Հայ Եւ Անգլիացի Հնագէտներ Կ՛ուսումնասիրեն Ծղուկ Լերան Ժայռապատկերները


16 Յուլիսին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, հայ-անգլիական միացեալ արշաւախումբի հայկական կողմի ղեկավար, հնագէտ-արուեստաբան, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկութեան կրտսեր գիտաշխատող Աննա Խեչոյեան եւ գիտաշխատող Պորիս Գասպարեան յայտնեցին, որ 2008էն ի վեր, միացեալ այս խումբը կ՛ուսումնասիրէ Ծղուկ լերան ժայռապատկերները:

Աննա Խեչոյեան տեղեկացուց, որ ժայռապատկերների ուսումնասիրութեան աշխատանքները սկսած են 2002ին, Հայաստանի եւ Արցախի բազմաթիւ շրջաններու մէջ:

«Ծղուկի ժայռապատկերների թիւն անցնում է 1000ից: Եղել են ուսումնասիրութիւններ նաեւ Սիւնիքում եւ Գեղամայ լեռներում, սակայն ուսումնասիրութիւնները եղել են մասնակի, իսկ հիմա ընդգրկում ենք տարբեր մասնագէտների, հնագէտների, ովքեր պատասխանատու կը լինեն տուալ ինֆորմացիայի յստակ մատուցման համար», ըսած է ան:

Հնագէտը նշած է, որ ժամանակագրութեան առումով կան 12րդ հազարամեակի ժայռապատկերներ ու փորագրութիւններ, ընդգծելով, որ ուսումնասիրութեան ընթացքին ամէնէն բարդ խնդիրներէն մէկը պատկերի նշանակութիւնը պարզելն է, որովհետեւ անոնք տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր նշանակութիւն կրնան ունենալ:

Յայտնաբերուած պատկերները բազմազան են՝ կենցաղայինէն մինչեւ դիցաբանական:
Աննա Խեչոյեան նշեց, որ աւարտած է Ծղուկի աշխատանքներու առաջին փուլը, իսկ երկրորդ փուլի աշխատանքներուն պիտի մասնակցին նաեւ երկրաբաններ, որոնք շերտագրական ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարեն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.