ՄԻԵԴի Որոշումը Կրնայ Սաստկացնել Սպառնալիքները Թուրքիոյ Հայերուն Նկատմամբ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Թուրքիոյ մէջ գործող Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութիւնը եւ «Ճշմարտութիւն, արդարութիւն, յիշողութիւն» կեդրոնը յայտարարած են, որ, անկախ «Փերինչեք՝ ընդդէմ Զուիցերիա» գործով Եւրոպական դատարանին տուած դատավիճռէն, իրենք պիտի շարունակեն ջանք գործադրել՝ պատմական փաստերը ներկայացնելու եւ Թուրքիոյ մէջ արդարութիւնը վերականգնելու համար՝ հաստատելով, որ պիտի պայքարին Ցեղասպանութեան հերքման դէմ:

Նշուած է, որ Եւրոպական դատարանի այս որոշումը կրնայ սաստկացնել սպառնալիքները Թուրքիոյ հայ համայնքին նկատմամբ, վտանգել անոնց կեանքը: Ընդհանուր առմամբ դժգոհ մնալով վճիռէն, ինչպէս նշուած է, թէ՛ Եւրոպական դատարանի քննարկումներուն ընթացքին, թէ՛ որոշման հիմնաւորումներուն մէջ չէր ընդգրկուած Թուրքիոյ մէջ հայերուն նկատմամբ ցեղապաշտական մօտեցումներու հարցը:

Յիշեցնենք, որ «Մարդու իրաւունքներու ընկերակցութիւն»ը եւ «Ճշմարտութիւն, արդարութիւն, յիշողութիւն» կեդրոնը՝ Գանատայի մէջ գործող Ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութիւններու միջազգային հիմնարկին հետ գործակցաբար, «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով հանդէս եկած էին յօգուտ Հայաստանի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.