Ըմբշամարտ. Վոլոդիա Ֆրանգուլեան Ազատ Ոճի Միջազգային Դասաւորման Մէջ Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք


Վոլոդիա Ֆրանգուլեան

Վոլոդիա Ֆրանգուլեան

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց ազատ ոճի զօրաւորագոյն ըմբիշներուն նոր դասաւորումը` ըստ դասակարգերու:

Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունի Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, որ 61 քկ դասակարգին մէջ բարձրացաւ 2-րդ դիրք, կը յայտնէ ArmSport.am:

Հայ մարզիկին 2-րդ դիրք բարձրանալուն օգնեց նախորդ մարտին տեղի ունեցած Ալեքսանտր Մետվետի անուան միջազգային մրցաշարքերուն եւ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ընթացքին արձանագրուած յաղթանակները, ինչպէս նաեւ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ստեփան Սարգսեանի անուան մրցաշարքին ընթացքին անոր ձեռք ձգած յաջողութիւնը:

Ազատ ոճի դասաւորման մէջ են նաեւ Հայաստանէն 2 այլ ներկայացուցիչներ` Դաւիթ Սաֆարեան (65 քկ, 20-րդ) եւ Լեւան Պերիանիցէ (125 քկ, 13-րդ):

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.