Պատգամաւորական 4-րդ ժողովը, ուր կ՚որոշուի մինչ այդ գոյութիւն ունեցող Շրջանային խորհուրդը վերածել Գործադիր մարմնի, եւ որ կը կոչուի ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային գործադիր մարմին: Գործադիր Մարմնի ստեղծումով, կը գոյանայ Գանատայի շրջանի համակուսակցական առանձին կառոյց մը, որ սակայն միշտ ենթակայ եւ մէկ մասնիկը կը մնայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան:

 Բ. շրջան

1937-1946 կը գումարուին 12 Շրջանային պատգամաւորական ժողովներ, որոնք կը զբաղին գաղութային կազմակերպական աշխատանքով:1951-ին, Գանատայի մէջ կը գործեն 6 փոքրաթիւ Կոմիտէութիւններ.- Սենթ Գաթրինզ, Պրանթֆըրտ, Կուէլֆ, Կալթ, Համիլթըն եւ Թորոնթօ, ընդամէնը‘ 67 ընկերներով: Կը մտածուի Մոնթրէալի մէջ եւս Կոմիտէութիւն մը հիմնելու մասին: 1951-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարեդարձը կը տօնուի օտար հիւրերու ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ, որ արձագանգ կը գտնէ գանատական մամուլին մէջ:1953-ին, Կոմիտէները կը սկսին տօնակատարել «ՀՅԴ-ի Օր»ը: Նիակարա Ֆոլսի կոմիտէն, իր փափաքով կը միանայ Գանատայի կազմին: Մոնթրէալէն կը տեղեկացնեն, թէ կարելիութիւնը կայ հոն կուսակցական միաւոր մը ստեղծելու:1956-ին, Մոնթրէալի մէջ կը կազմուի «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէութիւնը: Հիմնադիր Ժողովին ներկայ կ՚ըլլայ ընկեր Միսաք Թորլաքեան:1969-ի աշնան կը հիմնուի Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» Կոմիտէութիւնը:1971-ի ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային ժողովին կ՚որոշւի ՀՅԴ հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հաւանութեամբ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի արտօնութեամբ‘ Գանատայի կուսակցական միաւորը վերածել Մեկուսի կոմիտէութեան:1972 փետրուար 19-20 շաբաթավերջին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ կը գումարուի ՀՅԴ Գանատայի Բացառիկ շրջանային ժողովը, իբրեւ առաջին հիմնադիր Ժողովը‘ գանատական ինքնուրոյն կուսակցական միաւորին եւ 16 ամսուան համար կ՚ընտրէ առաջին Մեկուսի կոմիտէն‘ բաղկացած 7 ընկերներէ: Յետագային կը կոչուի Անդաստանի Մեկուսի կոմիտէ:ՀՅԴ Գանատայի Մեկուսի կոմիտէութեան հիմնադիր ժողովին կը ներկայանային 7 կոմիտէութիւններ‘ 371 ընկերներով.1. Միհրան Փափազեան‘ Մոնթրէալ – 201 ընկեր,2. Սողոմոն Թէհլիրեան‘ Թորոնթօ – 80 ընկեր,3. Վռամեան‘ Համիլթըն – 32 ընկեր,4. Անդրանիկ‘ Սենթ Գաթրինզ – 19 ընկեր,5. Արամ-Դրօ‘ Կալթ – 16 ընկեր,6. Սիմոն Վրացեան‘ Վանգուվըր – 15 ընկեր,7. Քեռի‘ Պրանթֆըրտ – 8 ընկեր:

