1915-ի Տարոնի հերոսամարտը – 100-ամեակ


Հայկական տարեգրութեանց մէջ աննախընթաց են 1915 թուականին մղուած հերոսամարտերը, որոնք ընդհանրապէս կը ղեկավարուին Հ.Յ.Դաշնակցութեան մարմիններուն, կամ պատասխանատու ընկերներու կողմէ:

Պատերազմի առաջին իսկ օրերուն անբնական պայմաններ կը ստեղծուին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին: Զինուորական արտակարգ վիճակին պատճառով երկրի դաշնակցական մարմինները չեն յաջողիր իրարու հետ հաղորդակցիլ: Եւ երբ համազգային աղէտին առջեւ կը գտնուին, անկարելի կը դառնայ կուսակցութեան Եօթներորդ եւ Ութերորդ Ընդհանուր Ժողովներու որոշումներուն համապատասխան ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպել: Այս եւ ուրիշ պատճառներով 1915 թուականի զինեալ դիմադրութիւնները կ՚ըլլան յանպատրաստից, առանձնացած եւ պատահական: Անոնց մէկ մասը կ՚աւարտի հայերու յաղթանակով՝ ստոյգ բնաջնջումէ փրկելով հարիւր հազարաւոր ժողովուրդ: Աննախատեսելի պայմաններ, անհակակշռելի իրադարձութիւններ պատճառ կ՚ըլլան, որ կարգ մը շրջաններու մէջ ինքնապաշտպանութիւնը ձախողի եւ զանգուածային ջարդեր տեղի ունենան: Երկու պարագաներուն ալ, սակայն, այդ դէպքերը արդի ժամանակներու հայոց պատմութեան եզակի հերոսամարտերը կը հանդիսանան:

ՏԱՐՕՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ 1914ի Նոյեմբերին արդէն իսկ թուրք զօրքերուն բռնութիւնները, կողոպուտը եւ սպանութիւնները հայ գիւղերէն ներս կը դառնան անհանդուրժելի, հայ յեղափոխութեան օրրան Տարօնի դաշնակցական ղեկավարները կը դանդաղին զինեալ դիմադրութիւն կազմակերպելու: Երիտասարդ տարրերու առաջարկը՝ անմիջապէս ինքնապաշտպանութեան դիմելու, կը հանդիպի պահպանողական դասի ընդդիմութեան: Ոմանք կ՚առարկեն, որ այդպիսով կառավարութեան առիթ կու տան նոր կոտորածներ սարքելու: Ուրիշներ՝ բռնութիւնները ժամանակաւոր ու անցողակի կարծողներ, կ՚առաջարկեն բողոքներով, կաշառքով եւ կրաւորական այլ միջոցներով դիմագրաւել կացութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը նուազագոյն վնասով դուրս գայ վտանգէն: Համբերութեան քաղաքականութեան կողմնակից կ՚ըլլան նաեւ ռուսական բանակի արագ յաղթանակին վրայ յոյս կապողները: Այս եւ դեռ ուրիշ պատճառներով Տարօնի ինքնապաշտպանութիւնը կը սկսի ուշ, կ՚ըլլայ պատահական ու անկազմակերպ:

Ստորեւ՝ Տարօնի դէպքերը, ամիսէ ամիս

ՓԵՏՐՈՒԱՐ _ Իթթիհատի կեդրոնի հրահանգով Մուշի գաւառապետ Սէրվէթ պէյ կը փորձէ դաւադրութեամբ սպաննել Տարօնի դաշնակցական ղեկավարներէն Ռուբէնը (Տէր Մինասեան) ու Կորիւնը: Այս նպատակով ան Մշոյ դաշտի Գոմս գիւղը «այցելութեան» կը ղրկէ կառավարական պաշտօնեաներու խումբ մը: Գիւղապետ Կորիւն՝ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկանալով այցելուներու ոճրային նպատակը, «հիւրերը» իր տան մէջ կ՚արգելափակէ, տունը հրդեհի կու տայ եւ բոլորը կ՚ոչնչացնէ: Ապա, Ռուբէն եւ Կորիւն՝ իրենց ֆեդայական խումբով Սասունի լեռները կը բարձրանան: Գոմս գիւղի այս դէպքը Տարօնի ինքնապաշտպանութեան ազդանշանը կը հանդիանայ:

ՄԱՐՏ _ Առաքելոց վանքն ու մերձակայ հայ գիւղերը թալանելու եկած թուրք զօրքն ու քիւրտերը կը հանդիպին խմբապետ Մճոյի եւ իր ֆեդայիներու բուռն դիմադրութեան: Գաւառներու հայ ղեկավարութիւնը բնաջնջելու իթթիհատական ծրագրին հետեւելով, թուրք իշխանութիւնները դաւադրաբար կը սպանեն Սասնոյ Խուլբ գաւառակի դաշնակցական խմբապետ Գալուստ Սասունին ու իր երկու եղբայրները: Շրջանի ֆեդայիները զինեալ դիմադրութեան կ՚անցնին:

