Հայրենի Կռփամարտիկները Ապահովեցին Նուազագոյնը 6 Մետալ


6-medals_8-27-15

Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող Քլիչքօ եղբայրներուն անուան միջազգային մրցաշարքին կը շարունակեն յաջող ելոյթներ ունենալ հայրենի կռփամարտիկները, որոնք արդէն իսկ ապահոված են նուազագոյնը 6 մետալ, կը յայտնէ ArmSport.am իր այս լուրը քաղելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն:

Իրենց երկրորդ յաղթանակը արձանագրեցին Վահէ Պատալեան (52 քկ) եւ Հրայր Շահվերտեան (56 քկ):

Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Ալեն Դանիէլեան (49 քկ), Սպարտակ Թամարեան (60 քկ) եւ Արարատ Կիւլպենկեան (64 քկ), կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.