Արցախի Նախագահը բացումը կատարեց Նոր Սէյսուլանի մանկապարտէզին


Արցախի Հանրապետության Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 24-ին այցելեց Մարտակերտի շրջանի Նոր Սէյսուլան գիւղ: Երկրի ղեկավարը առաջին հերթին ծաղկեպսակ զետեղեց Արցախեան ազատամարտի նահատակուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:

 Այնուհետեւ Բակօ Սահակեանը մասնակցեցաւ գիւղի նոր մանկապարտէզի բացման արարողութեան: Նախագահը նշեց, որ գիւղական բնակավայրերու մէջ նախադպրոցական հաստատութիւններու ցանցի ընդլայնումը կը հանդիսանայ պետութեան կարեւորագոյն առաջադրանքներէն մէկը, եւ այսուհետեւ ջանք պիտի չխնայուի Արցախի գիւղերուն մէջ ժամանակակից պայմաններուն համապատասխան մանկապարտէզներ հիմնելու ուղղութեամբ:

Բակո Սահակեանը երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ ռուսաստանաբնակ բարերար Վահագն Խաչատրեանին` մանկապարտէզի բարերարութիւնը ստանձնելու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.