14 Օգոստոս 1896. Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն


14 Օգոստոսին, 119 տարի առաջ, Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոնստանդնուպոլիսը թատերաբեմ դարձաւ քաղաքական ահաբեկչութիւններու պատմութեան մէջ աննախադէպ գործողութեան մը։ 
1896ի Օգոստոս 14ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէի որոշումով եւ Բաբգէն Սիւնիի ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ օսմանեան կայսերական դրամատան՝ Պանք Օթոմանի գրաւման յանդուգն ծրագիրը։
Ինչպէս որ ազգային-յեղափոխական սիրուած երգը անմահացուց հերոսական այս սխրալի գործողութիւնը՝

 Պանք Օթոման գրաւած է 

Դաշնակցութեան կոմիտէն,
Նրա մէջը լեցուցած է 
Պայթիչ, խորտակիչ ռումբով:

Ամէն հայ քաջ սպասում էր
Այն սիրելի րոպէին,
Թէ ե՞րբ պիտի նետուի ռումբը
Ու խորտակուի թշնամին:

Ահա ինկաւ պատուհանէն
Մի կլորիկ ղումպարա,
Հոն սարսեցաւ Սուլթան Համիտ
Եւ իր վատ Իզզէթ փաշան:

Երբ այս լուրը Համիտ լսեց,
Քովը կանչեց Նազըմը,
Գնա՛ ըսաւ, հանդարտեցո՛ւր,
Այդ խռովեալ հայերը:

Պանք Օթոման զետեղուած է
Բաբգէն Սիւնի հարկին տակ.
Հոն զոհուեցաւ Բաբգէն Սիւնի
Դաշնակցական վեհ հսկան:

Սորա անունը սարսեցուց
Հարիւր հազար միւսլիման,
Սոցա Սուլթան Համիտ կոչուած 
Անգութ ազգին խալիֆան:

Ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութեան ելեւմտական կեանքին մայր երակը, այլեւ եւրոպական դրամագլուխներու ու գործառնութեանց դրամական¬տնտեսական գլխաւոր կեդրոններէն էր Պանք Օթոմանը։ Յատկապէս ֆրանսական եւ բրիտանական դրամագլուխներու արիւնատար երակն էր Արեւելքի մէջ։ Շուրջ երկու հարիւր պաշտօնեայ հաշուող դրամատան անձնակազմն ու վարչական ղեկավարութիւնը առաւելաբար եւրոպացիներ էին։ Իբրեւ այդպիսին՝ ապահովական լուրջ հսկողութեան տակ կը պահուէր Պանք Օթոմանը։
Հետեւաբար, կրկնակիօրէն յանդուգն էր Դաշնակցութեան նետած քայլը։ Յանդուգն էր նախ Եւրոպան ցնցելու առումով, ապա նաեւ՝ օսմանեան պետութեան խոցելիութիւնն ու ապիկարութիւնը մերկացնելու իմաստով։

 

