Սօսի Գեւոնեան Ներկայացուց Արշալոյս Մարտիկանեանի Կեանքն Ու Անոր Մասին Խօսող Ժապաւէնը


Պէյրութ – «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ 105-րդ լսարանը` «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի տնօրէնը, որ ողջունելով ներկաները ներկայացուց հիւրաբար Լիբանան գտնուող Եփրեմ արք. Թապագեանը եւ խօսքը փոխանցեց անոր, որպէսզի ներկայացնէ օրուան զեկուցաբեր Սօսի Ղազարեան-Գեւոնեանը:

Եփրեմ սրբազան հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Սօսի Գեւոնեանի կենսագրականը` ընդգծելով, որ անոր տունը դարձած է տեսակ մը «փոքրիկ Հայաստան»: Ան անդրադարձաւ Գեւոնեանի կրթական գործունէութեան եւ անոր իրագործած ընկերային-բարեգործական ազգօգուտ քայլերուն:

Ապա օրուան զեկուցաբեր, լիբանանահայ, այժմ` հայրենաբնակ մտաւորական Սօսի Գեւոնեան շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Օրօրա Մարտիկեանի ապրած գողգոթան: Համեմատաբար բարգաւաճ ու բարեկեցիկ ընտանիքի դուստրը` Արշալոյս Մարտիկանեան (կամ Օրօրա Մարտիկեան) 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն 14 տարեկան էր: Ան ականատես եղած է իր հարազատներուն մեծ մասին թուրքերու կողմէ սպանութեան: Անոր աչքերուն առջեւ կ՛առեւանգուին իր եղբայրն ու հայրը, որ իր ձեռքով կը սպաննէ իր զաւակը, որպէսզի ան չտառապի թուրքերու կողմէ չարչարուելով:

 

 

Գեւոնեան ցուցադրուող իւրաքանչիւր պատկերին մասին փոխանցեց մանրամասն տեղեկութիւններ, զորս ինք պրպտած, հաւաքած, համադրած ու աւելցուցած է Օրօրա Մարտիկեանի կողմէ պատմուած եւ օրին` 1918-ին «Ռաւիշտ Արմենիա» («Յօշոտուած Հայաստան») խորագիրով հրատարակուած գիրքի տեղեկութիւններուն: Գեւոնեան այցելած ու պրպտած է մէկէ աւելի գրադարաններ ու նկարչական կեդրոններ` յաւելեալ տեղեկութիւններ պրպտելով Օրօրայի կեանքին ու հայկական ջարդերու ընթացքին տիրող պայմաններուն մասին: Անոր այս քայլին գլխաւոր խթան հանդիսացած է ֆրանսական Անկելոմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող տարեկան գիրքի եւ շարժապատկերի ցուցահանդէսը: Գեւոնեան կ՛այցելէ Անկելոմի այս ցուցահանդէսին: Շրջանի քաղաքապետը ծագումով հայ Ժան Մարտիկեանը եղած է (որ հանգստեան կոչուելէ ետք իր անունը փոխած է Խաչիկ Մարտիկեանի): Գեւոնեան կը նպատակադրէ հայ թէ օտար հանրային կարծիքին ծանօթացնել Օրօրա Մարտիկեանի ապրած տառապանքներն ու այդ ճամբով հայութեան ապրած արհաւիրքը` ջարդի շրջանին:

