Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպեցաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ


Նախագահ Սերժ Սարգսեան սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններու ծիրէն ներս, օգոստոս 26-ին հանդիպում ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (ՀՅԴ) կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի և Արսէն Համբարձումեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեձան սահմանադրական բարեփոխումներու ընդհանուր գործընթացը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ եղաւ ՀՀ Նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի կողմէ մշակուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած մօտեցումներուն և նախագիծի առանձին դրոյթներուն մասին:  

 ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ շարունակել  համակողմանի քննարկումները մասնագիտական յանձնաժողովի մշակած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագծին շուրջ, ուր, ըստ ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն, տեղ գտած են երկրի զարգացումը ապահովող՝ իրենց համար կարևոր հիմնական շեշտադրումներն ու ՀՅԴ մօտեցումները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.