Սքաութ Թիւֆէնքճեանի «Միայն աշխարհը կայ» լուսանկարչական ալպոմի ներկայացում Թորոնթոյի մէջ


Կիրակի, 26 Յուլիս 2015-ին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Գլաձոր» եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ լրագրող-լուսանկարիչ՝ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի «Հայկական սփիւռք» ծրագիրի ու վերջերս լոյս տեսած «Միայն աշխարհը կայ» գիրքի ներկայացումը՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Համազգային «Յ. Մանուկեան» Գրադարանին մէջ:

Համազգային «Գլաձոր» եւ ՀՅԴ ԳԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու անունով ողջոյնի խօսք կատարելէ ետք, հանդիսավար Ռուբէն Ճանպազեան հրաւիրեց Թիւֆէնքճեանը որ սալիկներու միջոցաւ ներկայացուց վերջին վեց տարիներու ընթացքին կատարած իր աշխատանքը:

Թիւֆէնքճեան ծնած է Պոսթըն. հայրը ամերիկահայ է, իսկ մայրը իրլանտական ծագումով ամերիկացի։ Սքաութի հօրենական նախահայրերը կու գան Մուսա լեռէն:

«Հայկական Սփիւռք» ծրագիրին ծիրին մէջ, Թիւֆէնքճեան այցելեց Եւրոպա, Լիբանան եւ մինչեւ Հնդկաստան, լուսանկարելու աշխարհի չորս կողմը գտնուող հայկական գաղթօճախները: Ծրագրին աւարտին ան հրատարակեց աւելի քան 160 լուսանկարներէ եւ 224 էջերէ բաղկացող «Միայն աշխարհը կայ» հատորը:

Ներկայացման աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Թիւֆէնքճեանին, որմէ ետք, Համազգային «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մեղեդի Էթիեմեզեան տեղւոյն Համազգայինի եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի մասնաճիւղերու անունով անոր նուիրեց Թորոնթոհայ լուսանկարիչ՝ Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» լուսանկարչական հատորը:

Նշենք, որ Սքաութ Թիւֆէնքճեան 2008-ի Միացեալ նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Պարաք Օպամայի լուսանկարիչն էր։ Օպամայի ընտրապայքարին ընթացքին ան լուսանկարեց աւելի քան 12 հազար լուսանկար եւ հետագային հրատարակեց լուսանկարչական ալպոմ մը՝ Yes We Can: Barack Obama’s History-Making Presidential Campaign։

 



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.