Անդրադառնալով Օրօրա Մարտիկեանի կեանքին եւ առհասարակ այդ օրերուն ջարդերու ահռելի պայմաններուն, ժապաւէնին մասին Գեւոնեան յայտնեց, որ անիկա պատրաստուած է հիմնուելով Օրօրայի պատմած տեղեկութիւններուն վրայ: Ամերիկացի լրագրող Հենրի Կէյց թարգմանաբար կ՛իմանայ Օրօրայի ապրած ահռելի պայմաններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս ան յաջողած է փախչիլ եւ հասած Էրզրում, ուր յոյներու օգնութեամբ կը փրկուի եւ 1917-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը փնտռէ նախապէս գործով հոն հասած իր հօրեղբայրը: Օրօրայի կեանքին ընդմէջէն, ամերիկեան հանրային կարծիքը կը տեղեկանայ Հայաստանի մէջ պատահած ջարդերուն մասին, եւ հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ կը ստորագրեն հայերու օգնութեան կոչեր: Գնդապետ Ուիլիըմ Սելիկ կ՛առաջարկէ Օրօրայի հեղինակած «Ռավիշտ Արմենիա» գիրքը վերածել շարժապատկերի ու առ այդ 250 հազար տոլար կը նուիրէ: Շարժապատկերին մէջ Օրօրա կը կատարէ իր դերը, իր ապրած ջարդի տեսարանները, նմանապէս եւ դեսպան Հենրի Մորկընթաու, որ հայկական ջարդերուն մասին գրած է «Կապոյտ գիրք»-ը: Շարժապատկերին մէջ դեր կը ստանձնեն տասը հազար անձեր, որոնցմէ 200-ը` ջարդերէն ճողոպրած որբեր: Օրօրա շարժապատկերին մէջ հարազատօրէն կը խաղայ իր ապրած տառապանքներուն դերը, թէ ինչպէ՛ս ինք երեք անգամ ծախուած է 85 սենթի` ջարդերուն ընթացքին: Շարժապատկերի ցուցադրութեան կարճատեւ դադարներուն ընթացքին Օրօրա անձամբ հանդիսատեսներուն կը պատմէ շարժապատկերի կարգ մը տեսարաններուն մանրամասնութիւնները, օրինակ` խաչեալ հայուհիներու տեսարանին գծով կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս զիրենք փոխադրող քիւրտ-թուրք ջարդարարները երբ երեկոյեան քաղաքի դռները փակ կը տեսնեն, հոն գտնուող 16 խաչերու վրայ կը խաչեն հայուհիները, եւ ինք ողջ կը մնայ պարզապէս, որովհետեւ զինք խաչելու համար խաչ չէր մնացած, 30 միլիոն տոլարի յոյսով պատրաստուած մինչեւ 1930 շարժապատկերը կ՛ապահովէ 117 միլիոն տոլարի հասոյթ, որուն միջոցով նոր հայ որբեր կ՛ազատագրուին: Շարժապատկերէն կը հանուին 41 տեսարաններ, որովհետեւ ամերիկեան գրաքննութիւնը չի հաւատար, թէ իրական կեանքին մէջ նման ջարդեր կրնան պատահած ըլլալ` առարկելով, որ ամերիկեան ֆիլմաշխարհի պաստառներուն վրայ նման վայրագ տեսարաններ չեն պարզուած երբեք: Քաջալերուած ամերիկեան շրջանակներուն մօտ շարժապատկերին ստեղծած հայանպաստ մթնոլորտէն ու զօրակցութեան տրամադրութիւններէն` շարժապատկերը կը ցուցադրուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս` կեդրոնական եւ հարաւային ամերիկաներ, Բրիտանիա եւ այլն:

Խօսելով Օրօրայի եւ անոր մասին պատմող շարժապատկերին յաջորդական հանգրուաններուն մասին` Գեւոնեան յայտնեց, որ 1923-ին Թուրքիոյ հետ կնքուած համաձայնութեան բերումով (Լոզան) գրադարաններէն կը վերցուին Օրօրա Մարտիկեանի «Ռավիշտ Արմենիա» խորագրեալ գիրքը: Սակայն տասնամեակ մը ետք` 1934-ին գիրքը կը վերահրատարակուի 360 հազար տպաքանակով:

«Իմ կեանքիս նպատակը դարձուցի աշխարհին ծանօթացնել Օրօրա Մարտիկեանը, եւ կը կարծեմ, որ մասամբ յաջողեցայ, որովհետեւ վերջերս Օրօրայի անունով մէկ միլիոն տոլարի մրցանակ հաստատուած է», ընդգծեց Գեւոնեան: Ան ցաւ յայտնեց Օրօրայի կեանքի դժբախտ վերջաւորութեան համար, երբ ան իր ծերութեան օրերուն «Արարատ հոմ» կը փոխադրուի իր զաւկին կողմէ ու եօթը տարի ետք կը մահանայ եւ կը թաղուի անշուք` 2099 դիակներու կողքին, փոսի մը մէջ:

Աւարտին ան անդրադարձաւ ներկաներու հարցումներուն եւ ի պատասխան «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք այս գիրքը հասա՞ծ է Թուրքիա եւ շարժապատկերը հոն ցուցադրուա՞ծ է` Գեւոնեան յայտնեց, թէ ինք փորձած է, բայց չէ յաջողած:

Ան պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց շարժապատկերը ցուցադրելու նաեւ Թուրքիոյ մէջ, եթէ այս գծով առաջարկ ներկայացուի: Ան հաստատեց միաժամանակ, թէ թուրքեր տեղեակ են գիրքէն ու ժապաւէնէն` Գերմանիոյ մէջ գտնուող թուրքերու միջոցով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.