Լոյս տեսաւ «Համազգային»ի նախաձեռնած Արեւմտահայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններու ալպոմը


1965-ին Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, հայութիւնը հաւաքական ինքնամփոփումի պահ մը ունեցաւ, ոգեկոչելով, շուրջ մէկուկէս միլիոն իր նահատակներուն հետ, նաեւ իր պապենական բռնագրաւուած հողերը, մշակութային եւ գեղարուեստական անցեալի իր անգնահատելի հարստութիւնները:

1966-ին, երբ տակաւին թարմ էին Եղեռնի յիսնամեակի հաւաքական ապրումները հայ սրտերուն մէջ, Համազգային մշակութային միութիւնը առիթ ունեցաւ ձեռք բերելու կարեւոր թիւով լուսանկարներ` Արեւմտեան Հայաստանի եւ մասնաւորաբար Վասպուրականի եւ Անիի շրջաններու հայ արուեստի կոթողներու մնացորդներէն:

Առաջին մէկ օրէն Համազգային մշակութային միութիւնը մտածումը ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ճարտարապետական ալպոմի մը հրատարակութեամբ գիտական եւ գեղարուեստական միջազգային շրջանակներուն ներկայացնելու ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս ինկող հայ միջնադարեան արուեստի գոհարները, որոնք, կարեւոր մասամբ արդէն իսկ քանդուած, ի սպառ կորստեան դատապարտուած են, եթէ անոնց փրկութեան եւ գէթ մասնակի վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ միջոցները ձեռք չառնուին:

Ծրագիրը շատ մեծածախս էր սակայն, եւ արդէն իսկ Համազգայինը կը մտածէր հրաժարիլ իր հնարաւորութիւնները շատ անցնող այդ հրատարակութեան գաղափարէն, երբ ՏէՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԳԷՈՐԳ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆի իշխանական նուիրատուութիւնը` յիսուն հազար լիբանանեան ոսկի, եկաւ փաստացի կարելիութեան վերածելու արուեստի պատմութեան համար մեծապէս օգտակար այդ աշխատանքը: ՏէՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԳԷՈՐԳ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆի նուիրատուութիւնը հնարաւորութիւն ընծայեց հրատարակութիւնը կատարելու երեք լեզուով (անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն), եւ յանգելու` գեղարուեստական ձեւաւորումով օժտուած, խնամուած ու գունատիպ ներկայ հատորին:

Մեծ ուրախութեամբ է, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը, հատորի աւարտման առթիւ իր երախտագիտութիւնն ու ամենաջերմ շնորհակալութիւնները կը ներկայացնէ ՏէՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԳԷՈՐԳ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆին:

Այս հատորը կը ներկայացնէ Անիի շրջանի եւ Վասպուրականի գլխաւոր յուշարձաններուն ներկայ վիճակը: Եթէ ան յաջողութիւն գտնէ, կը ծրագրենք յաջորդիւ, նմանօրինակ այլ հրատարակութիւններով, հանրութեան ներկայացնել նաեւ պատմական Հայաստանի այլ շրջաններու ճարտարապետական յուշարձանները:

Մեր հաստատ համոզումն է, որ համամարդկային գեղարուեստի պահպանութեան եւ ուսումնասիրութեան նուիրուած միջազգային հիմնարկութիւնները, եւ ի մասնաւորի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, չեն կրնար անտարբեր մնալ միջնադարեան քրիստոնէական արուեստի արժէքաւոր այս նմուշներու դանդաղ աւերման կամ ծրագրուած քանդումին դիմաց, եւ որ անպայման միջոցներ ձեռք պիտի առնուին` զանոնք ցուցակագրելու, ուսումնասիրելու եւ կորուստէ փրկելու համար:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.