ԱՊՐԻԼ-ՄԱՅԻՍ _ Կատաղի կռիւներ ծայր կու տան Կուրտիկ լերան լանջերուն: Թուրք զօրքերու եւ քիւրտերու բռնութիւններուն զէնքով կը պատասխանեն Սասունի Խթանք, Բսանք եւ Տալւորիկ գաւառակներու ֆեդայիները: Գիրկընդխառն դաշունամարտեր տեղի կ՚ունենան Գոմուց վանքի շուրջն ու Սատանի կամուրջին վրայ:

Թուրքերու հալածանքին ու բարբարոսութիւններուն չդիմանալով՝ Ախլաթ գաւառի հայերը Նեմրութ լերան լանջերը կ՚ապաստանին եւ երեք ամիս կը դիմադրեն: Իրենց ոդիսականը վերջ կը գտնէ, երբ հայ կամաւորական գունդերու յառաջապահները Դատուանէն օգնութեան կը հասնին:

Խնուս գաւառի եւ շրջակայ 15 հայ գիւղերու ֆեդայիները զինեալ դիմադրութիւն կը կազմակերպեն թուրք բանակայիններու եւ քիւրտ խուժանին դէմ: Կռուողներէն ու անզէն ժողովուրդէն շատեր կը զոհուին, բայց մաս մը հայեր կը յաջողին Կովկաս անցնիլ ու փրկուիլ:

Վտանգ նախազգալով, Վարդենիսի շրջանի վեց հազար հայերը կը փոխադրուին Մեղրագետի շամբուտները: Խմբապետներ Հասրաթի եւ Մարտիրոս Վարժապետի ղեկավարութեամբ անոնք երկու ամիս կը դիմադրեն քիւրտերու յարձակումներուն եւ կ՚ազատին շնորհիւ հայ կամաւորներուն ու ռուս բանակի յառաջապահներուն, որոնք Վասպուրականը գրաւելէ ետք կը հասնին մինչեւ Նեմրութ լեռ: Կոտորածէ խուսափած վարդենիսցիները ի վերջոյ՝ նահանջող ռուս բանակին հետ կ՚անցնին Կովկաս:

ՅՈՒՆԻՍ _ Սասուն գտնուող ֆեդայիները երկու անգամ կը փորձեն չորս կողմէն պաշարուած եւ օրհասական կռիւ մղող Մուշ քաղաքի իրենց ընկերներուն օգնութեան երթալ, բայց չեն յաջողիր թշնամիին պաշարման շղթան պատռել ու ստիպուած ետ կը դառնան: Բաղէշի (Պիթլիս) մէջ դաշնակցական զինեալներ անառիկ հինգ տուներու մէջ կ՚ամրանան եւ կը կռուին թուրք զօրքին ու խուժանին դէմ: Բոլորն ալ կը զոհուին, երբ կը սպառի իրենց զինամթերքը:

ՅՈՒԼԻՍ-ՕԳՈՍՏՈՍ _ Սբ. Կարապետ վանքի շրջակայ գիւղերու հայերը կը բարձրանան մերձակայ լեռները, կը թաքնուին անտառներու մէջ եւ եօթը ամիս կը դիմադրեն զիրենք հետապնդող զօրքին ու խուժանին: Ոմանք կը զոհուին կռուի մէջ, ուրիշներ կը մեռնին ցուրտէն, անօթութենէն ու հիւանդութիւններէն: Հիւծած վերապրողները կ՚ազատին 1916ի Յունուարին Տարօն հասած ռուս բանակի միաւորներուն եւ հայ կամաւորներուն շնորհիւ:

Եղերական վախճան կ՚ունենան Մշոյ դաշտի Կարնին, Գոմս, Ալիջան, Աւրան գիւղերու ֆեդայիներն ու ժողովուրդը, որոնք կ՚ոչնչացուին հուրով ու սրածութեամբ: Հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տայ Մուշ քաղաքը: Հարիւրապատիկ զօրքով պաշարուած հայ մարտիկները կ՚արհամարհեն թշնամիի թնդանօթներուն արձակած հազարաւոր ռումբերը եւ մինչեւ վերջին փամփուշտը կը դիմադրեն ու «իմացեալ մահով կ՚իյնան իրենց պապենական օճախներու աւերակներուն տակ:

Տարօնի հայութեան կենաց եւ մահու վերջին դիւցազնամարտերը տեղի կ՚ունենան Անտոքի, Կուրտիկի, Գեբինի, Շատախի, Տալւորիկի բարձունքներուն վրայ: Հայոց արծուեբոյնի քաջերն ու տասնեակ հազարաւոր անտուն ու անօթեւան ժողովուրդ, աշխարհէն բոլորովին կտրուած, անտէր ու անօգնական, բարձունքէ բարձունք սլանալով, խորխորատէ խորխորատ ցատկելով, դեռեւս չգերազանցուած քաջութեամբ կը գօտեմարտին գազանաբարոյ թշնամիին դէմ: Բայց կը նօսրանան կռուողներու շարքերը, կը սպառին ռազմամթերքն ու պարէնը, կը սեղմուի պաշարման շղթան: Ուժասպառ ու արիւնաքամ, ժողովուրդ եւ ֆեդայիներ, ճարահատ ու յուսալքուած կը ցրուին Սասունի լեռներն ու անտառները: Եւ կը պատահի անպատմելին՝ Սասունի Եղեռնը: Ու սեւ վարագոյրը կ՚իջնէ Տարօնի հերոսա-եղեռնապատումին վրայ…


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.