Գ. շրջան
Ինչպէս թիւերը ցոյց կու տան, 1902-3-ին հարաւային Օնթարիոյի հայկական փոքրաթիւ գաղութներուն մէջ ծնած եւ գործած ՀՅԴ-ի երբեմնի աշխոյժ միաւորները ճամբայ կու տան 1960-ական թուականներուն սկսած եւ օրէ օր աճող քաղաքներու‘ Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի կազմերու ուռճանալուն եւ ղեկավարի դերի ստանձնումին: 1962-ի թիւերը ցոյց կու տան Թորոնթօ 8, իսկ Մոնթրէալ‘ 45 ընկերներ:Յաջորդող 10 տարիներուն, արդէն Թորոնթոյի կոմիտէութիւնը բարձրացած է 80-ի, իսկ Մոնթրէալինը‘ 201-ի: Շատ հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ աճած են նաեւ զոյգ քաղաքներու հայութեան թիւերը: Թիւը աճած էր եւ գաղութը ինքզինք կազմակերպելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուէր: Նոյն անհրաժեշտութեան առջեւ կը գտնուէր նաեւ ՀՅԴ-ի կուսակցական մեքենան եւ «Մեկուսի»ի գոյավիճակի որդեգրումով‘ կուսակցութիւնը կը ստանձնէր ղեկավարի եւ առաջնորդի այդ դերը:1974-ին, նկատի ունենալով շրջանի կարեւորութիւնը, Օթթաուայի մէջ կը հիմնուի  «Գրիգոր Զօհրապ» փոքրաթիւ Կոմիտէութիւնը‘ 8 ընկերներէ բաղկացած:1975-ին, Ուինտզըր քաղաքին մէջ կը հիմնուի  «Ռուբէն» Կոմիտէութիւնը‘ 13 ընկերներով:1976 յուլիսին, Լանտընի (Օնթարիօ) մէջ կը հիմնուի  «Կայծակ» Կոմիտէութիւնը‘ 12 ընկերներով:1976-77 տարեշրջանին, կուսակցական ընկերներու թիւը կ՚անցնի 500-ը եւ ինքնաբերաբար‘ Մեկուսի Կոմիտէութիւնը կը ստանայ Կեդրոնական կոմիտէի կարգավիճակ եւ կը կոչուի ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէութիւն‘ 10 մեծ ու փոքր կոմիտէութիւններով եւ 511 ընկերներով, հետեւեալ ստորաբաժանումներով.-1. Միհրան Փափազեան, Մոնթրէալ, 278.2. Սողոմոն Թէհլիրեան, Թորոնթօ, 105.3. Անդրանիկ, Սենթ Գաթրինզ, 27.4. Վռամեան, Համիլթըն, 26.5. Արամ-Դրօ, Կալթ, 21.6. Ռուբէն, Ուինտզըր, 13.7. Ս. Վրացեան, Վանգուվըր, 13.8. Կայծակ, Լանտըն, 12.9. Քեռի, Պրանթֆըրտ, 8.10. Գրիգոր Զօհրապ Օթթաուա, 8:
1977-78 տարեշրջանին Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակը կը փոխադրուի Մոնթրէալ:1981-ին, ընկերներու թուական նուազումին պատճառով կը լուծուի Օթթաուայի «Գրիգոր Զօհրապ» կոմիտէութիւնը: Նոյն տարին‘ Մեսինայի «Մուրատ» կոմիտէութիւնը կը վերամիանայ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան:1982-ին թուական նուազումի պատճառով կը լուծւի նաեւ Լանտընի «Կայծակ» կոմիտէութիւնը, եւ տակաւին գործօն ընկերները մաս կը կազմեն Գէմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեան:1991-ի ՀՅԴ Գանատայի Շրջանային Ժողովը, նկատի ունենալով, որ Մոնթրէալի հայութեան մէկ կարեւոր մասը արդէն իսկ Լաւալի շրջանը կը փոխադրուի, ինչպէս նաեւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ընկերներու թիւը արդէն 300-ը անցած է, պարտականութիւն կու տայ նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէին քննել կարելիութիւնները‘ Լաւալի մէջ համայնքային կառոյց մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Միհրան Փափազեան կոմիտէութեան լաւալաբնակ ընկերներէն կուսակցական միաւոր մը յառաջացնելու:1992-ի սեպտեմբերին կը հիմնուի ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւնը‘ 91 ընկերներով:Ներկայիս, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը կը բաղկանայ 8 Կոմիտէութիւններէ եւ մէկ ուսանողական միութենէ, հետեւեալ ստորաբաժանումներով.-

1. Միհրան Փափազեան, Մոնթրէալ.

