Խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէք Քեսապի մէջ


Գանձասար – Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2015-ին,Էսկիւրէնի (Ներքի գիւղ) Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի: Յաւարտ Ս․ Պատարագին տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ մատուցուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող հնադարեան Սօսիին տակ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն։ 
Քեսապցի երիտասարդներ գիշերուայ ուշ ժամերէն սկսեալ լծուած էին Հարիսան պատրաստելու կամաւոր աշխատանքին։
Հաւատացեալները, առաւօտեան վաղ Ժամերէն, իբրեւ ուխտաւորներ, Հաւաքուած էին Էսկիւրէնի ուխտավայր հաղորդակից ըլլալու համար օրուան խորհուրդին եւ վայելելու համեղ Հարիսան ու օրհնուած խաղողը:



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.