Յանդգնութեան նման նախադէպ ծանօթ չէր յեղափոխական շարժումներու պատմութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով՝ բռնակալութեան դէմ պայքարող յեղափոխական շարժում մը իր հարուածը կþուղղէր իշխանաւոր ուժին տնտեսական եւ ելեւմտական հիմերուն, կռուաններուն ու կենսական շահերուն դէմ։
Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին հեղինակն ու անոր իրագործման կազմակերպչական ծրագիրը յղացողը 23ամեայ Բաբգէն Սիւնին էր, որուն անունը նոյնացաւ Պանք Օթոմանին հետ նաեւ եղերականօրէն, որովհետեւ գրաւման կազմակերպիչն ու ղեկավարը գործողութեան առաջին իսկ փուլին նահատակուեցաւ…
Աւելի քան 11 տասնամեակ անցած է Պանք Օթոմանի գործողութենէն ասդին եւ ինչպէս հայ ազգային¬ազատագրական շարժման գլխաւոր բոլոր քայլերուն շուրջ, այնպէս եւ մանաւանդ Օսմանեան Դրամատան գրոհին ազգային¬քաղաքական եւ գաղափարական¬բարոյական արժեւորման վերաբերեալ տակաւին երկփեղկուած կը մնայ հայ քաղաքական միտքը։
Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու ընկալման մէջ՝ արժեւորման մէկ բեւեռին տիրական եղաւ ու ժամանակի թաւալքին հետ հերոսական իր նշանակութիւնը շեշտեց եւ նոր սխրանքներու ներշնչման աղբիւր դարձաւ Պանք Օթոմանի գրաւումը, մինչ միւս բեւեռին՝ տարբեր կարգի վերապահումներու եւ արժեզրկման քարոզարշաւներու թիրախի վերածուեցաւ հայու յեղափոխական յանդգնութեան անկրկնելի այս թռիչքը։
Մեր սերունդները «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան Կոմիտէն» երգելով գտան եւ արմատաւորեցին հայու իրենց էութիւնն ու ազգային¬գաղափարական ինքնահաստատման ուղին։
Բայց մեր կողքին միաժամանակ ապրեցան եւ ամբողջ տասնամեակներ, Պանք Օթոմանի հերոսներուն «Սթամպուլը պիտի լինի արեան ծով» յանդգնութիւնը ծաղրի ու լուտանքի նշաւակ դարձնելով, հայ պահպանողականութեան ստրկամիտ համակերպումի եւ պարտուողական «իրատեսութեան» գաղափարներով սնանեցան սերնդակիցներ։
Հետեւաբար, Պանք Օթոմանի գրաւման 117րդ տարելիցին ոգեկոչումը ոչ միայն ազգային-յեղափոխական ուխտի վերանորոգման նշանակութիւնը ունի, այլեւ մոլորեալները դարձի բերելու յուշարարն է՝ շեշտելով հերոսական յանդգնութեան անկրկնելի այս քայլին անմոռանալի դասերը.-
Ա.¬ Միայն վրէժխնդրական քայլ չէր Պանք Օթոմանի գրաւումը։ 1894¬1896ի Համիտեան կոտորածներուն երեք հարիւր հազար անմեղ զոհերուն վրէժը լուծելու հրամայականը անշուշտ կար եւ մղիչ ուժն էր Բաբգէն Սիւնիի եւ իր ընկերներուն հերոսական յանդգնութեան։ Վրէժխնդրական քայլ էր նաեւ այն առումով, որ 1896ի գարնան Վանէն հեռացող հայ յեղափոխականներու, դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորութեամբ աւելի քան երեք հարիւր հայ երիտասարդներու դէմ կատարուած ջարդը (քրտական Մազրիկ ցեղի աշիրաթապետ Շարաֆ պէկի պատասխանատուութեամբ) անպատասխան պէտք չէ մնար։ Բայց վրէժխնդրութեան կողքին գոյութիւն ունէր եւ Պանք Օթոմանի գրաւման գործողութեան կիզակէտը կը կազմէր քաղաքական հատու Ազդարարութիւնը՝ ուղղուած ատենի եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան, որ անպատիժ չեն կրնար մնալ հայ ժողովուրդին արիւնախում դահիճները. ի վերջոյ Հայու յեղափոխական Ոգին սանձակոտոր զարթնած էր այլեւս։
Ահա՛ առաջին դասը Պանք Օթոմանի պատմակշիռ քայլին։
Բ.¬ Հայ ազգային¬ազատագրական շարժման էութիւնը եւ յեղափոխական յանդգնութիւնը չեն ըմբռներ բոլոր անոնք, որոնք միայն եւրոպական դիւանագիտութիւնը շարժման մէջ դնելու եւ այսպէս կոչուած հայկական նահանգներու Բարենորոգումներու Ծրագրին շուտափոյթ գործադրութիւնը պահանջելու առաջադրանքով կը փորձեն բացատրել Պանք Օթոմանի գործողութեան քաղաքական նշանակութիւնը։