2. Սողոմոն Թէհլիրեան, Թորոնթօ.

3. Սարգիս Զէյթլեան, Լաւալ.

4. Արամ-Դրօ, Գէմպրիճ.

5. Անդրանիկ, Սենթ Գաթրինզ.

6. Վռամեան, Համիլթըն.

7. Ս. Վրացեան, Վանգուվըր.

8. Ռուբէն, Ուինտզըր:

9. Արմէն Գարօ, ուսանողական

 ՀԱՅ ԴԱՏ եւ ԱՐՏԱՔԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ

Յիսունական եւ վաթսունական թուականներուն, Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչման ձեռնարկները, ինչպէս այլուր, Գանատայի մէջ եւս սգատօնի տարազով կը կազմակերպուէին։ Նոյն շրջանին, հայաշատ քաղաքներու մէջ կազմակերպուող խաղաղ ցոյցերը կը միտէին բաւականանալ օտար հասարակութեան եւ հանրային կարծիքին վերյիշեցընելով դարուս առաջին ցեղասպանութիւնը։Սակայն 1965-ին, Եղեռնի Յիսնամեակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունի հայութեան հասցուած այս Ոճիրին նկատմամբ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու, թէ կառոյցներու մօտեցումի տեսակէտէն։ Վաթսունական թուականներու կէսէն ետք, Ապրիլեան Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկները կը քաղաքականան, իսկ Ապրիլ 24-ին կազմակերպուած ցոյցերը կը ստանան պահանջատիրական բնոյթ։Այսպէս, 1972-ին, Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ բոլոր քաղաքներուն մէջ Ապրիլ 24-ի առիթով կը կազմակերպուի արեան արշաւ. 384 հայեր արիւն կու տան գանատական «Կարմիր Խաչ»ին: Ցոյցեր կը կազմակերպուին նաեւ Մոնթրէալի ու Թորոնթոյի մէջ: Դարձեալ 1972-ին, ՀԵԴ-ի ուխտերը կը կազմակերպեն «24 ժամ Ապրիլ 24» կարգախօսով երիտասարդական ցոյց Օթթաուայի թրքական դեսպանատան առջեւ։ Յաջորդող տարիներուն, ՀԵԴ-ն կը շարունակէ երբեմն տարբեր ձեւերով նման պահանջատիրական ելոյթներ կազմակերպել նոյն վայրը:1975-ի 60-ամեակի առթիւ, զանազան քաղաքներու մէջ կը կազմակերպուին Եղեռնի ոգեկոչման հանդիսութիւններ, արիւնարշաւ, սեմինարներ եւ Օթթաուայի մէջ միացեալ ցոյց:1978-ի նոյեմբեր 10-ին բողոքի ցոյց մը տեղի կ՚ունենայ Մոնթրէալի լիբանանեան հիւպատոսարանին առջեւ, Պիքֆայայի (Լիբանան) Նահատակաց Յուշարձանի քանդումին պատճառաւ:1979-ի ապրիլ 23-ի կէսօրին‘ Օթթաուայի թրքական դեսպանատան առջեւ 24 ժամուան հացադուլ կը յայտարարեն Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամ 50 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:1979-ի Ապրիլ 24-ին տեղի կ՚ունենայ ժողովրդային հաւաք‘ Գանատայի Խորհրդարանին առջեւ, եւ ապա հանրութիւնը կը քալէ դէպի թրքական դեսպանատուն‘ միանալու համար երիտասարդ հացադուլաւոր-ցուցարարներուն: Լրատուական միջոցները‘ մայրաքաղաքի թէ Մոնթրէալի ու Թորոնթոյի մէջ լայնօրէն կ՚արձագանգեն նախաձեռնութիւններուն:1980-ի ապրիլ 23-24‘ լրատուական միջոցները լայնօրէն կ՚արձագանգեն Մոնթրէալէն դէպի Օթթաուա երիտասարդներու քայլարշաւին, Գանատայի Խորհրդարանին առջեւ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքին, նամանաւանդ թըրքական դեսպանատան առջեւ կատարուած բողոքի ցոյցին։1990-ին Եղեռնի 75-ամեակին առթիւ Օթթաուայի մէջ, Գանատայի Խորհրդարանին առջեւ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ կ՚ըլլան Դաշնակցային 3 կուսակցութիւններէ 12 երեսփոխաններ, եւ 3000-է աւելի հայորդիներ: Ոգեկոչական տեղական ձեռնարկներ եւ արիւնահաւաք տեղի կ՚ունենան հայահոծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական արարողութիւններ ու հոգեհանգիստ Եղեռնի զոհերու յիշատակին, Գէմպրիճի եւ Վանգուվըրի մէջ, իսկ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի պարագային Հայց. Եկեղեցւոյ զոյգ թեմերու համագործակցութեամբ:
Արցախի զօրակցական ցոյցեր28 փետրուար 1988-էն սկսեալ, Օթթաուայի, Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, եւ այլ քաղաքներու մէջ, յաճախ իր նախաձեռնութեամբ, երբեմն գործակցաբար Գանատայի մէջ գործող հայ քաղաքական միւս կուսակցութիւններուն եւ եկեղեցական կառոյցներուն, ՀՅԴ օղակները կը կազմակերպեն Ղարաբաղի հայութեան արդար պահանջներուն մամլոյ ասուլիսներ եւ զօրակցական ցոյցեր Խորհրդային Միութեան դեսպանատան եւ հիւպատոսարանին դիմաց։ Նոյն առիթներուն, կը հրապարակուին մամլոյ հաղորդագրութիւններ, յուշագիրներ, հանրագրութիւններ, պրակներ, պատկերիզներ, եւլն.։11-12 մարտ 1989-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը կազմակերպէ Ղարաբաղ կոմիտէի բանտարկուած անդամներուն ազատ արձակումը պահանջող ցոյցեր Խորհրդային Միութեան դեսպանատան դիմաց։
 

ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

1934-ի մայիսին, Կալթի կոմիտէն կ՚ուսումնասիրէ Ցեղակրօն ուխտ մը ստեղծելու կարելիութիւնները: Խանասորի արշաւանքի տօնակատարութեան ներկայ կ՚ըլլայ Գարեգին Նժդեհ: Սեպտեմբերին կը կազմուի Համիլթընի Ցեղակրօն Արարատ ուխտը:1956-ին կը հիմնուի նաեւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Լեւոն Շանթ ուխտը:1964-ի Զատկուան շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենան ՀԵԴ-ի Գանատայի առաջին մարզական խաղերը եւ առաջին Շրջանային ժողովը:1969-ին, ՀԵԴ-ի Գանատայի ուխտերը կ՚ընտրեն իրենց Շրջանային վարչութիւնը, որ իր հերթին տակաւին ենթակայ է Ամերիկայի ՀԵԴ-ի Կեդրոնական վարչութեան:1973-74 տարեշրջանին, ՀԵԴ-ի Գանատայի միաւորն ալ կ՚անջատուի Ամերիկայէն, եւ կ՚ունենայ իր Կեդրոնական վարչութիւնը:

 ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

28 մայիս 1979-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը սկսի հրատարակել իր պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը:Անցնող տասնամեակներուն, հետեւեալ հաղորդակ-ցական միջոցները հիմնուած ու օգտագործուած են ՀՅԴ զանազան կազմակերպական օղակներուն կողմէ.- Մոնթրէալի Հայկական ռատիօժամ – 1969 – 1991- Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի ձայն 2004 – ցարդ- Հայկական ռատիոժամ – Համիլթըն, 1978 – ցարդ- Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի յայտագիր – Մոնթրէալ, 1983 – ցարդ- Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի յայտագիր – Թորոնթօ, 1993 – ցարդ- Հայ Հորիզոն հեռատեսիլի յայտագիր – Վանգուվըր, – La Cause Armռnienne / The Armenian Cause, 1984 -ցարդ- Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի ձայն (հեռաձայնային լրատու) (դադրած)- Մոնթրէալի Հորիզոն հեռաձայնային լրատու (դադրած)
ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔՀ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի Գործադիր մարմնի ստեղծումը, 1937-ին, զուտ կուսակցական կառուցային փոփոխութիւն ըլլալէ աւելի, կը բխէր ստեղծուած համահայկական-սփիւռքեան պահանջքէն: Անցեալի առժամեայ եւ միշտ տեղափոխուող, առաւելաբար երիտասարդներէ կազմուած գանատահայ փոքրաթիւ գաղութը կը գտնուէր նոր հրամայականի մը առջեւ. հայութիւնը Գանատայի մէջ հետզհետէ սկսած էր տեղաւորուող եւ մնայուն երեւոյթ ստանալ. գանատածին նոր սերունդ կը հասնէր եւ այլեւս պէտք էր կազմակերպուիլ իբրեւ հաստատուող գաղութ:Ինչպէս Սփիւռքի բոլոր այլ շրջաններուն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Գանատայի մէջ եւս պարտաւոր էր ստանձնել եւ նախաձեռնել այդ կազմակերպական աշխատանքին եւ ՀՅԴ Գանատայի Գործադիր մարմինը, իր միաւորներու միջոցաւ, այդ գործին պիտի ձեռնարկէր:
