Քղիի Հայկական Ս. Գէորգ Եկեղեցին պիտի վերանորոգուի


Պինկէօլի Կուսակալութեան կողմէ յայտարարուեցաւ որ քաղաքի նախկին բնակավայրերէն Քղիի մէջ գտնուած Չանաքճը գիւղի Հայկական Եկեղեցին Էրզրումի Մշակոյթի եւ Բնական Գոյացութիւնները Պահպանելու Յանձնախումբին կողմէ առնուած որոշումով ամենակարճ ժամանակի ընթացքին վերանորոգութեան պիտի ենթարկուի։

Քղիի Հայկական եկեղեցին որ կը կոչուի Ս. Գէորգ Եկեղեցի, 250 տարուան անցեալ ունի։ Յիշեալ եկեղեցին որ տասնամեակներէ ի վեր անխնամ մնացած է, աւերակի վերածուած է։ Չանաքճը գիւղի Թաղապետը՝ Մէհմէտ Ասալ յայտնեց որ այս եկեղեցին եթէ վերանորոգութեան չենթարկուի, բոլորովին փուլ պիտի գայ եւ մերձակայ բնակարաններու ալ վնաս պիտի պատճառէ, ուստի պէտք է շուտով միջոցներ ձեռք առնել այս եկեղեցին իր նախկին ձեւին վերադարձնելու համար։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.