Zohal Ընկերութիւնը Հետաքրքրուած Է Հայաստանի Ուժանիւթի Բնագաւառով


«Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 9 Նոյեմբերին ընդունած է «Զոհալ» ընկերութեան հիմնադիր Ապտիւլ Ճապար Քարքաշը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ընկերութեան համասեփականատէր Ա. Մանճոսովը (Աւստրիա) եւ «Հելիոս Փաուըր» ընկերութեան սեփականատէր Ի. Կերկովը (Պուլղարիա):

Հանդիպումին ընթացքին քննար-կուած են Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառին մէջ համագործակցութեան ծաւալման եւ զարգացման հեռանկարները: Ա. Ճապար Քարքաշ նշած է, որ ընկերութիւնը հետաքրքրուած է Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառին մէջ ներդրումներ կատարելու եւ տարբեր ուղղութիւններով (արեւային, հողմային ելեկտրականութեան եւ այլն) երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրականացումով։

Վարչապետը ողջունած է «Զոհալ»ի պատրաստակամութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ հաստատած, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ պիտի աջակցի փոխշահաւէտ ծրագիրներու իրականացման համար: Ան նշած է, որ կառավարութեան մէջ ներկայիս կը քննարկուի Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի երկարաժամկէտ զարգացման ռազմավարութիւնը, եւ այս պարունակին մէջ Հայաստան հետաքրքրուած է բարեփոխումներու շարունակական իրականացման եւ ոլորտային նոր ուղղութիւններու զարգացման հարցերով: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հետ միացեալ աշխատանքը՝ յառաջիկայ ծրագիրները յստակացնելու առումով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.