Հայ կեդրոններու հաստատում
Հ. Յ. Դաշնակցութեան Գանատայի մէջ գործունէութեան ամենէն յատկանշական իրագործումներէն է այն ակմբային ցանցը, որ առ այսօր կը գործէ Գանատայի զանազան հայաշատ քաղաքներու մէջ։  Հետզհետէ քանակական եւ որակական աճ ապրող գաղութը համախմբելու, հայապահպանման գործը առաջ տանելու, ազգային-եկեղեցական, քաղաքական, մշակութային, երիտասարդական, մարզական կեանք զարգացնելու առաջադրութեամբ, Հայ Կեդրոնները հանդիսացած են հիմնաքար թէ այդ երդիքին տակ գործող զանազան կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն համար, եւ թէ գաղութի հաւաքական կեանքին ժամադրավայր հանդիսանալու տեսակէտէն։ Ահաւասիկ անոնց հիմնադրութեան թուականները. 

Սենթ Գաթրինզ – 1933

Համիլթըն – 1950

Մոնթրէալ – 1959

Թորոնթօ – 1967

Ուինծըր – 1979

Գէմպրիճ – 1983

Վանգուվըր – 1986

Լաւալ – 1992

Տասնամեակներու ընթացքին, Հայ Կեդրոնները եղած են այն յարկերը, ուր ՀՅԴ կոմիտէութեանց կողքին, համերաշխօրէն գործած են Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնները, ՀԵԴ եւ ՀՅԴ ԳԵՄ, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, եւ Համազգային կազմակերպութիւնները, իրենց ենթակառոյցներով, յանձնախումբերով, եւ այլ օղակներով։ Բոլոր այս կազմակերպութիւններն ու կառոյցները սակայն, իրենց գործունէութեան եւ տարածած քարոզչութեան առընթեր, անհըրաժեշտութիւն համարած են մնայուն եւ հետեւողական ձեւով հայեցի կրթութեան ջամբումը, որուն համար դիմած են զանազան նախաձեռնութիւններու։Յաջորդող տասնամեակներուն, երբ գաղութը կը սկսի մնայուն եւ հաստատուող տեսք ստանալ, ընտանիքներու կազմութեան հետ կը ծագի նորահաս սերունդը հայօրէն դաստիարակելու խնդիրը։ Հետեւաբար, գաղութներու ղեկավարութիւնը կը ձեռնարկէ հայկական գիշերային դպրոցներու հաստատումին: Այս կրթական հիմնարկները ժամանակի հոլովոյթին հետ կը վերածուին նախ միօրեայ՝ ապա ամենօրեայ վարժարաններու։ Այսպէս, Մոնթրէալէն մինչեւ Վանգուվըր, բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ այսօր կը գործեն հայկական շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ, եւ ամենօրեայ վարժարաններ։

«Հորիզոն»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.