Թուրք Լրագրող. «Պէտք Է Կոտորենք Քիւրտերը, Առանց Խնայելու Յղի Կինն Ու Երեխան»


Ըստ հայրենի «Նիուզ» լրատու գործակալութեան, թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան թղթակից Մուսթաֆա Ույկիւնը կոչ ուղղած է անխնայ կոտորելու քիւրտերը:

Դիմատետրի իր էջին վրայ Ույկիւնի այս մասին գրութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած եւ լայն արձագանգ գտած է:

Ան հետեւեալը գրած է. «Զոհուածին նկատմամբ մեր վերջին պարտականութիւնը ոչ թէ անոր դագաղը տանիլն է, այլ` արիւն հեղելը, արեամբ պէտք է լեցուին այդ լեռները: Մեր վերջին պարտականութիւնը պէտք է կոտորածը ըլլայ` առանց խնայելու երիտասարդը, ծերը, յղի կինը կամ երեխան»:

Այս գրառումը արժանացած է «լայքեր»-ու եւ անոր տակ գովեստի խօսքեր գրուած են:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.