Աշխարհահռչակ յօրինող Փենտերեցքի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած համերգով հանդէս եկաւ Մոնթրէալի մէջ


Սեպտեմբեր 20-ին, Մոնթրէալի Փլաս տէ Զար համերգասրահին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Մոնթրէալի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ աշխարհահռչակ յօրինող Քրիստոֆ Փենտերեցքի, որ անձնամբ ղեկավարելով երգչախումբը, ունկնդիրներուն հրամցուց Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակին նուիրուած «Սաղմոս Գ.» ստեղծագործութիւնը։

Համերգի ընթացքին, նուագախումբը նուագեց նաեւ Պախէն, Պրահմսէն եւ Պըրնըսթայնէն երաժխտական կտորներ։

Համերգը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի միացեալ մարմնին կողմէ։

Նշենք, որ Փենտերեցքիի մեծ մայրը Իսֆահանցի հայ եղած է։ Աշխարհահռչակ երաժշտագէտը, մանուկ հասակին, մեծ մօր հետ ամէն կիրակի յաճախած է Քրաքովի հայոց եկեղեցի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.