Ո՞վ Տէր Պիտի Կանգնի Քոպանիի հայրենադարձ Թովմասեաններուն
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Իլոնան երիտասարդ աղջիկ էր, երբ 1988-ին Պաքուի մէջ հակահայ հալածանքներն ու բռնի տեղահանութիւնները սկսան: Իր ծնողքին եւ քրոջ հետ Իլոնան կը փախչի Հայաստան եւ ապաստան կը գտնէ Երեւանի մէջ` մազապուրծ փրկուելով ազրպէյճանական վոհմակներու յարձակումներէն: Քանի մը տարի ետք, Իլոնայի քոյրը կ՛ամուսնանայ Երեւանի մէջ ուսանող սուրիահայ երիտասարդի մը հետ եւ կը տեղափոխուի Հալէպ:
Քրոջը առաջին ծննդաբերութեան առիթով Իլոնան Հալէպ կ՛այցելէ եւ հոն կը ծանօթանայ Յովսէփ Թովմասեանին: Կարճ ժամանակ մը ետք կ՛ամուսնանայ անոր հետ, եւ միասին կը մեկնին Արաբունար (Քոպանի), ուր Յովսէփ ինքնաշարժներու նորոգութեան կառաժ մը ունէր: Բոլորդ կը յիշեք Արաբունարը, Թուրքիոյ սահմանին գտնուող սուրիական քրտաբնակ այս քաղաքը: Այդ օրերուն Արաբունարը խաղաղ էր, եւ Իլոնան կը վարժուի իր նոր կեանքին ու կ՛ունենայ երեք երեխայ` երկու մանչ եւ մէկ դուստր: Տարիներ ետք, երբ Սուրիոյ հարցերը կը սկսին, Յովսէփին երկու եղբայրները իրենց ընտանիքներով կը փախչին Հալէպէն եւ կ՛ապաստանին Արաբունար` Յովսէփին եւ Իլոնային մօտ, յուսալով, որ կարճ ժամանակ ետք պատերազմը պիտի վերջանայ եւ բոլորը պիտի վերադառնան իրենց բնակավայրերը:
Իլոնայի երկու զաւակները` Յակոբն ու Վարդուհին, փայլուն աշակերտներ էին եւ պէտք է մեկնէին Հալէպ` պետական քննութիւններուն մասնակցելու: Հակառակ անոր որ բոլորը դէմ էին երեխաներուն Հալէպ մեկնումին, Իլոնան` կարեւոր համարելով քննութիւնները, երեխաները Արաբունարի միւս աշակերտներուն հետ միասին կ՛ուղարկէ Հալէպ: Վերադարձի ճամբուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անակնկալ կը կանգնեցնեն աշակերտներուն պասը եւ կ՛առեւանգեն զանոնք, ապա անոնց աչքերուն առջեւ կը գլխատեն անգլերէնի դասատուն, իսկ տղաները կ՛առանձնացնեն աղջիկներէն: Իլոնայի մեծ տղան` Յակոբը, կը յաջողի փախչիլ Հալէպ եւ անկէ` Պէյրութ: Զինեալները Իլոնայի աղջիկը` Վարդուհին, կը տեղաւորեն իրենց ենթակայ ընտանիքի մը մօտ: Վարդուհին չի բացայայտեր իր հայկական ինքնութիւնը եւ իսլամական օրէնքներով կ՛ապրի այդ ընտանիքին հետ` ծպտուած իբրեւ քիւրտ: 8 ամիս ետք զինեալները յանկարծ կ՛որոշեն ազատ արձակել պատանդերը, եւ Վարդուհին կը վերադառնայ Արաբունար` իր ընտանիքին մօտ:
2014 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները անակնկալ յարձակումով մը կը մտնեն Արաբունար: Իլոնան եւ Թովմասեան ընտանիքի միւս անդամները Արաբունարի վերջին հայ բնակիչները, քիւրտերուն հետ խուճապահար կը հատեն Թուրքիոյ սահմանը եւ Սուրուճ քաղաքը հասնելով, կ՛ընդունուին իբրեւ փախստական¬գաղթականներ: Սկիզբը կ՛ապրին հանրային վարժարանի մը մէջ, յետոյ գաղաթակայանի մը մէջ վրան մը կը տրամադրուի իրենց:
Մայիսին Արաբունարը կ՛ազատագրուի քրտական ուժերուն կողմէ: Յովսէփն ու իր կրտսեր որդին` 14 տարեկան Արամը, կը վերադառնան տուն, որպէսզի ստուգեն իրենց բնակարանին եւ կառաժին վիճակը ու հիմնական տունդարձի պատրաստութեամբ զբաղին: Երեկոյեան Յովսեփ շուկայ կ՛երթայ գնումներ ընելու, եւ կը պատահի անսպասելին: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, քրտական համազգեստներ հագած, վրէժխնդրական յարձակում մը կատարելով կը կրակեն շուկայ եկած մարդոց վրայ: Արամ կրակոցները լսելով կը վազէ դէպի շուկայ եւ ճամբան կը տեսնէ հօրը` գետին ինկած, արիւնլուայ վիճակի մէջ… «Փախէ՛ք այս երկրէն»-ը կ՛ըլլայ իր տղուն տուած Յովսէփի վերջին պատգամը:
