Իսլամացած Տիգրանակերտցի հայ մը Հայաստանի մէջ Քրիստոնեայ մկրտուած է


«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, թէ Տիգրանակերտ ծնած Էրտալ անունով տղամարդ մը, որ Հայաստան կը գտնուէր մասնակցելու Համահայկական 6-րդ խաղերուն, հրաժարած է իսլամութենէն եւ մկրտուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:

Երիտասարդը վերադարձած է Տիգրանակերտ, տեղւոյն անձնագրային բաժանմունքին մէջ փոխած է անձնագիրը, որուն մէջ նշուած էր, թէ ազգութեամբ թուրք է, իսկ կրօնով իսլամ: Նոր անձնագիրին մէջ գրուած է, որ ան հայ է եւ քրիստոնեայ: Մկրտուելէ ետք Էրտալ ունեցած է նոր անուն եւ կոչուած Փարամազ:

Տարիներ առաջ նման քայլի դիմած էր Տէրսիմի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ: Վերջինս ծնած է Տէրսիմ եւ աւելի քան 50  տարի Սելահաթթին Կիւլթեքինի ինքնութեամբ ապրելէ ետք մկրտուելով դարձած է Միհրան Փրկիչ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.