«Հայաստանը Կրնայ Տարածաշրջանին Մէջ Արեգակնային Ուժանիւթի Կեդրոն Դառնալ». Զանգու Արմենեան


Հայաստան կրնայ արեգակնային ուժանիւթի կեդրոն դառնալ տարածաշրջանին մէջ: «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հարաւային Քալիֆորնիա-Էտիսըն մեծ ընկերութեան արտաքին կապերու տնօրէն Զանգու Արմենեան:

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմուած պատուիրակութեան հետ Հայաստան գտնուող Արմենեան համոզուած է, որ արեգակնային ուժը խոստմնալից ոլորտներէն է, եւ Հայաստանը մեծապէս պիտի շահի ատոր զարգացումէն. «Ասիկա կրնայ Հայաստանի համար նոր տնտեսութիւն ստեղծել եւ տնտեսական օգուտ բերել, յատկապէս` նոր աշխատատեղերու եւ երիտասարդներու համար նոր մասնագիտութիւններու ստեղծման առումով»:

Զանգու Արմենեան նշած է, որ այս բնագաւառի իսկական զարգացումը ապահովելու համար անոր մէջ անհրաժեշտ է ներգրաւուել անձնական ընկերութիւններ, բայց եւ այնպէս ներկայիս Հայաստանի արեգակնային ոլորտը բաւարար չափով հետաքրքրութիւն չի ներկայացներ արտերկրացի ներդրողին համար: Այդ պատճառով ալ սկիզբը անհրաժեշտ է ոլորտի կայուն զարգացման հիմքեր դնել Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի կառավարութիւններուն եւ նուիրատու-կազմակերպութիւններու միջոցներով, անկէ ետք նախագիծը կարելի կ՛ըլլայ հետաքրքրական դարձնել ներդրողին համար: Գործարարը նաեւ լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կարեւոր աշխատանքը. «Ճիշդ ուղղութեան վրայ է կառավարութիւնը, որ կը փորձէ արտերկրեայ ընկերութիւններուն համար այդ ոլորտը աւելի հետաքրքրական դարձնել»:

Գործարարը յիշեցուցած է, որ վերականգնուող, որոնց կարգին` արեգակնային ուժանիւթը ամէնէն արագ կերպով ընդարձակուող եւ արհեստագիտական իմաստով առաջատար բնագաւառներէն մէկն է, եւ Հայաստանի մէջ անոր զարգացումը, նոր աշխատատեղերէն եւ տնտեսական օգուտներէն բացի, կարելիութիւն պիտի տայ նաեւ զարգացնել իր ուժանիւթային անկախութիւնը: Հարցը առաւել մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ, եթէ հաշուի առնենք, որ հանրապետութեան ելեկտրականութեան մէկ երրորդը ապահովող Մեծամօրի հիւլէական կայանի շահագործման ժամկէտը ի վերջոյ պիտի աւարտի, իսկ նոր հիւլէական կայանի կառուցման համար անհրաժեշտ է 6-8 միլիառ տոլարի հսկայական գումար, որ տակաւին չէ տրամադրուած:

«Միւս ընտրութիւնը այն է, որ զարգանան արեգակնային եւ այլ ուժանիւթի աղբիւրներ, որոնք Մեծամօրի արտադրած ուժանիւթին տեղը գրաւեն, եւ որոնք աւելի փոքր գումարներու կապուած ըլլան», ըսած է Արմենեան:

Հիւլէական երկրորդ կայան կառուցելու մտադրութենէն զատ, Հայաստանի մէջ վերարտադրուող եւ առաջին հերթին` արեգակնային ուժանիւթի զարգացումը կարեւորագոյն եւ խոստմնալից ոլորտ է, որուն սկիզբը պէտք է դրուի արդէն, նշած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.