Յովսէփի սպանութենէն ետք, Իլոնան իր երեխաներուն հետ կը մնայ Թուրքիա՝ վրանաքաղաքի մը մէջ ապրելով իբրեւ գաղթական։ Նոյն կարգավիճակով Թուրքիա կը մնան Յովսէփի երկու եղբայրները՝ իրենց ընտանիքներով։ 2015ի գարնան, Թովմասեաններուն մասին պատահաբար կը տեղեկանայ Հայաստան հասած սուրիահայերուն օգնութիւն տրամադրող Redwood Project-ի հիմնադիր Ռ. Արտհալճեանը։ Ան շտապ կարգով կապ կը հաստատէ ՄԱԿի գաղթականական գրասենեակին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Պոլսոյ պատրիարքարանին հետ, որպէսզի կարենայ Թովմասեան ընտանիքը տեղափոխել հայրենիք։
Շուրջ 6 ամիս՝ երկար եւ դժուարին աշխատանքէ ետք, Սեպտեմբեր 15ին, 18 հոգի հաշուող Թովմասեան ընտանիքը կը հասնի Երեւան։ Անոնց կը տրուի ժամանակաւոր կացարան, ապա իւրաքանչիւր ընտանիք կը տեղափոխուի առանձին բնակարաններ, որոնց վարձքերը կը վճարուին նոյն Redwood Project-ի եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ։
Հայաստան հասած սուրիահայ բազմաթիւ այլ ընտանիքներու նման, Թովմասեանները եւս կարիք ունին հարմարելու եւ համարկուելու։ Ի վերջոյ, Երեւանը նոր միջավայր է իրենց համար, անոնք ծանօթ չեն տեղական կարգ ու սարքին, ապրելակերպին, կենցաղային եւ աշխատանքային մշակոյթին։ Իսկ ամէնէն ահաւորը այն է, որ հոգեկան ցնցումներու ենթարկուած այս ընտանիքը, բազմահազար այլ սուրիահայերու նման, կարիք ունի հոգեբանական մասնագիտական աջակցութեան, որպէսզի կարենայ քիչ-քիչ վերադառնալ ընկերային բնականոն կեանքի։ Իլոնայի որդին՝ Արամը, մէկ նպատակ ունի՝ մարզուիլ եւ վերադառնալ Քոպանի՝ իր հօր վրէժը լուծելու։ Քոյրը ընդհանրապէս լուռ է, տխուր եւ ինքնամփոփ։ Միւս որդին՝ Յակոբը, որ կրցած էր Պէյրութ փախչիլ, արդէն ինչ որ ճանապարհներով հասած է Հոլանտա եւ հազարաւոր այլ սուրիահայերու նման գաղթականի կարգավիճակ ստացած է։
Այսօր, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց՝ շուրջ 15 հազար սուրիահայեր տեղափոխուած են Հայաստան։ Հարուստներն ու նիւթապէս ապահովուածները մեծ դժուարութիւններ չեն դիմագրաւեր։ Անոնց մեծ մասը որեւէ ատեն կրնայ վիզա ստանալ եւ մեկնիլ եւրոպական որեւէ երկիր։ Այդպէս ալ կ՛արտայայտուին՝ բացայայտօրէն։ Ուրիշներ անձնական գործեր բացած են, յաճախ յաջող եւ երբեմն՝ ձախող։ Ոմանք գործ ճարած են տարբեր ձեռնարկութիւններու մէջ։ Բոլորն ալ, սակայն, սպասողական վիճակի մը մէջ են։ Մեծ է թիւը անոնց, որոնք արդէն որոշած են Սուրիա չվերադառնալ։ Ասոնցմէ շատերը Հայաստան ալ չեն ուզեր մնալ՝ պատճառաբանելով գործի չգոյութիւնը եւ ապրելու դժուարութիւնը։ Անոնք իրենց վերջին գումարները կը ծախսեն՝ օրինաւոր կամ ապօրինի միջոցներով եւրոպական վիզա ճարելու եւ գաղթելու դէպի Շուէտ, Գերմանիա կամ Հոլանտա։ Շատերը դիմած են Գանատա, որովհետեւ ըստ իրենց տեղեկութիւններուն՝ գանատահայերը կրցած են իրենց կառավարութիւնը համոզել, որ սուրիահայ գաղթականները Գանատա տեղափոխելու դիւրիւթիւններ տրամադրուին։
Իսկ շատերը, ինչպէս Իլոնան, համոզուած են, որ Հայաստանն է իրենց վերջին հանգրուանը, իրենց հայրենիքը։ Եթէ ստանան համապատասխան աջակցութիւն, ապա պիտի կարենան իրենց ընտանիքներուն համար ապահով եւ բնականոն կեանք ստեղծել հայրենի հողին վրայ։ Իլոնան եւ իր նմանները կը զարմանան, թէ ինչո՛ւ սուրիահայերուն Հայաստան հաստատելը համայն հայութեան գերխնդիրը չէ այսօր։
Եթէ Իլոնայի նման համոզուած ենք, որ Սուրիա մնացած սակաւաթիւ հայերուն եւ երկրէն փախած մեծամասնութեան ճակատագիրը պէտք է կապել Հայաստանի հետ, ապա գոնէ հայրենիք հասած սուրիահայերուն համար պէտք է ընենք ամէն ինչ (մանաւանդ՝ բնակարան եւ աշխատանք ճարելու առումով), որպէսզի անոնք արտագաղթելու որեւէ պատճառ չունենան։ Ի հարկէ, եթէ համոզուա՛ծ ենք… Հիմա եկէք մենք մեզի հարց տանք՝ համոզուա՞ծ ենք։
Լուսանկարը՝ James Aram Elliott-ի