«Գանատան օրհնուած է, որ իր հասարակութեան մաս կը կազմեն նաեւ հայերը». Ծերակոյտի խօսնակ


ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեան Ժնեւի մէջ` Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովի ծիրէն ներս, հանդիպած է Գանատայի Ծերակոյտի խօսնակ Լէօ Հուսակօսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:

Գալուստ Սահակեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Գանատայի Ծերակոյտի խօսնակին հանդիպման համար եւ փաստած, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ Գանատայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով: ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը բարձր  գնահատած է Լէօ Հուսակօսի` երկու երկիրներու խորհրդարաններու միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ փոխգործակցութիւնը խթանելու պատրաստակամութիւնը:

ՀՀ ԱԺ նախագահը մասնաւորապէս նշած է. «Մեր խորհրդարանների համագործակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւնների շրջանակում կրում է մշտական եւ կառուցողական բնոյթ: Մենք երախտապարտ ենք գանատական կողմին Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութիւնում Հայաստանի կարգավիճակի բարձրացմանը հետեւողականօրէն աջակցելու համար»:

Խօսելով հայ-գանատական բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին` Գալուստ Սահակեան համոզում յայտնած է, որ Գանատայի անկեղծ վերաբերմունքը հայ ժողովուրդի նկատմամբ դրսեւորուած է նաեւ 2002 թուականին, երբ Գանատայի Սենատի կողմէ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ, որ վերահաստատուած է այս տարուան Մայիսին: ԱԺ նախագահը նշած է, որ այս ամէնը եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ Գանատայի դիրքորոշումը, ըստ որուն` մարդկութեան դէմ իրագործուած նման ոճիրները պէտք է դատապարտուին եւ կանխարգելուին:

«Մենք բարձր ենք գնահատում նաեւ Գանատայի հաւասարակշռուած եւ չէզոք դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ»,-եզրափակած է իր խօսքը Գալուստ Սահակեան:

Գանատայի Ծերակոյտի խօսնակ Լէօ Հուսակօսը, շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար, նշած է, որ երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին:

«Գանատան օրհնուած է, որ իր հասարակութեան մաս կը կազմեն նաեւ հայերը: Մենք կը հպարտանանք անոնցմով»,-նշած է Ծերակոյտի խօսնակը:

Լէօ Հուսակօսը վստահեցուցած է, որ հայ-գանատական համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ աւելի կ’ամրապնդուի: Գանատայի Ծերակոյտի ղեկավարի խնդրանքով ՀՀ ԱԺ նախագահը անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ վերջին զարգացումներուն եւ սպառիչ պատասխաններ տուած ատրպէյճանական յարձակումներուն եւ հայկական հակազդեցութեան վերաբերեալ:

Կողմերը խօսած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սպասուող սահմանադրական բարեփոխումներուն մասին:

Հանդիպման աւարտին Ծերակոյտի խօսնակը ընդունած է Գալուստ Սահակեանի հրաւէրը եւ յայտնած, որ յաջորդ տարի պաշտօնական այց պիտի կատարէ Հայաստան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.