Համազգային Թատրոնը Պիտի Վերանուանուի Սօս Սարգսեանի Անունով


Համազգային թատրոնը այսուհետեւ կը կրէ Սօս Սարգսեանի անունը: ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընդունուած որոշման համաձայն` «Համազգային թատրոնը պետական ոչ առեւտրային» կազմակերպութիւնը պիտի վերանուանուի «Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան:

Յիշեցնենք, որ ԽՍՀՄ եւ ՀՀ ժողովրդական արտիստ Սօս Սարգսեան 1991 թուականին հիմնադրած Համազգային թատրոնը: Յատկապէս 90-ականներու ծանր տարիներուն բեմադրուած են ներկայացումներ, որոնք հադիսատեսը ջերմօրէն ընդունած եւ մեծապէս սիրած է` «Սանիտայի թաղապետը», «Լեռնային կակաչներ», «Մենք», «Գաւաթ մը բարութիւն», «Օսկար», «Լիր արքայ»: Ս. Սարգսեանի մահէն ետք Համազգային թատրոնը շարունակեց իր գործունէութիւնը` պահպանելով ու զարգացնելով իր հիմնադրի գաղափարներն ու ստեղծագործական մօտեցումները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.