Թուրքիան Քաղաքացիական Պատերազմի Եզրէն Կրնա՞յ Ետդարձ Կատարել


Թուրք լրագրող Ամպերին Զաման «Ալ-Մոնիթըր» քաղաքական վերլուծողական կայքէջին վրայ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ մինչ ՔԱԿ-ն (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն, PKK) ու թրքական իշխանութիւնները կրնան շարունակել զիրար այպանել 31-ամեայ քրտական հարցի լուծման ամէնէն յուսալի փորձի տապալման համար, Թուրքիոյ քրտաբնակ հարաւարեւելեան շրջանէն եկող լուրերը կը վկայեն, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP) համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշի այն խօսքը, թէ «Թուրքիա քաղաքական պատերազմի մը եզրին է» չափազանցութիւն մը չէ։

Զաման կը նշէ, թէ տարածուող լուրերը այն մասին, թէ հասարակ քիւրտ քաղաքացիներ առանց պատճառի կը խոշտանգուին՝ բարձրացուցած են թուրք-քրտական հակամարտութեան ծաւալման ուրուականը, որմէ յաջողած էր խուսափիլ երկիրը վերջին տարիներուն։ Շատ կը խօսուի «1990-ականներու վերադարձի մը» մասին, երբ հակամարտութիւնն ու պետութեան բրտութիւնը իրենց գագաթնակէտին էին։ Աւելի վտանգաւորն այն է, որ այժմ պատերազմը միայն գիւղական շրջաններու մէջ չէ, այլ քաղաքներու, ուր ՔԱԿ-ի արմատական երիտասարդական թեւը՝ Հայրենասիրական յեղափոխական երիտասարդական շարժումը (YDG-H, Patriotic Revolutionary Youth Movement) կը թուի ամրացած ըլլալ, ինչ որ քաղաքային զոհերու վտանգը կ՚աճեցնէ։

Ուաշինկթընեան «Սիլք Ռոտ» հիմնարկի աշխատակիցներէն Կարեթ Ճենքինզ, որ թրքական հարցերու մասնագէտ մըն է «Ալ-Մոնիթըր»-ի յայտնած է, թէ անհաւանական է, որ թրքական կառավարութիւնը ըմբոստներուն դէմ շղթայազերծուած յարձակումը ընտրութիւններէն առաջ կասեցնէ, իսկ ՔԱԿ իր կարգին չի կրնար կռիւը դադրեցնել, որովհետեւ, ըստ անոր, «եթէ չշարունակեն հակադարձել, ապա Էրտողան կրնայ յաղթանակ հռչակել»։

Զաման կը գրէ, որ վերջերս կատարուած հարցախոյզներ ցոյց կու տան, որ եթէ ընտրութիւնները իրենց նախատեսուած թուականին տեղի ունենան՝ արդիւնքը պիտի ըլլայ նոյնը։ Այդ պարագային Էրտողան պատրաստ պիտի ըլլա՞յ իր վնասները նուազագոյնի կապելու եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համախոհական կառավարութիւն մը կազմել արտօնելու, իսկ եթէ ոչ ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր ծրագիրը։ Պիտի հնարէ՞ HDP-ն կամ Տեմիրթաշը ընտրութիւններէն հեռու պահելու հնարք մը, որ անոր պիտի ապահովէ խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը, որ պիտի իրականացնէ իր նախագահական գործադիր իշխանութեան երազները։ Վերջին զարգացումները լաւ բան չեն յուշեր։

Որեւէ արդիւնք, որ կ՚օտարացնէ Թուրքիոյ քիւրտերը կրնայ խորացնել անկայունութիւնը եւ արագացնել երկիրին անկումը դէպի յաւելեալ բռնարարքներ։ Ըստ ուաշինկթընեան պահպանողական Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութիւն հիմնարկի վերլուծաբան Ճոնըսըն Շանզըրի քիւրտերուն ձեռքբերումները ի չիք դարձնելը կրնայ քանդել Թուրքիան, ուստի իմաստուն քայլ մը չէ։ «Յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, եթէ ողջախոհութիւնը պիտի տիրապետէ», կ՚եզրափակէ Զաման։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.