Անշուշտ որ Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ.Կոմիտէն նման պահանջով յայտարարութիւն մը յղեց, Պանք Օթոմանի գրաւման պահուն, եւրոպական մեծ տէրութիւններուն եւ Սուլթանի կառավարութեան։ Բայց նոյնինքն յայտարարութիւնը հատու ազդարարութիւն մըն էր բոլորին, որ կոտորածներով կարելի չէ խեղդել յանուն ազատութեան եւ ինքնավարութեան զէնք բարձրացուցած հայ ժողովուրդի յեղափոխական ոգին։ Իբրեւ այդպիսին՝ Պանք Օթոմանի գրոհը ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ։ Հայկական յեղափոխութեան ահաբեկչական զէնքին առջեւ բացաւ նոր հորիզոն՝ Սուլթանի ու եւրոպական տէրութիւններու տնտեսական կենսական շահերուն հարուածելու իր ընդունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ամրագրելով։
Այս առումով ծանրագոյն անարդարութիւնը կը գործեն Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր եւրոպական՝ սիոնական պատուէր ներկայացնելու փորձութեան անձնատուր եղող մերօրեայ հայ հեղինակները, որոնք հայկական յեղափոխութեան հաշւոյն Համիտի հետ «առեւտուր»ի մէջ մտած սիոնական պարագլուխի բանակցութիւններուն եւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան հրեայ գործակալին դերակատարութեան վերաբերեալ արխիւային բացայայտումները հիմք կը նկատեն եզրակացնելու համար, թէ Պանք Օթոմանի գրաւումը իբր թէ Եւրոպային կողմէ պատուիրուած էր… Բաբգէն Սիւնիներուն։
Ո՛չ եւ հազար անգամ Ո՛չ։
Գ.¬ Պանք Օթոմանը մանուկ հայկական յեղափոխութեան հասունացման քայլը եղաւ։ Հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածներով Հայկական Հարցը թաղելու Սուլթանի քաղաքականութեան հարկ էր աշխարհաքաղաքական հատու պատասխան տալ եւ Պանք Օթոմանը եղաւ յանդուգն սկիզբը հետագայ ծաւալուն գործունէութեան։
Պանք Օթոմանի գործողութեան անժամանցելի այս դասերը նորահաս սերունդներուն լիարժէք փոխանցելու պարտականութիւնը ունի հայ քաղաքական միտքը։
Յատկապէս ունի պարտականութիւնը ըստ արժանւոյն գնահատելու անմահ օրինակն ու աւանդը Պանք Օթոմանի յանդուգն գրոհին հետ նոյնացած Բաբգէն Սիւնիի։
Աւազանի անունով Պետրոս Փարեան՝ Բաբգէն Սիւնի ծնած էր 1873ին, Ակնի Բինկեան գիւղը։ Աղքատ ընտանիքի զաւակ էր, բայց կը սերէր հին ազնուական տոհմէ։ Ուսումնատենչ, ուղղամիտ եւ ծայր աստիճան արդարութեան ու ազատութեան փարած յեղափոխականի նկարագիր եւ աշխարհայեացք ունէր։ Փայլուն արդիւնքով աւարտած էր Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը՝ արժանանալով թէ՛ ուսուցիչներուն եւ թէ դասընկերներուն անվերապահ գնահատանքին, համարումին ու ամբողջական վստահութեան։
Իր յեղափոխաշունչ գաղափարներուն եւ հայկական բողոքի շարժումներուն իր բերած մասնակցութեան համար, Կեդրոնականի նախավերջին տարին, Բաբգէն Սիւնի կը ձերբակալուի եւ կարճ ժամանակ բանտ կը մնայ։ Բայց այդքանն իսկ բաւարար պատրուակ կը ծառայէ, որպէսզի թրքական ընկերութեան մը մէջ աշխատող հօրը գործէ հեռացնեն։ Ընտանիքը աւելիով անձկութեան կը մատնուի, բայց Բաբգէն Սիւնի այդ բոլորէն ընկճուողը չէր։ Ընդհակառակն՝ շարունակ կը շեշտէր, թէ ծնողքին եւ իր ապրած դժուարութիւնները բաժին հանուած էին ամբողջ հայ ժողովուրդին ու հարկ էր պայքարիլ ընդհանուրին համար՝ ի խնդիր հայ ժողովուրդի կեցութեան արմատական բարեփոխումին։
Կեդրոնականը աւարտելէ ետք, կը յաճախէ Պոլսոյ Նաւային վարժարանը (Ազար Գափու)։ Այդ շրջանին է, 1892ի վերջերը, որ նորակազմ Դաշնակցութեան կողմէ Յովհաննէս Եուսուֆեան Պոլիս կու գայ եւ կը ձեռնարկէ դաշնակցական խումբերու կազմութեան։ Բաբգէն Սիւնի արդէն կազմած է «Սիւնիք» անունով իր խումբը՝ ուսանող թէ պանդուխտ հայ երիտասարդներու մասնակցութեամբ։ Ամբողջ խումբով կը միանան Դաշնակցութեան եւ Բաբգէն Սիւնիի համար կը սկսի յեղափոխական կենդանի պայքարի բուռն շրջանը։
Պոլսոյ հայութեան ամէնէն դժուարին ժամանակահատուածին զուգադիպեցաւ Բաբգէն Սիւնիի դաշնակցական գործունէութիւնը։ Որքան վարակիչ կը դառնար հայ յեղափոխական շարժումը, այնքան կատաղի խստութեամբ թափ կþառնէր սուլթանի կառավարութեան հակադարձութիւնը։ Իսկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանն ու անոր շուրջ բոլորուած յետադիմական ու պահպանողական խաւը ոտքով¬գլուխով կը խորասուզուէր Բ. Դրան հաճոյանալու ծառայամտութեան տիղմին մէջ՝ բանադրելով հայ յեղափոխականները, նաեւ ոստիկանութեան մատնելով զանոնք։
