Վեհափառ Հայրապետը Թելադրեց «Թռչնոց Բոյն»-ի Գերեզմաններու Փոխադրութեան Ծրագիրը Առկախել


Aztag – «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեան  13 յուլիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Վանայ ձայն»-էն ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Թռչնոց բոյն»-ի թանգարանի բացման հանդիսութեան եւ «Թռչնոց բոյն»-ի մերձակայքը գտնուող որբերու գերեզմանները փոխադրելու եւ  հաւաքական գերեզմանի մը մէջ ամփոփելու հարցին մասին: Այս առնչութեամբ Դիմատետրի վրայ, լիբանանեան եւ հայկական մամուլին մէջ յատկապէս վերջին շրջանին մտահոգութիւն արտայայտուած էր եւ դրսեւորուած էր տեսակէտ` որբերու այդ գերեզմանները պահելու ինչպէս որ է:

Սեդա Խտըշեան հաստատեց, որ այս մթնոլորտէն մեկնած եւ այս զարգացումներուն լոյսին տակ որոշուած է առկախել գերեզմանատուներու փոխադրութեան ծրագիրը: «Այս կացութեան դիմաց վեհափառ հայրապետը` լսելով այս բոլորը, թելադրեց խնամակալութեանս, որ Մամային (Մարիա Ճէյքըպսըն որբերուն կողմէ Մամա կոչուած է իրենց նկատմամբ ցուցաբերած երկար տարիներու խնամքին համար) շուրջի գերեզմաններու փոխադրութեան ծրագիրը առկախենք, պարզապէս որպէսզի մենք առիթ ունենանք աւելի լայն բացատրութիւն տալու մեր ժողովուրդին, աւելի հանդարտ մթնոլորտ ստեղծելու, որպէսզի հարցը աւելի լայն շրջագիծի մէջ քննարկուի: Այս է, պարզ եւ յստակ», հաստատեց Սեդա Խտըշեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.