Պոլսոյ մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Եուսուֆեանի եւ Արշակ Վռամեանի անմիջական գործակիցն ու աջ բազուկը դարձած Բաբգէն Սիւնի, որ արդէն Դաշնակցութեան նորակազմ Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէին գաղափարական ոգին եւ կազմակերպական մղիչ ուժն էր, ստիպուեցաւ միաժամանակ դիմագրաւել թէ՛ կառավարութեան հետապնդումները, թէ՛ պահպանողական շրջանակներու մատնութիւնները։ Խստագոյն հալածանքի՝ ոստիկանական հետապնդումի եւ հայադաւներու մատնութեանց պայմաններուն մէջ, Բաբգէն Սիւնի թրծուեցաւ իբրեւ ընդյատակեայ յեղափոխական գործի մեծ հսկայ։ Զէնք ու զինամթերքի տեղափոխութիւն եւ պահեստաւորում, ռումբերու պատրաստութիւն, նորագիրներու գաղափարական դաստիարակութիւն եւ զինավարժութիւն, կազմակերպական աշխատանքներ եւ ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական զարգացումներուն հետ քայլ պահելու ամէնօրեայ հեւքը կլանեցին անոր առօրեայ կեանքը։
Ահա՛ այսպիսի պայմաններու մէջ ձեւաւորուեցաւ, Բաբգէն Սիւնիի մտքին մէջ, Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարը։ Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, Բիւրոյի հետ համախորհուրդ, կանաչ լոյս տուաւ Բաբգէն Սիւնիի ծրագրին։
14 Օգոստոսի կէսօրուան ժամը 1ին, որ գրաւումը սկսելու ժամկէտն էր, նախատեսուած 73ի փոխարէն միայն 24 յեղափոխական ներկայացած էր։ Բաբգէն Սիւնի՝ իր գլխաւոր օգնականներուն, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի հետ խորհրդակցաբար, ժամը մը ուշացուց յարձակումը, բայց ճարահատ՝ եղած ուժերով ժամը 2ին անցաւ գրոհի։
Դրամատան մուտքին պահակ ոստիկանները բուռն դիմադրութիւն ցոյց տուին։ Թէեւ սպաննուեցան եւ յարձակող խումբը մտաւ դրամատան շէնքը, բայց յետսապահ դիրք ստանձնած ու խումբի ռումբերուն եւ ուժանակի պայուսակներուն անվտանգ շէնք մուտքին հսկող Բաբգէն Սիւնին, երբ ի վերջոյ իր կարգին կը բարձրանար շէնքի սեմի աստիճաններէն, փամփուշտ ստացաւ եւ ձեռքի ռումբի պայթումին հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ընկերները կրցան շէնք մտցնել հերոսին կիսամեռ մարմինը եւ փակել դռները, բայց այլեւս փրկութիւն չկար դաշնակցական մեծ հսկային համար։
Մինչեւ Օգոստոս 15ի վաղ առաւօտեան ժամերը Պանք Օթոման մնաց հայ յեղափոխականներու գրաւման տակ։ Արմէն Գարօ եւ Հրաչ միասնաբար ստանձնեցին գրաւման ղեկավարութիւնը։ Գրաւումը վերջ գտաւ ողջ մնացած 17 յեղափոխականներու Պոլսէն ապահով հեռացումով եւ Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումով, որպէսզի չդիմէ հակադարձութեանց։
Պանք Օթոմանի գրաւումը ինչպէս օրին, այնպէս ալ հետագային երկար ժամանակ իր ազդեցութիւնը զգալի դարձուց հայոց ազգային¬ազատագրական շարժման մակընթացութեան մէջ։
Սուլթանը զգաստացաւ, եւրոպական տէրութիւններու օրակարգին վրայ հայկական բարենորոգումներու պահանջները յաւելեալ այժմէականութիւն ստացան, իսկ Բաբգէն Սիւնիի հերոսական յանդգնութիւնը ներշնչման անսպառ աղբիւր դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար։
Բաբգէն Սիւնի մարմնաւորեց հայ յեղափոխականին անհաշտ ծառացումն ու անձնազոհ գրոհը բռնատիրութեան, յատկապէս թրքական բռնապետութեան դէմ, որուն «հոտած լէշ» անունը տուած էր Օսմանեան Դրամատան գրաւման անկրկնելի ծրագրողն ու իրականացնողը։ Գաղափարական կանխահաս հասունութեամբ՝ Բաբգէն Սիւնի հայոց սերունդներուն կտակեց իր անմահ պատգամը.¬ «Կառավարութիւն մը հանրային իղձերու մարմնացումը եւ անոնց արդար գործադիրը պիտի ըլլայ. բայց այդպէս չեն ըլլար բռնաւորները. ուրեմն հարկ է, որ հասարակութիւնը իր բարի ցանկութիւնները չվստահի այդ տեսակ ապիկարներու, որոնց ձեռքին մէջ ամէն ազնիւ ներշնչում, ուշ կամ կանուխ, մարդախողխող դաշոյնի կը փոխարկուի եւ պատուհաս կը դառնայ խաղաղ ժողովուրդներու»։
Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.